Քեսապի հայութիւնը 1909-ի աղէտէն ետք վերականգնում եւ վնասուց հատուցում ու օժանդակութիւններ

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապցիք Պասիթէն իրենց հայրենի օճախները սկսան վերադառնալ 1909 մայիսի կէսերուն (նոր տոմարով): Ոմանք աւելի երկար մնացին Պասիթ եւ ամրան սկիզբը վերադարձան: Կային նաեւ ընտանիքներ, որոնց բնակարանները հիմնովին աւերուած էին եւ ապրուստի միջոց չունէին. անոնք աւելի երկար մնացին Լաթաքիա: Կարգ մը ընտանիքներ ալ Քեսապ չվերադարձան եւ Պէյրութ ու այլ քաղաքներ փոխադրուեցան:

Քեսապի հայութեան կորուստը 1909-ի աղէտին եղած է հարիւրվաթսունէն երկու հարիւր հոգի:

1909-ի աղէտը ժողովուրդի յիշողութեան մէջ մնաց իբրեւ թալանտի տարի:

Աղէտէն ետք Քեսապի բնակչութեան թիւը աւելի քան վեց հազար հոգի եղած է:

* * *

Օսմանեան իշխանութիւնները սկսան հետապնդել ու ձերբակալել Քեսապի աղէտին պատասխանատուները:

Քննիչ յանձնախումբին պատրաստած ցանկին համաձայն, գլխաւոր պատասխանատուներ կը նկատուէին Օրտուի միւտիւր Հիւսնի էֆէնտի, Ճսըր Շուղուրի գայմագամի փոխանորդ Նայիպ էֆէնտի, Անտիոքի շրջանի Շեհուն գիւղի իմամ շէյխ Քեամիլ, Պեզկու գիւղէն Հալիմ օղլու եւ Քէօսա էֆէնտի, Հարէմ աւանէն Շաապան աղա, ինչպէս նաեւ Պայըրի եւ Պուճաքի շրջաններու թուրքմէն աղաները:

Պատասխանատուներէն ոմանք ձերբակալուեցան, ոմանք ալ իբրեւ թէ կարելի չեղաւ ձերբակալել:

Շեհուն գիւղի իմամ շէյխ Քեամիլի եւ անոր մերձաւորներու ձերբակալումէն ետք չերքէզները ըսին, որ եթէ անոնք ազատ չարձակուին, իրենք երկրին բոլոր քրիստոնեաները պիտի կոտորեն:

Լաթաքիոյ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ

Աղէտի օրերուն եղած էն նաեւ Քեսապի հայութեան հանդէպ մարդասիրական վերաբերմունք ունեցած եւ օգտակար դարձած պետական պաշտօնեաներ եւ թուրք քանի մը աղաներ: Անոնցմէ յիշուած են Լաթաքիոյ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ, հարիւրապետ Սուպհի բէկ, Ֆագ Հասան գիւղէն Հաճի Ահմէտ եւ Օրտուէն Սատըգ խոճա եւ Լաթիֆ աղա: Հաճի Ահմէտ փախստականներ իր տան մէջ պատսպարած եւ շատեր ալ ապահով Պասիթ հասցուցած էր: Սատըգ խոճա փորձած էր արգելք հանդիսանալ խուժանին Քեսապի վրայ յարձակումին: Իսկ Լաթիֆ աղա փորձած էր իր մերձաւորները համոզել, որպէսզի չմասնակցին Քեսապի վրայ յարձակումին: Կը յիշուի նաեւ որ Լաթիֆ աղա իբրեւ պաշտօնական անձնաւորութիւն, միշտ ալ բարեացակամ վերաբերմունք ունեցած է Քեսապի հայութեան նկատմամբ:

Մեր մեծերը երախտագիտութեամբ յիշած են Լաթաքիոյ մէջ ֆրանսական, իտալական եւ անգլիական հիւպատոսները, ամերիկեան հիւանդանոցի տնօրէն տոքթոր Ճէյմս Պալֆը եւ քաղաքին յոյն հասարակութիւնը, որոնք օգտակար եղած են իրենց:

* * *

Լաթաքիոյ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ պաշտօնէն ազատ կացուցուեցաւ եւ Թրիփոլի ուղարկուեցաւ:

Լաթաքիոյ քրիստոնեաները եւ յատկապէս հայերը գոհ էին մութասարիֆէն եւ ականատես եղած էին աղէտեալներուն նկատմամբ անոր մարդասիրական վերաբերմունքին:

Լաթաքիոյ հայ, յոյն եւ մարոնի համայնքներուն պետերը հեռագիր ուղարկեցին Պոլիս` Բարձրագոյն Դուռ, Մեհմէտ Ալի Այնի բէկը իր պաշտօնին վրայ պահելու խնդրանքով: Տէր Եղիա քահանայ նաեւ Պոլսոյ պատրիարքարանին միջամտութիւնը խնդրեց:

Մեհմէտ Ալի Այնի բէկի տեղափոխութիւնը կառավարութիւնը բնորոշեց իբրեւ վարձատրութիւն անոր անձնուէր ծառայութեան: Հետագային ան Մամուրէթ ուլ Ազիզի եւ այնուհետեւ ալ Եանիայի ու Տրապիզոնի կառավարիչ եղաւ: 1913-ին Թալէաթ փաշայի պարտադրանքով պաշտօնէ հեռացուեցաւ, որմէ ետք, 1914-ին Տարուլֆունունի (ներկայիս` Իսթանպուլի համալսարան) մէջ իմաստասիրութեան, գրականութեան եւ սուֆիական պատմութեան դասախօս եղաւ:

* * *

Ժողովուրդը հազիւ սկսած էր վերադառնալ իր օճախները, երբ լուր հասաւ որ հազարաւոր խուժան հաւաքուած է եւ երկրորդ յարձակում մը կը պատրաստուի Քեսապի վրայ:

Անձկութեան եւ սպասումի քանի մը օրեր անցան: Լուրը տարաձայնուեցաւ եւ հասաւ կառավարութեան:

Բերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Գասպարեան Տէր Ներսէս քահանայ Թաւուգճեանի ընկերակցութեամբ Հալէպի վալիին այցելեց եւ Քեսապի մասին լսուած տարաձայնութիւններուն մասին բացատրութիւն խնդրեց:

Վալին պատասխանեց ըսելով որ Քեսապի վրայ երկրորդ յարձակումի մը պատրաստութեան մասին տարաձայնութիւնը մինչեւ Ատանայի վալիին ականջը հասած է եւ ան ալ շատ բարկացած ու իրեն հարցուցած է:

Կառավարութեան կարծիքը այն էր որ ապահովութիւն կայ եւ մտահոգուելու պատճառ չկայ:

* * *

Աղէտահար ժողովուրդին օգնելու համար նպաստից եւ վերակառուցումին հսկող յանձնախումբ մը կազմուեցաւ:

Յանձնախումբին անդամներն էին` Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան, Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան, հայր Սապաթինօ տէլ Կայծօ, վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան, վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեան, միս Էֆի Չեմպըրզ, տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան, Սողոմոն աղա Մղտեսեան, Յակոբ աղա Մահշիկեան, Յակոբ աղա Յովսէփեան, Յակոբ աղա Քիլաղպեան, Դամիանոս աղա Աթիկեան, Միսաք աղա Չիւրիքեան, Հաճի Յովսէփ Գազազեան, Սերոբ Գալայճեան, Շիւքրիւ Փոլատեան, Կարապետ Աբէլեան, Սերոբ Պօղոսեան, Վահան Ուզունեան, Յովսէփ Քիլաղպեան եւ Սիմոն Այանեան:

Յանձնախումբին ատենապետութիւնը ստանձնեց տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան, քարտուղարուհի` միս Չեմպըրզ:

Հայ եւ օտար բարեսիրական հաստատութիւններ, Պոլսոյ պատրիարքարանը եւ Այնթապի, Քիլիսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ ու Պէյրութի հայերը օգնութեան ձեռք երկարեցին Քեսապի հայութեան` ուղարկելով հագուստեղէն եւ ուտեստեղէն:

Սահակ Բ. կաթողիկոս Տէր Ներսէս քահանայ Թաւուգճեանի պարտականութիւն տուաւ Անտիոքի եւ Քեսապի հայութեան համար հաւաքուած նպաստները անձնապէս տանիլ բաշխել եւ աղէտեալները մխիթարել: Տէր Ներսէս քահանայ Թաւուգճեան Այնթապէն Հալէպ մեկնեցաւ: Անոր կ՛ընկերակցէին Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեան եւ Գէորգ աղա Ճէպէճեան: Անոնք Հալէպէն անցան Անտիոք: Անտիոքէն Տէր Ներսէս քահանայ իր ճամբան շարունակեց դէպի Մուսա Լեռ, իսկ Տէր Վահան եւ Գէորգ աղա ուղղուեցան դէպի Քեսապ, իրենց հետ բերելով քսանվեց հակ ապրանք:

Քեսապի հայութիւնը պատշաճ շուքով դիմաւորեց Տէր Վահանն ու Գէորգ աղա Ճէպէճեանը:

Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեան Քեսապի հովիւ Տէր Պետրոս քահանայ Աթիկեանի հետ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երեք օր առտու եւ երեկոյ ժամերգութիւն կատարեց:

* * *

Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Գրիգոր Զօհրապի առաջարկով որոշուեցաւ քսան հազար ոսկի ուղարկել Կիլիկիոյ հայ աղէտեալներուն: Նաեւ որոշուեցաւ ջարդին պատասխանատուները չարաչար պատժել:

Օսմանեան կառավարութիւնը իր կարգին որոշեց Ատանայի նահանգի աղէտեալներուն հարիւր հազար ոսկի, իսկ Հալէպի նահանգի աղէտեալներուն քսան հազար ոսկի նպաստ բաշխել:

Հալէպի նահանգին համար նախատեսուած քսան հազար ոսկիին կէսը` տասը հազար ոսկին պիտի տրամադրուէր Քեսապի, բայց յետոյ միայն վեց հազար ոսկին տրամադրուեցաւ:

Քեսապի տուներու վերաշինութեան համար կառավարութիւնը տասնչորս հազար ոսկի վնասուց հատուցում նախատեսած էր:

Ապահովութեան համար կառավարութիւնը հարիւրապետ Զաքարիա բէկի հրամանատարութեամբ ջոկատ մը զինուոր կեդրոնացուց Քեսապի մէջ:

* * *

Քեսապի մէջ բաւական որբեր եւ այրիներ անտէր մնացած էին: Անոնց համար որբանոց եւ այրիանոց բացուեցաւ: Որբերուն հանդէպ յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերեց հայր Սապաթինօ տէլ Կայծօ:

Շինարարական յանձնախումբին ջանքերով եւ հասած նպաստներով ժողովուրդը սկսաւ տուները, եկեղեցիները, դպրոցները եւ շուկան նորոգել:

Սակայն ղրկուած գումարները բաւարար չէին աղէտը դարմանելու համար: Ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը տակաւին կարօտեալ վիճակի մէջ կը գտնուէր:

* * *

Քեսապի օգնութեան յանձնախումբը. կեդրոնը նստած` Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան. անոր աջին` Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան, վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան եւ Էֆի Չեմպըրզ. ձախին` հայր Սապաթինօ տէլ Կայծօ եւ տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան:

Սուլթան Մեհմէտ Ռէշատի բարձր հովանաւորութեան տակ աղէտեալ շրջաններու օգնութեան յանձնախումբ մը կազմուեցաւ: Յանձնախումբը իր առաջին նիստը Պոլսոյ Թոքաթլեան սրահին մէջ գումարեց. ներկայ էին կայսերական առաջին թիկնապահ Ռեմզի բէկ եւ Յովհաննէս փաշա Սագըզ:

Օգնութեան յանձնախումբը իր կարգին երկու խումբեր կազմեց. մէկ խումբը արտասահմանէն նպաստներ պիտի հաւաքէր, իսկ միւս խումբը հաւաքուած նպաստները պիտի բաշխէր:

Օգնութեան յանձնախումբի  հաւաքած գումարէն 1901 ոսկի Քեսապի բաժին ինկաւ:

Իր կարգին Զուիցերիոյ բարեսիրական մարմինը տոքթոր Լէոփոլտ Ֆաւրի գլխաւորութեամբ օգնութեան հասաւ Քեսապի ժողովուրդին: Չորս հարիւր ոսկի ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն, քառասուն ոսկի` կարիքաւոր արհեստաւորներուն գործիքներ հայթայթելու, եւ չորս ոսկի ալ դպրոցի գրադարանին համար տրամադրուեցաւ:

* * *

Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան, Կիլիկիոյ աղէտահար ժողովուրդին հոգեւոր մխիթարութիւն տալու եւ անոր վիճակին մօտէն ծանօթանալու համար 1909 յուլիսին հովուական այցելութիւններու ձեռնարկեց:

Վեհափառը Չորք Մարզպան հասած էր, երբ Քեսապէն դէպի Այնթապ վերադարձի ճամբուն վրայ Հալէպ գտնուող Տէր Վահան քահանայ Կիւլտալեանէն նամակ ստացաւ: Տէր հայրը վեհափառէն կը խնդրէր որ եթէ կարելի է այցելել նաեւ Քեսապ, որ Կիլիկիոյ կարեւոր թեմն է:

Սահակ Բ. կաթողիկոս Չորք Մարզպանէն անցաւ Մուսա Լեռ: Իր կարգին Տէր Վահան քահանայ Հալէպէն ճամբայ ելաւ դէպի Մուսա Լեռ եւ Խտըրպէկ գիւղին մէջ հանդիպեցաւ վեհափառին:

Սահակ Բ. կաթողիկոս, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գիւտ ծայրագոյն վարդապետ Մխիթարեան եւ Տէր Վահան քահանայ Խտըրպէկէն յուլիսի վերջաւորութեան կամ օգոստոսի սկիզբը ճամբայ ելան եւ Անտիոքի մէջ յունաց առաջնորդարանին ու ալեւիներու շէյխին տունը հիւրասիրուելէ ետք, Կասիոս լերան լանջերէն իրենց ճամբան շարունակելով երեկոյեան Քեսապ հասան:

Քեսապցիք մեծով պզտիկով դիմաւորութեան ելած էին: Բոլորը միաբերան «բարի եկաք» կը պոռային: Կանայք խնկամաններ ձեռքերնին խունկ կը ծխէին եւ ծուխը եկողներուն երեսն ի վեր կը փչէին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ