Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Մարտին շատ բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ ինք հրահանգած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանին հրաժարական տալու՝ Փետրուարի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսին Արցախի հակամարտութեան մասին գիրք մը նուիրելուն պատճառով:
«Այո՛, իմ ցուցումով է եղել, ես խնդրել եմ, որ նա հրաժարականի դիմում գրի: Ես դա համարել եմ կառավարութեան վարած արտաքին քաղաքականութեանը հակառակ գործողութիւն, ես դա համարել եմ սադրիչ գործողութիւն», շեշտեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Կա՞յ փախստականների վերադարձի թեմա: Ադրբեջանն էլ նոյն ձեւի նոյն թեմաներն է առաջ քաշում: Այդ թեմաները զարգանալու են, բախուելու են իրար դառնայ պատերազմ: Երբ երկրի վարչապետն ասում է, որ Ղարաբաղեան շարժում չկայ, օտարերկրեայ հիւրին արցախեան հիմնահարց թեմայով գիրք նուիրելն ի՞նչ է նշանակում: Էս երկրում քանի՞ հոգի կարայ արտաքին քաղաքականութիւն վարի: Հայաստանում արտաքին քաղաքականութիւն վարում է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ այն պետական պաշտօնեան, որը այդ քաղաքականութեանը հակասող բան կ՛ասի, պէտք է ազատուի աշխատանքից: Մենք պետութի՞ւն ենք, թէ՞ սա ինքնագործ խմբակ է: Այստեղ չքմեղանալու հարց չկայ»:
Նշենք, որ օրերէ ի վեր շրջան կ՛ընեն լուրեր այն մասին, որ Գզոյեան Հայաստանի կառավարութեան հրահանգով ներկայացուցած է իր հրաժարականը՝ Վենսին ըսածներուն եւ ցուցադրածներուն պատճառով: Գիրք նուիրելուն զուգահեռ, ան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու զոհերու յիշատակի խաչքարերուն մօտ պատմեց այդ արիւնոտ իրադարձութիւններուն, նաեւ Արցախի պատերազմին մասին:
Յիշեցնենք, որ Վենս իր կնոջ հետ այցելած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, սակայն այդ այցելութեան մասին X-ի վրայ անոր կատարած գրառումը կարճ ժամանակ ետք գրաքննութեան ենթարկուեցաւ եւ անոր փոխարէն տեղադրուեցաւ Վենսի մամլոյ քարտուղարին գրառումը, որ յստակօրէն մեղմացուած էր, չնեղացնելու համար Թուրքիան:
Ջնջուած գրառումին մէջ կ՛ըսուէր հետեւեալը. «Այսօր փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս եւ երկրորդ տիկին Ուշա Վենս մասնակցեցան ի պատիւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութեան»:
Աւելի ուշ, գրառումը փոխարինուեցաւ հետեւեալով. «Հայաստան իրենց այցելութեան վերջին օրը, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը եւ երկրորդ տիկինը ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակի մօտ եւ ստորագրեցին յուշատոմարը»: Այսինքն՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան» մասին կրկնակի նշումները ջնջուած էին: Այս քայլը յառաջացուց Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին զայրոյթը։
Գզոյեան տակաւին հրապարակաւ չմեկնաբանեց հրաժարական տալու իր որոշումը, որ վրդովեցուցած է թանգարան-հիմնարկի միւս 74 աշխատակիցները: Անոնք իրենց բողոքը յայտնած են Փաշինեանին ուղղուած միացեալ նամակով մը:
«Մեր թանգարանի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն էր, երբ բոլոր աշխատակիցները միասնաբար առանց բացառութեան նոյն հարցով դիմեցին ինչ-որ վերին մարմն»ջ, ըսաւ թանգարանի տնօրէնի խորհրդական Միհրան Մինասեան:
Թանգարան-հիմնարկի բաժիններէն մէկուն ղեկավար Սուրէն Մանուկեան իր կարգին ըսաւ, թէ ինք եւ իր գործընկերները ոչ-պաշտօնապէս տեղեկացուած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ, որ կը հսկէ հիմնարկին, եւ թէ Գզոյեանին հրահանգուած է հրաժարիլ, որովհետեւ ան ձախողած է պատշաճ վերահսկողութիւն ապահովել յուշահամալիրի վերանորոգման վիճայարոյց աշխատանքներուն, որոնք սկսած էին անցեալ ամառ: Մանուկեան այս բացատրութիւնը «ոչ լուրջ» որակեց՝պնդելով, որ վերանորոգման աշխատանքները ուղղակիօրէն կը վերահսկուին նախարարութեան կողմէ:
«Ինձ համար ամենամեծ վիրաւորանքն այն է, որ մեզ հետ ոչ ոք չի խօսում, մեզ՝ որպէս գիտնականներ, գիտնականներ, որ օր ու գիշեր այս աշխատանքի մէջ են, ոչ ոք չի յարգել, չի եկել մեզ հետ խօսելու», ըսաւ Մանուկեան, որ շեշտեց, թէ անընդհատ կը խօսին գիտութեան միջազգայնացման անհրաժեշտութեան մասին, բայց կը ստիպեն հեռանալ բարձր վարկանիշ ունեցող գիտնականը՝ Էդիտա Գզոյեանը: «Մենք աւելի շատ սպասում էինք, որ մեր տնօրէնին պարգեւատրեն իր լաւ աշխատանքի համար. այստեղ արդարութեան հարցն է խնդիրը», յայտնեց Մանուկեան:
Կրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան անձամբ կը հսկէ վերաշինութեան աշխատանքներուն՝ պարբերական այցելութիւններով. Վենսի այցելութենէն ետք Գզոյեան այլեւս չէ ընկերակցած նախարարին այդ այցելութիւններուն:
Նշենք, որ հիմնարկի տնօրէնը կը նշանակուի Հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ:
Խորհուրդի նախագահը՝ ֆրանսահայ ցեղասպանագէտ Ռեմոն Գէորգեան, Ստեփան Աստուրեան եւ քանի մը այլ անդամներ անցեալ շաբաթ հրաժարական տուին:
Փաշինեան զանոնք անմիջապէս՝ 6 Մարտին, փոխարինեց:
Աւելցնենք, որ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Արցախի հարցը փակուած է եւ ինք ընդունած է Արցախի վրայ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, որ, շատ հաւանաբար, պատճառ դարձաւ 2023ի յարձակումին եւ Արցախի ամբողջ հայութիւնը ստիպեց տեղահան ըլլալու։ Անցեալ Չորեքշաբթի, Փաշինեան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Արցախի (ըստ անոր՝ Ղարաբաղի) հայերը պէտք է հրաժարին իրենց հայրենիքը վերադառնալու յոյսէն։ Նաեւ՝ Փաշինեան շատ հեռու երթալով՝ զիջումներ հրամցուց Թուրքիոյ, որ Հայաստանի դէմ 2020 44օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանին հիմնական ռազմական օժանդակութիւն տրամադրած էր։




Leave a Reply