«Ազդակ»-ի 85-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 19 մարտ, 2026-ին, Պէյրութի ժամով 18:00-ին։ Դասախօսն էր Փրակի «Կարոլեան» համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ․ Հայկ Իւթիւճեան, նիւթ ունենալով՝ «Նախնիք եւ խազերը»։Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեքտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։
Դասախօսը նիւթը սկսաւ հայ երաժշտագիտութեան մէջ ամենահեղինակաւոր անուններէն Եղիա Տնտեսեանի բնութագրումները ներկայացնելով երաժշտութեան մասին։

Ապա, Խազերու օգտագործման պատճառականութեան ծալքերուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ,Եկեղեցական երգերու տեսակներ՝ խազագրուած ձեւով մեզի հասած, ծիսական մատեաններու, , սուրբ պատարագի սրբասացութիւններու,հնագոյն թուակիր շարակնոցներու, ճաշոցներու, Մաշտոցներու, ներկայիս չգործածուող շարականներու, տաղերու , անվերծանելի բաժիններու հետ խազագրութիւններու առնչութիւնները հետաքրքրական եւ փաստացի տուեալներով փոխանցուեցան լսարանի մասնակիցներուն։ Այս տեղեկութիւններու հիման վրայ վերլուծական հայեացքով կը յատկանշուէր դասախօսութիւնը, որ հետաքրաքրութեան մեծ ալիք բարձրացուց լսարանականներուն մօտ։
Մասնագիտական բծախնդրութեամբ, յայտնաբերումներով յագեցած եւ այս ոլորտին մէջ ահագին նորութիւն բերող աշխատասիրութիւններու եզրակացութիւնները իրազեկ դարձնելով, փրոֆ․ Իւթիւճեան ,ինչպէս «Ազդակ»-ի իր դասախօած նախորդ լսարանները, իւրայատուկ պահ ստեղծեց հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մէջ խազերու ներկայացուցած համապատկերին մասին։
Ինքնուրոյն եւ բարձրորակ դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցումներու բաժին, որուն բացառիկ հմտութեամբ պատասխանեց դասախօսը։
Խազագրութեան մասին այս եզակի դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ՝




Leave a Reply