Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Օգոստոս 16ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քեսապահայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զանազան նահանգներէն եւ այլ վայրերէ ժամանած հաւատացեալներու ներկայութեան մատուցուեցաւ Ս. պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր առաջնորդ սրբազան հայրը։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Քեսապի դպրաց դասը։ Սրբազան հօր առընթերականերն էին Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան եւ Արմէն վրդ. Գալաճեան։
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ «Աստուծոյ մայր» կոչումը ստանալով՝ բարձրագոյն պատիւի արժանացաւ Աստուծոյ կողմէ, երբ իր մէջ կրեց մարմնացեալ Աստուածը՝ խոստացուած Փրկիչը, որ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի փրկէր եւ մեղքերու քաւութիւն պիտի տար։ Ան նշեց, թէ Հայ եկեղեցին եւս իր ծէսին, շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ կը մեծարէ Աստուածամայրը, որ կը հանդիսանայ արդարութեան արեգակին արեւելքը։
Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ուխտաւոր ժողովուրդին հոծ ներկայութեան համար։ Ան գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչը, եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, Տիկնանց յանձնախումբը, դպրապետը եւ դպրաց դասը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար, նաեւ շնորհաւորեց Մարիամ Աստուածածինի անուան հետ առնչութիւն ունեցող անուններով հայորդիները։
Աւարտին, ՀՄԸՄի սկաուտները հաւատացեալներուն նուիրաբերած խաղողը բերին եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տօնական մթնոլորտի մէջ սրբազան հօր ձեռամբ Խաղողօրհնէք կատարուեցաւ։




Leave a Reply