Յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 105-ամեակին

ՀՅԴ ՀԵՄ եւ ՀՅԴ Աջափնեակի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ 15 մարտին Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին մօտ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 105-ամեակին:

Մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին կիսանդրիին առջեւ, ինչպէս նաեւ` արժեւորեցին 105 տարի առաջ Թեհլիրեանի իրականացուցած գործողութիւնը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, կարեւոր նկատելով օրուան խորհուրդը, ըսաւ. «Պիտի գայ օր մը, որ պիտի ըլլան նոր Սողոմոն Թեհլիրեաններ. 105 տարի առաջ կատարուածը հայ ժողովուրդի հաւաքական վրէժն էր»:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեան նշեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի խորհուրդը յաւերժական է, մեր գործը` յաղթանակ:

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեանն ալ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց. «Թեհլիրեանը աշխարհին ցոյց տուաւ, որ հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին չէ մահացած»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ