Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի արդէն նախկին տնօրէն Էդիտա Գզոյեանի` ճնշումով եւ պարտադրանք եւ ոչ թէ ազատ ընտրութեամբ հրաժարական ներկայացնելուն գծով իրադարձութիւնները կը շարունակուին։
Նախքան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Գզոյեանի հրաժարականի պահանջին մասին բացայայտ յայտարարութիւնը թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի հրաժարականին մասին ըսուեցաւ, որ անկէ այդպիսի քայլ մը պահանջուած է, որովհետեւ ան թերացած է Ծիծեռնակաբերդի շինարարական աշխատանքները հետապնդելու մէջ։
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրեասեան 17 Մարտին յայտարարեց, որ ինք Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի անձնակազմին չէ ըսած, թէ տնօրէնը հեռացուած է յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքները լաւ չկազմակերպելուն համար: «Ես նման բան չեմ ասել», ընդգծեց ան:
Սակայն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի բաժինի ղեկավար Սուրէն Մանուկեան եւ թանգարանի այլ աշխատակիցներ կը վկայեն, որ Էդիտա Գզոյեանին հրաժարական պարտադրելու հիմնաւորումը կրթութեան նախարարութենէն շինարարութիւնը եղած է, յետոյ լսած են վարչապետէն, որ ասիկա իր ցուցմունքով կատարուած է, որովհետեւ՝ «Միացեալ Նահանգների փոխնախագահին սադրիչ գիրք է նուիրել նախկին տնօրէնը, ամերիկեան մամուլի արձագանգըհայերի դէմ ադրբեջանական ագրեսիայի (յարձակումին) վերաբերեալ 1905–1921 թուականներին»:
«Եղել է իրավիճակ, որը չպէտք է լինէր, ու այդ իրավիճակն ունեցել է իր հանգուցալուծումը», նշեց Անդրեասեան:
«Ինքներս ենք որոշել, թէ ինչ գրքեր նուիրել եւ որեւիցէ անգամ որեւիցէ խնդիր չի եղել: Այս պարագայում եւս մարդը բարձրաստիճան հիւր էր, ԱՄՆ փոխնախագահ եւ մենք շատ կ՛ուզենայինք, որ նա իմանար, թէ ինչ է գրել ամերիկեան մամուլը, մենք դրա մէջ որեւէ ինչ-որ բան չենք տեսել: Քանի որ մենք պրոտոկոլից (արորողակարգի բաժինէն) որեւէ դիտարկում, դիտողութիւն չենք ստացել, շարունակէ ենք վարուել այնպէս, ինչպէս նախկինում», իր կարգին ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի բաժինի ղեկավար Յարութիւն Մարութեան:
Գիտական հաստատութիւնը ունի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար մը՝ դիւանագէտ Թաշչեան, բայց անձնակազմը Գզոյեանի հեռացումին եւ տրուած հիմնաւորումներուն հետ հաշտ չէ, ու 16 Մարտին, կրթութեան նախարարին հետ հանդիպում մը ունեցան՝ մէկ մասը պատասխաններ ստանալու յոյսով, միւսերը` սկիզբէն անյոյս:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն գիտնականները դուրս եկան մտահոգ դէմքերով, առանց որեւէ բառ ըսելու տրամադրութեան, միայն Յարութիւն Մարութեանթանգարան-հիմնարկի նախկին տնօրէնը եւ նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի արդէն նախկին անդամը, ըսաւ հետեւեալը. «Մենք գիտնականներս, Էդիտա Գզոյեանին սադրիչ չենք համարում եւ ոչ էլ պատերազմի հրձիգ»:
Նախարարութեան մէջ Գզոյեանի տնօրինութեան էջը փակած են, գիտնականներուն ըսած են. «Գնացէք, ձեր գործն արէք»:
«Մեզ վստահեցուեց, որ թեմատիկ (բներգական, կամ նիւթերու գծով) փոփոխութիւններ, Արցախի հետ կապուած հետազօտական ինչ-որ խնդիրներ, ոչինչ չի փոխուելու, մենք շարունակելու ենք աշխատել այնպէս, ինչպէս աշխատում էինք նախկինում: Մենք շարունակելու ենք գրել ե՛ւ Սումգայիթի մասին, ե՛ւ Կիրովաբադի, ե՛ւ Բաքուի ջարդերի մասին, մենք շարունակելու ենք մեր գործը որպէս հետազօտողներ», նշեց Մարութեան:
Միջազգային զանազան համալսարաններէ նշանաւոր ցեղասպանագէտներ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ տեղի ունեցածը համարելով քաղաքական միջամտութիւն եւ սարսափելի ազդակ մը, որ ճշմարտացի յիշողութիւնը կը զոհաբերէ ըստ դիւանագիտական յարմարութեան: Յայտարարութեան կը շարունակեն միանալ ականաւոր գիտնականներ, որոնց թիւը արդէն հասած է 35ի, յայտնեց Նեպրասքա-Լինքըլն համալսարանի փրոֆեսէօր Պետրոս Տէր Մաթոսեան, որ զգուշացուց, թէ կ՛ուզեն Արցախի էջը նաեւ գիտնականներուն համար փակել։
«Դոկտոր Գզոյեանին գործից հանելն անարդար կը նկատուի, եւ խախտւում են բոլոր ակադեմիական սկզբունքները, եւ շատ լուրջ մտահոգութիւն են սրանք յայտնում պատահածին», ըսաւ Տէր Մաթոսեան եւ վստահեցուց, թէ իրենք յոյս չունէին, որ կառավարութիւնը իրենց նամակը նկատի կ՛առնէ եւ կը վերադարձնէ Գզոյեանը, սակայն իբրեւ պատմաբաններ իրենց պարտքն է ահազանգել Արցախի ցեղային զտման ժխտողականութեան դէմ… Ըստ անոր` Գզոյեան գիրքի համար հեռացնելը միայն ակադեմական գործին միջամտել չէ, եւ ինք վստահ է, որ Արցախի էջը նաեւ գիտնականներուն համար կ՛ուզեն փակել։
«Պատահածն էթնիկ (ցեղային) զտում էր ու մշակութային ցեղասպանութիւն: Իրաւունքն է պատմաբանների, ցեղասպանագէտների, որ ուսումնասիրեն այս երեւոյթը ու հասկանան, թէ ինչու եղաւ եւ որոնք են հետեւանքները այս ոճիրի», դիտել տուաւ Տէր Մաթոսեան:
Ան մտահոգ է, որ աստիճանաբար պիտի փակուին օրինակ արցախցիներու նիւթական փոխհատուցման, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ գիտական թեմաները, Արցախի բարբառով հաւանաբար կարենան զբաղիլ նաեւ գիտնականները, բայց, ըստ Տէր Մաթոսեանի, այս հիմնարկին գործը բռնութիւնները հետազօտելն է եւ այդ աշխատանքը տարածելը:
«Եթէ ուսումնասիրութիւնը մնայ ուսումնասիրութեան ծիրի մէջ եւ չփորձենք ազդել ապագայ սերունդների վրայ, քաղաքականութիւն կերտողների վրայ, ասել է, թէ մենք մեր գործը լաւ չարեցինք», աւելցուց Տէր Մաթոսեան, որ վստահ է, թէ ցեղասպանագէտներուն աշխատանքը քաղաքականութեան մաս պիտի կազմէ, որպէսզի անիկա դառնայ ազդեցիկ: «Սա է մեր գործը` փորձել ՄԱԿի վրայ ազդել, փորձել տարբեր միջազգային մարմինների վրայ ազդել, որպէսզի կանխարգելուի ապագայի ոճրագործութիւնները, ցեղասպանութիւններն ու էթնիկ (ցեղային) զտումները», յայտնեց Տէր Մաթոսեան։
Կառավարութիւնը հետազօտական նիւթերու սահմանափակումներուն մասին ոչինչ յայտարարած է ցարդ, բայց Տէր Մաթոսեան մտահոգութիւն եւ առաջարկ ունի՝ Հայաստանի մէջ հիմնել ցեղասպանագիտութեան անկախ հիմնարկ մը, որպէսզի այդտեղ հետազօտուին կառավարութեան քաղաքական օրակարգէն դուրս եղող նիւթերը:




Leave a Reply