Ըստ ազրպէյճանցի պաշտօնատարի մը “Զանգեզուրի միջանցքի” իրագործումը կը շարունակուի

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրագործումը կը շարունակուի», յայտարարած է Ջաբրայիլի, Գուբադլիի եւ Զանգելանի շրջաններուն մէջ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Վահիտ Հաճիեւ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի պաշտօնատարը յայտարարած է. «Այս նախագիծի իրականացումը ոչ միայն Ազրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղղակի ցամաքային կապ պիտի ապահովէ, այլ նաեւ պիտի ստեղծէ միասնական օղակաձեւ երկաթուղային ցանց` տարեկան յաւելեալ 15 միլիոն թոն բեռ տարանցելու կարելիութիւն տալով Ազրպէյճանին»:

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Մենք ունինք նաեւ Զանգելանի միջազգային օդակայանը, ուր արդէն թռիչքներ կը կատարուին, ատիկա, անկասկած, երկիրը առաւել եւս գրաւիչ պիտի դարձնէ ներդրողներու եւ ձեռնարկութիւններու համար»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ