Երկանեան ընտանիքի աւանդը “Նուրսանլար հոլտինկ”-ի յաջողութեան մէջ

Իսթանպուլի Արդիւնաբերական պալատը (ԻՍՕ) հրապարակեց «Թուրքիոյ 500 մեծագոյն արդիւնաբերական ընկերութիւններ – 2025» ցանկը։ Այդ ցանկին մէջ «Նուրսան ընտ եարտըմճը սանայի վէ թիճարէթ» ընկերութիւնը (Նուրսանլար հոլտինկ) այս տարի գրաւէց 135րդ տեղը, շուրջ 61 կէտով բարելաւելով իր դիրքը. 2024ի ցանկին մէջ «Նուրսանլար»ը 196րդ կարգի վրայ էր։ Այս յառաջխաղացումը կը վկայէ արտադրութեան տարողութեան, շրջանառութեան ու մրցունակութեան զգալի բարգաւաճման մասին։

Յատկանշական է որ «Նուրսանլար հոլտինկ»ի բաժնետէրերէն մէկն է ազգային բարերար Արէտ Երկանեան եւ Երկանեան ընտանիքը, որ երկար տարիներէ ի վեր իր ներդրումն ու մասնակցութիւնը կը բերէ ընկերութեան զարգացման ու կառավարման աշխատանքներուն։ Ընտանիքի ներկայութիւնը արժանի է առանձնայատուկ գնահատանքի, մանաւանդ երբ ընկերութիւնը տարուէ տարի կը բարձրացնէ իր դիրքերը՝ երկրի ամենամեծ արտադրական ընկերութիւններու շարքին։

«Նուրսանլար հոլտինկ»ը Թուրքիոյ ինքնաշարժի արդիւնաբերութեան կարեւոր մատակարարներէն մէկն է, հիմնուած է 1980ին, կը միաւորէ քանի մը ընկերութիւններ որոնք կը զբաղին մետաղական բաղադրիչներու, ելեկտրական մալուխային համակարգերու, չափիչ սարքերու եւ արդիւնաբերական այլ արտադրատեսակներու արտադրութեամբ, իսկ վերջին տարիներուն իր գործունէութիւնը ընդլայնած է նաեւ շինարարութեան ոլորտին մէջ։

https://www.normarmara.com/020726lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ