Սահակ Բ. կաթողիկոս Քեսապի մէջ. Սահակեան եւ աղջկանց դպրոցներու կառուցում

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան, Կիլիկիոյ աղէտահար ժողովուրդին հովուական այցելութեան ճամբուն վրայ 1909-ի ամրան Քեսապ հասնելով ժողովրդային փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ:

Զանգահարութեամբ, խաչով, խաչվառով, Աւետարանով, խունկով ու մոմով, քահանաներու առաջնորդութեամբ եւ հազարաւոր հաւատացեալներով շրջապատուած, կաթողիկոսը առաջնորդուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Կանոնական աղօթքէ եւ ժամերգութենէ ետք վեհափառը հոգեշունչ քարոզով գօտեպնդեց ժողովուրդը եւ յորդորեց ամուր կառչած մնալ իր ինքնութեան, հաւատքին եւ հայրենի հողին:

Կաթողիկոսը այցելեց նաեւ բողոքականներու եկեղեցին եւ հոն ալ աղօթեց ու քարոզեց ժողովուրդին:

Կաթողիկոսին ընկերակցելու համար Լաթաքիայէն Քեսապ հասաւ Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան:

* * *

Վեհափառէն խնդրուեցաւ շնորհաբաշխ այցելութեամբ մը բարեհաճիլ պատուել նաեւ Գալատուրանի հովիտին հայութիւնը:

Սահակ Բ. կաթողիկոս, Գիւտ ծայրագոյն վարդապետ Մխիթարեան, Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան, Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեան, Քեսապի հովիւ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան, Գալատուրանի հովիւ Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան, թաղականներ եւ մեծաթիւ ժողովուրդ ձիերով, էշերով եւ հետիոտն ճամբայ ելան դէպի Գալատուրան: Հովիտին բնակելի թաղերուն երբ մօտեցան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգերը սկսան ղօղանջել եւ արձագանգել սար ու ձոր:

Գալատուրանցիք մեծ ու պզտիկ, թաղերու մուտքերուն եւ ամբողջ ճամբու երկայնքին բարի գալուստ կը բացագանչէին, իսկ վեհափառը խաչանիշ օրհնելով ժողովուրդը կը յառաջանար:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէ եւ ժամերգութենէ ետք վեհափառը քարոզեց ժողովուրդին:

Սահակ Բ. կաթողիկոս բարեհաճեցաւ Եսայի աղա Մանճիկեանին տունը իջեւանիլ:

Եսայի աղայի տան մօտ կը գտնուէր Տէր Պետրոս քահանային բնակարանը:

Վեհափառը հիւրընկալուեցաւ խունկով, աղօթքով եւ մեծագոյն պատիւներով: Բոլորը, կին ու տղամարդ, մեծ ու պզտիկ աջահամբոյրի եկան եւ վեհափառին օրհնութիւնը ստացան:

Եսայի աղայի տան շրջափակին մէջ կաթսաներով ճաշ պատրաստուեցաւ եւ նահապետական հիւրասիրութիւն սարքուեցաւ: Սփռոցները փռուեցան եւ գիւղացիք ծալապատիկ վեհափառին շուրջ բոլորուելով, «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ»-ով սկսաւ կերուխումը: Յետոյ թաղի խոշոր տանձենիին տակ հաւաքուեցան եւ նկարուեցան:

Գալատուրանցիք մինչեւ Քեսապ յուղարկ եղան կաթողիկոսին:

* * *

Սահակ Բ. կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող դպրոցին վերակառուցումը: Ան իր մօտ գտնուող գումսարին մէկ մասը, 25-էն 30 ոսկի, որ անմիջական կարիքներուն համար պիտի օգտագործուէր, մէկդի դրաւ, իսկ մնացեալը` 110 ոսկին Տէր Վահան քահանային յանձնեց: Այդ գումարին 70 ոսկին նոր կառուցուելիք դպրոցին պիտի յատկացուէր: Մնացեալ 40 ոսկին եկեղեցականներուն բաժնուեցաւ, ժողովուրդին անհրաժեշտ կարիքները հոգալու համար:

Կիրակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք դպրոցի կառուցման համար կատարուելիք հանգանակութեան բացումը յայտարարուեցաւ:

Երկուշաբթի առաւօտ կանուխ Սահակ Բ. կաթողիկոս օրհնեց դպրոցին հիմը եւ զետեղեց առաջին քարը:

Հիմնօրհնէքէն ետք կաթողիկոսը հրաժեշտ առաւ Քեսապի ժողովուրդէն եւ իր շքախումբով Լաթաքիա մեկնեցաւ:

Լաթաքիոյ մէջ Սահակ Բ. կաթողիկոս հանդիպումներ ունեցաւ կառավարական դէմքերու, լատին եւ բողոքական միսիոնարութիւններու եւ տեղական բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քեսապի հայութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին եւ օժանդակութեանց համար:

* * *

Հալէպի առաքելական փոխանորդ եւ Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակ Մոնսենիոր Ֆրետիանօ Ճաննինի, աղէտահար ժողովուրդին զօրակցելու եւ անոր վիճակին ու կարիքներուն մօտէն ծանօթանալու համար Քեսապ այցելեց:

Մոնսենիոր Ֆրետիանօ Ճաննինի նախապէս (1900-էն 1905) Երուսաղէմի մէջ Ֆրանչիսկեան առաքելութեան պետը եղած էր եւ սերտ կապեր ունէր հայերուն եւ Արեւելքի ոչ լատին քրիստոնեայ համայնքներուն հետ:

Մոնսենիոր Ճաննինին դիմաւորելու համար Լաթաքիայէն Քեսապ եկան Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան եւ Լաթաքիոյ Ազգային վարժարանի տնօրէն Վահան Ուզունեան:

Մոնսենիոր Ճաննինի ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ: Փատրէ Սապաթինօ բարի գալուստ մաղթեց եւ խօսեցաւ Քեսապի աղէտին, ժողովուրդի փախուստին, վերադարձին ու վերականգնումի աշխատանքներուն մասին:

Մոնսենիոր Ճաննինի հայր Սապաթինոյի, Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեանի, Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեանի, Վահան Ուզունեանի, Յակոբ աղա Մահշիկեանի, Յակոբ աղա Յովսէփեանի եւ Միսաք աղա Չիւրիքեանի հետ խորհրդակցեցաւ Քեսապի կարիքներուն, օժանդակութիւններուն եւ աղէտը դարմանելու միջոցներու մասին:

* * *

Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, արեւմտեան կողմը, դպրոցի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերաւ ամբողջ ժողովուրդը: Հանգանակութիւններով քառասուն ոսկի հաւաքուեցաւ: Շինանիւթերու գնման եւ զանոնք Քեսապ բերելու գործին պարտականութիւնը ստանձնեց Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեան: Շինարարական աշխատանքի վերակացու նշանակուեցաւ Սերգօ աղա Մղտեսեան: Նպաստներ հասան Պոլիսէն, Այնթապէն եւ Մերսինէն:

Բանուորներ եւ վարպետներ փոքր վարձատրութեամբ, շատ երիտասարդներ ալ` իրենց առօրեայ աշխատանքէն ետք` կամաւոր ծառայութեամբ, նաեւ` կիներու մասնակցութեամբ, բարձրացաւ դպրոցին երկյարկանի կղմինտրածածկ շէնքը: Դպրոցը, ի պատիւ Սահակ կաթողիկոսին, կոչուեցաւ Սահակեան:

Սահակեան վարժարանը, ծաղկոց (մանկապարտէզ), նախակրթարան, միջին եւ բարձրագոյն դասարաններով, ունէր շուրջ 250 երկսեռ աշակերտ:

Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութիւնը ստանձնեց դպրոցին վերահսկողութիւնը:

* * *

Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութիւնը Կիլիկիոյ վարժարանաց ընդհանուր տեսուչ Միքայէլ Նաթանեանը Քեսապ ուղարկեց դպրոցական կարգադրութիւններու համար:

Նաթանեան, տեսնելով Սահակեան վարժարանին յարմարութիւնները, յորդորեց աղջկանց դպրոց մըն ալ շինել տալ:

Սակայն աղջկանց դպրոցի կառուցման համար օգտագործելի յարմար հողատարածք մը ապահովելու փորձերը ապարդիւն անցան:

Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեան շրջուն հովիւի հանգամանքով 1910-ին Քեսապ հասաւ:

Քեսապի հովիւ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան իր կինը կորսնցուցած եւ անզաւակ մնացած էր:

Տէր Վահան քահանայ Տէր Պօղոս քահանայէն խնդրեց, որ իր տնամերձ պարտէզը եկեղեցիին նուիրէ, վրան դպրոց կառուցելու համար:

Տէր Պօղոս քահանայ սիրով ընդառաջեց եւ իր կողմէ փափաք յայտնեց, որպէսզի կառուցման աշխատանքները շուտով սկսին:

Աղէտի օրերուն հրկիզուած դպրոցին համար կառավարութիւնը եօթանասուն ոսկի տրամադրած էր: Այդ գումարով սկսան կառուցման աշխատանքները:

Շինարարական աշխատանքները սկսելէն ետք միսիոնարուհի օրիորդ էֆի Չեմպըրզ հարիւր ոսկի նուիրեց ծրագիրի ամբողջացման համար:

Դպրոցը, ի պատիւ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեանին, կոչուեցաւ Ազգային Պօղոսեան Աղջկանց վարժարան: Առաջին յարկը յատկացուեցաւ երկսեռ մանկապարտէզին, երկրորդ յարկը` աղջկանց նախակրթարանին:

Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան Սահակ Բ. կաթողիկոսին կողմէ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունքին արժանացաւ:

* * *

Ամերիկացի միսիոնարուհի օրիորդ Էֆի Չեմպըրզ, Հարլոու եւ Մէյրի Չեմպըրզներուն դուստրը, ծնած էր 1863-ին, Այովա նահանգի Էնտըրսըն գիւղին մէջ: Երիցական եկեղեցւոյ հետեւորդ, ան մանկութենէն կոչում զգացած էր նուիրուելու Աստուծոյ եւ ծառայելու մարդկութեան: Միսիոնարներու պատրաստութեան Թապոր քոլէճէն շրջանաւարտ եղած էր 1893-ին եւ նոյն տարին Թուրքիա ուղարկուած էր:

Էֆի Չեմպըրզ մեծ անձնուիրութեամբ ծառայեց Քեսապի, Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ: Հայերէն սորվեցաւ եւ խորապէս ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդը: Եղաւ որբախնամ եւ դաստիարակ:

Քեսապի մէջ էֆի Չեմպըրզ զարկ տուաւ աղջկանց կրթութեան: Հօրենական ժառանգութենէն մնացած դրամով եկեղեցւոյ կից հողատարածք մը գնեց եւ աղջկանց համար դպրոցի նոր շէնք կառուցել տուաւ: Դպրոցը ունեցաւ նաեւ գիշերօթիկ բաժին` շրջակայ գիւղերէն եկող աշակերտուհիներուն համար: Չեմպըրզ ստանձնեց դպրոցին տեսչութիւնը եւ իր շուրջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած որակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ համախմբեց:

Էֆի Չեմպըրզ նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի դասընթացքներ հաստատեց: Աշակերտ-աշակերտուհիներուն թիւը քանի մը հարիւրի կը հասնէր:

Չեմպըրզ իր անձնական միջոցներով ընթերցարան մը կառուցել տուաւ: Ընթերցարանը ունէր ճոխ գրադարան եւ երգեհոն:

Քեսապի 1909-ի աղէտի օրերուն Չեմպըրզ բացակայ էր շրջանէն: Քանի մը օր սպասեց Տարսոնի մէջ, մինչեւ որ ճամբաները բացուեցան եւ ան վերադարձաւ Քեսապ ու ականատես եւ ականջալուր եղաւ ողբերգական ու սրտաճմլիկ պատկերներու ու պատմութիւններու:

Էֆի Չեմպըրզ նամակներ գրեց ամերիկեան թերթերու ու հաստատութիւններու եւ նկարագրելով քեսապցիներու ապրած ողբերգութիւնը, դիմադրութիւնը, փախուստը եւ վերադարձը, կը շեշտէր անոնց օգնութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութեան մասին:

Չեմպըրզի տրամադրած նիւթական օժանդակութիւններուն շնորհիւ քեսապցի շարք մը երիտասարդներ տարբեր քոլէճներու եւ համալսարաններու մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են:

Էֆի Չեմպըրզ 1912-ի գարնան Ամերիկա վերադարձաւ, ուր մահացաւ 3 հոկտեմբեր 1947-ին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ