Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր երկաթուղային կապի շինարարութիւնը կը շարունակուի

Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով «Anka» գործակալութիւնը։

Նախագիծը, որուն նպատակն է Թուրքիան ուղղակիօրէն կապել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի հետ, ներկայիս կ՚իրականացուի երկու մեծ շինարարական վայրերու մէջ՝ շուրջ 1200 աշխատակիցներու մասնակցութեամբ։ Ըստ հաղորդումներուն, աշխատանքները կեդրոնացած են փապուղիներու փորման եւ կամուրջներու հենարաններու կառուցման վրայ։

Թրքական կողմը այս ծրագիրը կը ներկայացնէ իբրեւ խոշոր ռազմավարական ներդրում, որ Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջոցով պիտի կապէ միջազգային շուկաներուն՝ տարածաշրջանը վերածելով տարանցիկ կարեւոր կեդրոնի։

Երկաթուղիի շահագործումէն ետք, Կարսէն մինչեւ Տիլուճու՝ Նախիջեւանի սահման, ճանապարհորդութեան տեւողութիւնը նախատեսուած է կրճատել մինչեւ 85 վայրկեան։ Կը նախատեսուի նաեւ, որ փոխադրուող բեռներու ծաւալը հասնի տարեկան 15 միլիոն թոնի, իսկ սպասարկուող ուղեւորներու թիւը՝ 5.5 միլիոնի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ