Պաշտօնապէս նուիրահաւաք մը սկսած է ի նպաստ Երեւանի սրտին մէջ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան գրադարանի ստեղծումին։
Գրադարանը, որ կը միտի յաւերժացնել ժամանակակից հայոց պատմութեան ականաւոր պատմագիրներէն՝ հանգուցեալ դոկտ. Յովհաննիսեանի կոթողային ժառանգութիւնը, մնայուն կերպով պիտի ներկայացնէ անոր կեանքի ընթացքին ամբարած աւելի քան 10,000 գիրքերու եւ հատորներու հաւաքածոն։
Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին հովիտին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքի մէջ ծնած Յովհաննէսեան իր կեանքի ուղին նուիրեց հայոց պատմութեան եւ դարձաւ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ աշխարհի տարածքին հայագիտութեան ռահվիրաներէն մէկը։ Ան հիմնադրեց եւ վարեց UCLA համալսարանի՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան (AEF) Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնը, որ յետագային վերանուանուեցաւ ի պատիւ իրեն։ Ան հեղինակեց չորս հատորէ բաղկացած իր գլուխ-գործոցը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը (The Republic of Armenia) եւ անմահացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը բազմաթիւ այլ գիրքերու, ինչպէս նաեւ բանաւոր պատմութեան ընդարձակ հաւաքածոյի մը միջոցով, որ այժմ կը գտնուի USC համալսարանի «Շօա» հիմնարկին մէջ։ Պատմական հայկական քաղաքներու եւ գաւառներու նուիրուած իր գիտաժողովներու շարքին ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները վերածուեցան հատորներու, որոնց մէջ պահպանուած են Արեւմտեան Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթն ու ոգին։

Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան գրադարանը նախատեսուած է իբրեւ միջազգային մակարդակի մշակութային եւ մտաւորական տարածք։ Երեւանի մէջ աշխատանքները արդէն իսկ թափով ընթացքի մէջ են․ մասնագէտներ եւ ցուցակագրողներ մանրակրկիտ կը դասաւորեն արխիւային հսկայական հաւաքածոն։ Մինչեւ տարեվերջ, այս հատորները պիտի տեղադրուին գեղեցիկ ձեւաւորուած սրահին մէջ՝ յատուկ պատրաստուած՝ յատակէն մինչեւ առաստաղ երկարող գրադարակներու վրայ։
Այս տարածքը պիտի ծառայէ իբրեւ հայագիտական եւ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու զարգացման կենսունակ կեդրոն՝ ներշնչելով գիտնականներու, մտածողներու եւ առաջնորդներու նոր սերունդները՝ կլոր սեղաններու, գիտաժողովներու եւ կրթական ծրագիրներու ամէնամեայ օրացոյցով։
Թէեւ Յովհաննէսեան ընտանիքը, քանի մը գործընկեր հայկական հաստատութիւններու հետ միասին, կը կրէ ծրագրին նախնական եւ շինարարական ծախսերու առիւծի բաժինը, սակայն համաշխարհային արշաւ մը սկսած է՝ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու, տարածքին վերջնական կահաւորումը, ընթացիկ արխիւային աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները ֆինանսաւորելու համար։

Սկսած ենք մեծ հօրս անունով հիմնել գրադարան մը, որ ոչ միայն պիտի յաւերժացնէ անոր ձգած ժառանգութիւնը, այլ նաեւ հայ նոր սերունդներուն առիթ պիտի տայ բացայայտելու մեր անցեալի գանձերը, ներշնչուելու եւ դէպի մեր ապագան սլանալու», նշեց դոկտ. Յովհաննէսեանի թոռ, Երեւանի մէջ ծրագրի իրականացման պատասխանատու՝ Կարին Յովհաննէսեան, որ նաեւ Creative Armenia-ի հիմնադիրն է։
Արշաւին՝ տուրքերէ զերծ (tax-deductible) նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել Creative Armenia-ի կայքէջը։




Leave a Reply