26 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S. Louise Street Glendale CA 91205) տեղի պիտի ունենայ «Ղարադաղ» հատորին ներկայացումը։
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող (RAA) հիմնարկին Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին կազմակերպած սոյն ձեռնարկին նպատակը ներկայացնելն է «Հայաստանի Պատմութիւն» 36 հատորեայ շարքին նշեալ վեցերորդ հատորը, որ լոյս տեսաւ Փետրուարին։ Անոր հեղինակներն են՝ Սամուէլ Կարապետեան եւ Էմմա Աբրահամեան։ Հատորը, որ հրատարակուած է Ժանեթ Միրզայեանի մեկենասութեամբ՝ կը ներկայացնէ Մեծ Հայքի Փայտակարան նահանգի Ղարադաղ գաւառի գիւղերուն պատմութիւնը եւ պատմաճարտարապետական յուշարձանները։ Հատորին նախահրատարակչական աշխատանքները կատարուած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, «Յովնանեան» ընտանեկան հիմնադրամին եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկին Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին աջակցութեամբ:
Հրատարակուած նախորդ հատորները նուիրուած են Հայոց Ձորին, Սալմաստին, Արծկէին, Մռավականքին եւ Խնուսին։
Ոչ-հասութաբեր RAA հիմնարկին նպատակը գիտական արշաւներու միջոցով պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքին եւ պատմական գաղթավայրերուն մէջ հայկական նիւթական մշակոյթի յուշարձանները փնտռելը եւ գտնելը, վաւերագրելը եւ ուսումնասիրելն է:
26 Ապրիլի ներկայացումին մուտքը ազատ է եւ պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն մը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել raa-usa.org կայքը։




Leave a Reply