Հերթը հասաւ Խորհրդարանի վաւերացման

Գոր­ծընթա­ցին դի­մադ­րող միակ քա­ղաքա­կան ուժն է «Իյի» կու­սակցու­թիւնը, որ մեծ ջանք կը վատ­նէ գրգռիչ ելոյթնե­րով խա­փանե­լու հա­մար շա­րու­նա­կուող գոր­ծընթացը։

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տի ամե­նափխրուն նիւ­թե­րէն մէկն է քրտա­կան ապստամ­բութեան դէմ զի­նադա­դարի գոր­ծընթա­ցը։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի նիւ­թը առա­ջին ար­ծարծո­ղը եղած էր Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան պետ Տեվ­թել Պահ­չե­լին՝ յայ­տա­րարե­լով թէ ապստամ­բութեան պետ Ապ­տուլլահ Էօճա­լան պէտք է օգ­տո­ւի յոյ­սի իրա­ւունքէն, պաշ­տօ­նազրկո­ւած քա­ղաքա­պետ­ներ Ահ­մետ Թիւրք եւ Ահ­մետ Էօզէր վե­րատի­րանան իրենց պաշ­տօննե­րուն եւ քաղ­բանտար­կեալ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ վե­րադառ­նայ տուն։

Անսպա­սելի այս ելոյ­թը բնա­կանա­բար ու­նե­ցաւ հե­տեւանքներ եւ Իմ­րա­լը Կղզիի մէջ Էօճա­լանի հետ բա­նակ­ցութիւննե­րէ ետք այս վեր­ջի­նը հրա­պարա­կաւ յայ­տա­րարեց Քիւրտիս­տա­նի Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թեան լու­ծարկու­մը։

Յա­ջոր­դեց զի­նեալ կու­սակցու­թեան իրենց զէն­քե­րը ոչնչաց­նե­լու խորհրդան­շա­կան արա­րողու­թիւնը։

Այս բո­լորին զու­գա­հեռ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի կու­սակցու­թիւննե­րէն շա­տերուն մաս­նակցու­թեամբ կազ­մո­ւեցաւ յանձնա­խումբ մը։ Այդ յանձնա­խումբի պատ­րաստած յա­տուկ օրէն­քի նա­խագի­ծը 5 Օգոս­տոս չո­րեք­շաբթի օր ներ­կա­յացո­ւեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանին։ Նա­խագի­ծը առա­ջին ստո­րագ­րողնե­րէն Տեվ­թել Պահ­չե­լի այս առ­թիւ կրկնեց իր սոյն գոր­ծընթա­ցի մեկ­նարկման առիթ տո­ւող խօս­քե­րը ըսե­լով. «Ապ­տուլլահ Էօճա­լան պէտք է օգ­տո­ւի յոյ­սի իրա­ւունքէն, պաշ­տօ­նազրկո­ւած քա­ղաքա­պետ­ներ Ահ­մետ Թիւրք եւ Ահ­մետ Էօզէր վե­րատի­րանան իրենց պաշ­տօննե­րուն եւ քաղ­բանտար­կեալ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ վե­րադառ­նայ տուն»։

Գոր­ծընթա­ցին դի­մադ­րող միակ քա­ղաքա­կան ուժն է «Իյի» կու­սակցու­թիւնը, որ մեծ ջանք կը վատ­նէ գրգռիչ ելոյթնե­րով խա­փանե­լու հա­մար շա­րու­նա­կուող գոր­ծընթացը։

https://www.agos.com.tr/am/news/hyrti-hasaw-khvrhrtarani-vawyratsman-41429

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ