Շնորհանդէս թթենիի շուքին տակ

Հե­­ղինա­­կի փա­­փաքին ըն­­դա­­­ռաջե­­լով այս մի­­ջոցառ­­ման ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ թեր­­թիս հա­­յերէն էջե­­րու խմբա­­գիր Բագ­­րատ Էս­­դուգեան։

Փան­­կալթը թա­­ղի հան­­րա­­­ծանօթ գրա­­խանու­­թը «Նոս­­թալժի» իր գո­­յու­­թիւնը պա­­հելու հա­­մար հար­­կադրո­­ւեցաւ ցու­­ցա­­­փեղ­­կին վրայ աւե­­լաց­­նել «Սրճա­­րան» կո­­չու­­մը եւս։

Շնոր­­հիւ գրա­­դարան­­նե­­­րու բո­­լոր գիր­­քե­­­րու մա­­սին յա­­ճախորդնե­­րուն լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­լու կա­­րողու­­թիւնով օժ­­տո­­­ւած գրա­­սէր սե­­փակա­­նատի­­րոջ՝ պա­­րոն Սիւ­­հա­­­յի եւ այդ եր­­դի­­­քի տակ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած բա­­զում մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու, գրա­­խանու­­թը ար­­ժա­­­նի է նաեւ մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րոն կո­­չու­­մին։

Ցարդ բա­­զում բա­­նախօ­­սու­­թիւններ, բա­­նելա­­յին զրոյցներ կամ ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րու բե­­մահար­­թակ հան­­դի­­­սացող գրա­­խանու­­թի մէջ 20 Յու­­նիս շա­­բաթ երե­­կոյեան տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ նաեւ մեր բա­­րեկամ Այ­­տըն Քաշ­­քա­­­լի վեր­­ջին վէ­­պի շնոր­­հանդէ­­սը։

Քաշ­­քալ այս վէ­­պով կը փոր­­ձէ իր ծննդա­­վայր Շա­­պին­­քա­­­րահի­­սարի եր­­բեմնի բազ­­մազգի բնակ­­չութիւ­­նը յիշել իբ­­րեւ պա­­տու­­մի հե­­րոս ընտրե­­լով երեք ըն­­կերներ՝ Գառ­­նի­­­կը, Գա­­րեքի­­նը եւ Ահ­­մե­­­տը։

Անոնց ման­­կութեան ըն­­կե­­­րու­­թիւնը տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով խո­­րացած է որու յի­­շատա­­կին, որո­­շած են այդ մտեր­­մութիւ­­նը խորհրդան­­շել իրենց ձեռ­­քով իսկ տնկած թթե­­նիով։ Հնա­­զան­­դած են կա­­տարո­­ւած խոր­­հուրդնե­­րուն եւ հա­­սած են հայ պար­­տիզպա­­նի մը մօտ, որ իրենց խոր­­հուրդ տո­­ւած է թթե­­նիի տունկ մը ճա­­րել, որուն արագ աճու­­մին ակա­­նատես պի­­տի ըլ­­լան եւ ապա պի­­տի վա­­յելեն անոր զո­­վաշունչ շու­­քը։ Պա­­տու­­մի շա­­րու­­նա­­­կու­­թեան մէջ ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք պա­­տերազմնե­­րու, որոնք լրիւ կը փո­­խեն բնօր­­րա­­­նի ան­­դորրը։ Բնիկ­­ներ տե­­ղահան կ՚ըլ­­լան եւ իրենց կը փո­­խարի­­նեն եկո­­ւոր գաղ­­թա­­­կան­­ներ։

Հե­­ղինա­­կի փա­­փաքին ըն­­դա­­­ռաջե­­լով այս մի­­ջոցառ­­ման ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ թեր­­թիս հա­­յերէն էջե­­րու խմբա­­գիր Բագ­­րատ Էս­­դուգեան։ Ան նշեց թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թեան մէջ երկրի մօտ ան­­ցեալի ամե­­նակա­­րեւոր վե­­րիվայ­­րումնե­­րուն ան­­տե­­­սու­­մի տա­­րօրի­­նակ երե­­ւոյ­­թը։ «Մէկ կող­­մէն բնիկ ժո­­ղովուրդներ ցե­­ղաս­­պա­­­նուե­­ցան, բնակ­­չութեան փո­­խանա­­կու­­մի ծրա­­գիր­­նե­­­րով վտա­­րուե­­ցան իրենց բնօր­­րա­­­նէն եւ փո­­խադար­­ձա­­­բար բազ­­մա­­­թիւ ժո­­ղովուրդ ներ­­գաղթե­­ցին դար­­ձեալ ակա­­մայ լքե­­լով իրենց վա­­ղեմի հայ­­րե­­­նիքը։ Մարդկա­­յին բա­­զում ող­­բերգու­­թիւննե­­րու պատ­­ճառ դար­­ձած այս հո­­սան­­քին անդրա­­դար­­ձողնե­­րը բա­­ցառու­­թիւն կազ­­մե­­­ցին, որոնցմէ կա­­րելի է յի­­շել Եաշար Քե­­մալի կամ Քե­­մալ Թա­­հիրի անուննե­­րը։

Նոյնպէս շար­­ժանկա­­րը, թատ­­րերգու­­թիւնը եւս ան­­հա­­­ղորդ մնա­­ցին այս խիստ կա­­րեւոր ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն նկատ­­մամբ»։

Էս­­դուգեան ապա նշեց Շա­­պին­­քա­­­րահի­­սարի աշ­­խարհագ­­րա­­­կան դիր­­քը, որ կա­­րեւոր հանգրո­­ւան մը կը դառ­­նար բարձր Հայ­­քի տա­­րած­­քին դէ­­պի Պո­­լիս տա­­նող ճա­­նապար­­հի վրայ։ «Մար­­դիկ հե­­տիոտն կը հաս­­նին Շա­­պին­­քա­­­րահի­­սար, ապա Կե­­րասո­­նի նա­­ւահան­­գիստէն ծո­­վու ճամ­­բով կը հաս­­նին Պո­­լիս»։ Ան նաեւ նշեց սոյն քա­­ղաքի անո­­ւանի դէմ­­քե­­­րէն Զօ­­րավար Անդրա­­նիկը, Արա Կիւ­­լե­­­րի հայ­­րը՝ Տա­­ճատ Կիւ­­լե­­­րը։ Կարճ անդրա­­դար­­ձաւ Շա­­պին­­քա­­­րահի­­սարի դի­­մադ­­րութեան եւ ապա հա­­յաթափ­­ման։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը օժ­­տո­­­ւած էր նաեւ երաժշտա­­կան բա­­ժինով մը, ուր այս ան­­գամ ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամներ, այ­­սինքն հե­­ղինա­­կի խնա­­մին, հար­­սը եւ աներ­­ձա­­­գը սա­­զի ու կի­­թարի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ մեկ­­նա­­­բանե­­ցին ժո­­ղովրդա­­կան երաժշտու­­թե­­­նէ ընտրո­­ւած նմոյշներ։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը աւար­­տին հա­­սաւ ըն­­թերցող­­նե­­­րու գնած գիր­­քե­­­րու մա­­կագ­­րումով։

https://www.agos.com.tr/am/news/shnvrhantes-ttynii-shvwkin-dag-40970

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ