Իսթանպուլի կուսակալէն «դպրոցները միացուցէք» առաջարկը

•

Հայկական դպրոցներու տնօրէններն ու պատասխանատուները հանդիպում ունեցան Իսթանպուլի կուսակալ Տաւութ Կիւլի հետ։ Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, կուսակալ Կիւլ խոստացած է հայկական դպրոցական շէնքերու երկրաշարժի դէմ ամրապնդման համար նախագծի գծագրութեան ծախսին կէսը կուսակալութեան կողմէ հոգալ եւ թղթաբանական գործընթացները արագացնել։ Հանդիպման ընթացքին կուսակալ Կիւլ դպրոցներու միացման ուղղութեամբ խորհուրդներ տուաւ։

Իշխան Էրտինչ

Սեպ­տեմբեր 28-ին, Եր­կուշաբ­թի օր, Հաս­տա­լի մէջ գտնո­ւող Աղէտ­նե­րու Շտապ Կա­ցու­թեան Տնօ­րէնու­թեան դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ԱՔՓ-ի Իս­թանպու­լի երես­փո­խան Տոց. Տոքթ. Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լո­ւի կող­մէ։ Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Կու­սա­կալ Կիւ­լը, Իս­թանպու­լի փոխ-կու­սա­կալ­ներ Մուսթա­ֆա Ասըմ Ալ­քան, Տոքթ. Ահ­մէտ Սիւ­հէյլ Իւ­չէր, Էլիֆ Ճա­նան Թունճէր, Իս­թանպու­լի Ազ­գա­յին Կրթու­թեան տնօ­րէն Տոց. Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Եեն­թիւր, Վա­քըֆ­նե­րու 1-ին Շրջա­նի Տնօ­րէն Եաւուզ Կիւ­նէր, Վա­քըֆ­նե­րու 2-րդ Շրջա­նի Տնօ­րէն Արիֆ Էօզ­սոյ, Իս­թանպու­լի AFAD-ի տնօ­րէն Տոց. Հա­լուք Էօզէ­ներ, Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ եւ ԷՐ­ՎԱՊ-ի նա­խագահ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, եկե­ղեցա­կան թա­ղակա­նու­թիւննե­րու ատե­նապետ­նե­րը ու վա­րիչ­նե­րը, ինչպէս նաեւ հայ դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը։ Հան­դիպման բաց­ման խօս­քին Տա­ւութ Կիւլ ըսաւ թէ հայ հա­մայնքին հար­ցե­րը լսե­լու եւ լու­ծում փնտռե­լու հա­մար հա­ւաքո­ւած են։

ԷՐ­ՎԱՊ-ի նա­խագահ Շի­րինօղ­լու ըսաւ թէ դպրոց­նե­րը ֆի­նան­սա­կան դժուարու­թիւննե­րու մէջ են, եւ թէ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ 2 հա­զար 500 աշա­կերտ կ’ու­սա­նին։ Շի­րինօղ­լու նշեց թէ 15 դպրոց բաց է ու այս թի­ւը շատ է եւ թէ դպրոց­նե­րը պէտք է միացո­ւին։ Ապա աւել­ցուց թէ դպրոց­նե­րէն ոմանք երկրա­շար­ժի դէմ վտան­գա­ւոր վի­ճակի մէջ են։ Ժո­ղովին նաեւ հաս­տա­տու­թիւննե­րու խնդրանքներն ու պա­հանջնե­րը լսո­ւեցան կու­սա­կալու­թեան կող­մէ։

Կու­սա­կալու­թե­նէն գծագ­րութեան ծախ­սին նիւ­թա­կան
օժան­դա­կու­թիւն

ԷՐ­ՎԱՊ-ի հան­դի­պու­մէն ետք կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն, դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը ընդհա­նուր առ­մամբ յա­տուկ խնդիր մը չեն ներ­կա­յացու­ցած։ Անոնք պա­հան­ջած են որ թրքե­րէնի ու­սուցիչ­նե­րուն եւ փոխ տնօ­րէն­նե­րուն պաշ­տօ­նավա­րու­թեան ժամ­կէտնե­րը 2015-ի կա­նոնագ­րութեան հա­մաձայն որո­շուին։ 2015 Յու­լիս 4-ին Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը փոք­րա­մաս­նութեան դպրոց­նե­րուն թրքե­րէնի ու­սուցիչ ընտրե­լու իրա­ւունք տո­ւած էր։ Հինգ տա­րուան ծա­ռայու­թեան ժամ­կէ­տը լրա­ցու­ցած թրքե­րէնի կամ թրքա­կան մշա­կոյ­թի դա­սերու նոյն ու­սուցի­չով ու­սուցու­մը շա­րու­նա­կել ու­զող, կամ այլ ու­սուցիչ­ներ աշ­խատցնել ու­զող դպրոց­նե­րու գրած դի­մումնա­գիրը կու­սա­կալու­թեան հաս­տատման կը ներ­կա­յաց­նէին։ Դպրո­ցին վար­չութեան կող­քին հա­մապա­տաս­խան ու­սուցիչն ալ դի­մումնա­գիր կը ներ­կա­յաց­նէր։ Սա­կայն 2025 Յու­նո­ւար 3-ի Պաշ­տօ­նական Թեր­թին մէջ հրա­տարա­կուած «Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան մաս­նա­ւոր ու­սուցման հաս­տա­տու­թիւննե­րու կա­նոնագ­րութեան մէջ փո­փոխու­թիւն կա­տարե­լու մա­սին կա­նոնագ­րութիւն»ով փոք­րա­մաս­նութեան եւ օտար դպրոց­նե­րուն առնչուող փո­փոխու­թիւններ կա­տարուած էին։ Կա­նոնագ­րութեան մէջ տեղ գտած էր հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Թրքե­րէնի եւ Թրքա­կան Մշա­կոյ­թի Դա­սերու Ու­սուցիչ­նե­րուն Մա­սին Օրէն­քի դրու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, առա­ւելա­գոյ­նը 5 տա­րի ժամ­կէ­տով կու­սա­կալու­թեան կող­մէ կը նշա­նակո­ւին։ Անոնցմէ մին կու­սա­կալու­թեան կող­մէ տնօ­րէնի առա­ջին օգ­նա­կան կը նշա­նակո­ւի»։ Այս փո­փոխու­թեամբ Նա­խարա­րու­թիւնը 2012-ի կի­րար­կումին վե­րադառ­նա­լու որո­շում առած էր։ Փո­փոխու­թիւնը փոք­րա­մաս­նութեան դպրոց­նե­րուն հա­մար անակնկալ եղած էր։ ԷՐ­ՎԱՊ-ի յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն, հան­դիպման ըն­թացքին խօսք առած թա­ղակա­նու­թիւննե­րու ատե­նապետ­ներն ալ ըսած են թէ որե­ւէ խնդիր չու­նին, միայն թէ պատ­մա­կան յու­շարձան հա­մարո­ւող դպրոց­նե­րու դի­մումնե­րուն Յու­շարձան­նե­րու Խոր­հուրդը ուշ կը պա­տաս­խա­նէ։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, հան­դիպման ըն­թացքին հիմ­նարկնե­րու վար­չութիւննե­րը նշած են թէ վա­քըֆ­նե­րէն գան­ձո­ւող ան­շարժ գոյ­քի հար­կե­րը բարձր գու­մարներ են։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, դպրո­ցական շէն­քե­րու երկրա­շար­ժի դէմ ամ­րապնդման հա­մար նա­խագ­ծի գծագ­րութեան գու­մա­րին կէ­սը կու­սա­կալու­թեան կող­մէ պի­տի հո­գացո­ւի։

«Վարձքի գու­մարնե­րը
վե­րագ­նա­հատո­ւին»

Հան­դիպման ըն­թացքին ԷՐ­ՎԱՊ-ի Երկրա­շար­ժի Յանձնա­խումբի պետ եւ Եէշիլ­քէօյի Սուրբ Ստե­փան­նոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ան­դամ Գէորգ Էօզ­քա­րաքէօզ դպրո­ցական շէն­քե­րու երկրա­շար­ժի դի­մադ­րութեան մա­սին ման­րա­մասն ներ­կա­յացում կա­տարեց։ Վա­քըֆ­նե­րու 1-ին Շրջա­նի Տնօ­րէն Եաւուզ Կիւ­նէր հիմ­նարկնե­րու գո­յացան­կին մէջ գտնո­ւող կա­լուած­նե­րու վարձքի գու­մարնե­րուն առնչու­թեամբ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ։ Կիւ­նէր ըսաւ թէ կա­տարած ստու­գումնե­րուն մէջ որոշ ան­շարժ կա­լուած­նե­րու վարձքի գու­մարնե­րուն ներ­կայ շու­կա­յական ար­ժէքնե­րէն ցած մնա­ցած ըլ­լա­լը հաս­տա­տած են, եւ թէ վարձքի գու­մարնե­րը ներ­կայ գի­ներուն հա­մաձայն վե­րագ­նա­հատո­ւելու են։ Կիւ­նէր խոր­հուրդ տո­ւաւ որ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ որո­շուած երեք փոր­ձա­գիտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րէն որե­ւէ մէ­կէն նոր փոր­ձա­գիտա­կան տե­ղեկա­գիր առ­նո­ւի, եւ վարձքի գու­մարնե­րը ներ­կայ ար­ժէքնե­րուն հա­մաձայն վե­րանա­յուին։ Կու­սա­կալ Կիւլ, փակ­ման խօս­քին մէջ, ըսաւ թէ աշա­կերտնե­րու թի­ւը քիչ եղող դպրոց­նե­րը եւ երկրա­շար­ժի դէմ վտան­գա­ւոր վի­ճակի մէջ գտնո­ւող դպրոց­նե­րը երկրա­շար­ժի դէմ դի­մաց­կուն դպրոց­նե­րու հետ պէտք է միանան, եւ թէ ասի­կա անվտան­գութեան եւ տնտե­սական տե­սան­կիւնէ կարեւոր է։

https://www.agos.com.tr/am/news/istanbvwli-gvwsagalen-tbrvtsnyri-miatsvwtsek-aracheargi-42035

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ