ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան
Ներածական
Նախորդ յօդուածին մէջ (https://www.aztagdaily.com/archives/673619) ներկայացուած տուեալները մեզ կը հրաւիրեն լուրջ խորհրդածութեան. արեւմտահայերէնի կենսունակութեան պահպանումը այսօր մեր համազգային առաջնահերթութիւնն է: Մեր նպատակն է արեւմտահայերէնը հասցնել հոն, ուր կը բաբախէ նոր սերունդին սիրտը` թուային հարթակներէն մինչեւ առօրեայ ստեղծագործական շփումներ: Այս յօդուածով լուսարձակի տակ պիտի առնենք այն գործնական եւ խոստմնալից քայլերը, որոնք կրնան լեզուի ուսուցումը վերածել ներշնչող, ժամանակակից եւ կենսունակ փորձառութեան մը:
Նախքան բուն նիւթին անցնիլը` կրկին կենսական է կատարել հետեւեալ մատնանշումը. լեզուի մը ճակատագիրը կը դարբնուի տան մէջ: Նկատի առնելով, որ այսօր, երբ հայ նորահաս սերունդի զգալի մասը զուրկ է հայկական դպրոց յաճախելէ կամ առիթը չունի հայեցի կրթութիւն ստանալու դպրոցական նստարաններուն վրայ, արեւմտահայերէնի պահպանման հիմնաքարը ծնողներու նախանձախնդիր կեցուածքն է: Ընտանիքն է այն առաջնային վայրը, ուր կը վճռուի լեզուի մը լինելութիւնը:
Մեր առաքելութիւնը` դէպի կենսունակ եւ հպարտ սերունդ
Թէեւ լեզուական փոխանցման աւանդական շղթան փոփոխութիւններ կրած է, սակայն մեր կրթօճախներն ու շաբաթօրեայ դպրոցները կը մնան այն հաստատուն հիմքը, որուն վրայ կրնանք կերտել մեր մայրենիին պահպանումը: Այժմ քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր կրթական մօտեցումները արդիականացնել` զանոնք համապատասխան դարձնելով արդի ժամանակներու պահանջներուն:
Այս յօդուածին մէջ առաջարկուած քայլերը սոսկ կրթական բարեփոխումներ չեն, այլ` հեռանկարային ռազմավարութիւն մը, որուն նպատակն է կերտել հետեւեալ կենսական իրագործումները.
- Առաջնահերթութիւն տալ խօսելու եւ լսելու կարողութեան, որպէսզի հայերէնը դառնայ կենդանի հաղորդակցութեան միջոց:
- Դաստիարակել սերունդ մը, որ ներքնապէս կը հաւատայ, թէ արեւմտահայերէնը լոկ ժառանգութիւն չէ, այլ` ապագայ ունեցող եւ կենդանի մնալու արժանի գանձ:
- Թարմացնել համայնքային հպարտութիւնը, ուր լեզուն կը դառնայ միաւորող եւ զօրացնող ուժ:
Կերտել անհատներ, որոնք լեզուն կը գործածեն ազատօրէն եւ ստեղծագործաբար` առանց ձախողելու վախին:

– Վերականգնել լեզուին հանդէպ աշակերտին անձնական եւ զգացական կապը` զայն դարձնելով սեփական ինքնութեան անբաժան մասը:
Նախ`
Ո՞րոնք են այսօրուան հայ աշակերտները
Այսօրուան աշակերտները թուային սերունդի ներկայացուցիչներ են, որոնք կ՛ապրին այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը վայրկենական է, իսկ սահմանները` գրեթէ անհետացած: Անոնք միջազգայնօրէն կապուած սերունդ մըն են, որ կը բնորոշուի ընկերային բարձր գիտակցութեամբ, արհեստագիտական հմտութեամբ եւ «սպառողի» փոխարէն` «ստեղծագործողի» մտածելակերպով:
Ի՞նչ են այսօրուան հայ աշակերտներուն կարողութիւնները
Անոնք ունակ են բնազդաբար տիրապետելու բարդ թուային գործիքներուն` յաճախ ինքնաշխատութեամբ սորվելով այնպիսի հմտութիւններ, ինչպիսիք են` ծրագրաւորումը, տեսանիւթերու մշակումը կամ թուային ձեւաւորումը: Անոնք ունին տարբեր մշակոյթներու հետ համագործակցելու բնական ձիրք եւ կ՛օգտագործեն իրենց ձայնը` ջատագովելու համար ընկերային եւ բնապահպանական մեծածաւալ փոփոխութիւններ: «Կեղծ լուրերու» դարաշրջանին անոնք կը զարգացնեն ահռելի քանակութեամբ տուեալներ զտելու իւրայատուկ կարողութիւն մը, թէեւ տակաւին կարիքն ունին առաջնորդութեան` այդ կասկածամտութիւնը վերածելու համար իրական լրատուական գրագիտութեան:
Ի՞նչ են այսօրուան հայ աշակերտներուն հիմնական կարիքները
Յաջողելու համար այս աշակերտները լոկ սերտողութենէն աւելիին պէտք ունին: Անոնց անհրաժեշտ են ուսման ուղիներ, որոնք կը յարգեն իրենց նախասիրութիւններն ու յառաջդիմութեան թափը: Նոյնքան կարեւոր է հոգեկան առողջութեան աջակցութիւնը` դիմագրաւելու համար 24/7 թուային կեանքի ճնշումները: Ամէնէն առաջ անոնք կարիքը ունին իրական նպատակի` այնպիսի կրթութեան մը, որ կը կապէ արեւմտահայերէն լեզուի դասերը իրական կեանքի գործնական կիրարկութեան եւ ապագայի հմտութիւններուն, ինչպիսիք են զգացական բանականութիւնը (Emotional Intelligence, EQ) եւ ստեղծագործական կարողութիւնները:
Արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր հորիզոններ` ռազմավարական մօտեցումներ
Արեւմտահայերէնի պահպանումը այսօր կախեալ է զայն երիտասարդութեան առօրեայ հաղորդակցութեան կենդանի գործիք դարձնելու մեր կարողութենէն:
Ժամանակն է արեւմտահայերէնի դասաւանդման ձեւերը վերատեսութեան ենթարկելու` զայն ձերբազատելով քննութիւններու եւ գրաւոր վարժութիւններու կաղապարներէն: Հարկ է վերահաւասարակշռել կրթական պահանջները` նկատի առնելով, որ արեւմտահայերէնը պետական կամ համաշխարհային քննութիւններու պարտադիր ցանկին վրայ չէ: Մայրենին անձնական ինքնութեան եւ զգացական աշխարհի արտայայտութեան լեզու է, կրթական նոր ռազմավարութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւնը տայ` աշակերտի ազատ ինքնարտայայտութեան, սեփական կարծիքը հիմնաւորելու կարողութեան եւ առօրեայ հաղորդակցական հմտութիւններուն:
Ընկերալեզուաբանութիւնը, յատկապէս` փոքրամասնութիւններու եւ վտանգուած լեզուներու պարագային, կը հաստատէ, որ լեզուի մը գոյատեւումը կախեալ չէ անոր քերականական անսխալականութենէն, այլ` անոր գործառնական արժէքէն: Սփիւռքեան միջավայրի մէջ, ուր տիրապետող լեզուն կը ճնշէ մայրենիին, կրթական համակարգը պէտք չէ ըլլայ լոկ գիտելիք ջամբող հաստատութիւն, այլ վերածուի «լեզուական ապահով տարածքի»:
Այս պատճառով արեւմտահայերէնի ուսուցիչները պէտք է սերտօրէն գործակցին ընկերալեզուաբաններու հետ` երաշխաւորելու համար լեզուի կենսունակութիւնը սփիւռքեան փոփոխական պայմաններուն մէջ: Այս համագործակցութիւնը թոյլ կու տայ դասաւանդման ձեւերը յարմարեցնել լեզուական իրականութեան, ուր շեշտը կը դրուի ոչ թէ սոսկ կանոններու պահպանման, այլ լեզուն իբրեւ ստեղծագործական եւ հաղորդակցական կենդանի միջոց կիրարկելու վրայ:
Միջազգային փորձառութիւն եւ կրթական նոր հորիզոններ
Ընկերալեզուաբանական տեսանկիւնէն եւ այլ համայնքներու, ինչպէս` պասք, քաթալան, մաուրի եւ ուէլշ, փորձառութենէն մեկնելով, ահա քանի մը հիմնական սիւներ, որոնց վրայ արժէ խարսխել մեր նորօրեայ կրթական առաքելութիւնը.
1.- Թուային Արդիականացում
Նոր սերունդը կը հաղորդակցի պատկերներու եւ թուային գործիքներու միջոցով: Լեզուի ներկայութիւնը համացանցի եւ բջիջայիններու վրայ այլեւս ընտրութիւն չէ, այլ` պարտադրանք: Դասագիրքերու կողքին, կարելի է որդեգրել փոխկապակցական (փոխազդեցիկ) (interactive) յաւելուածներ (ինչպէս` Gus on the Go) եւ խաղեր, որոնք ուսումը կը վերածեն հաճելի փորձառութեան: Դասագիրքերը օժտուած ըլլան QR քոտերով, որոնք աշակերտը կը տանին դէպի տեսերիզներ կամ ձայնային նիւթեր: Լեզուն զետեղել «Ինսթակրամ»-ի կամ «ԹիքԹոք»-ի տիրոյթին մէջ, պատրաստել հայկական նիւթեր եւ քաջալերել հայերէնի գործածութիւնը առցանց զրոյցներու (chats) ու նոյնիսկ վիտէօ-խաղերու (video games) ընթացքին:
2.-Լեզուի կենսունակութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ
Ընկերալեզուաբանները կը շեշտեն, որ լեզուն սորվելու լաւագոյն ձեւը ոչ թէ զայն սորվիլն է, այլ այդ լեզուով ապրիլը: Որպէսզի լեզուն չըլլայ միայն «պարտականութիւն», անիկա պէտք է առնչուի երիտասարդի իրական հետաքրքրութիւններուն: Դասարանային քննարկումները կրնան ներառել այնպիսի նիւթեր, որոնք իրենց սրտին մօտ են` մարմնակրթութիւն, երաժշտութիւն, արհեստական բանականութիւն (ԱԲ), խաղային աշխարհ, ընկերային ցանցերու բարոյագիտութիւն, սփիւռքեան ինքնութիւն, հոգեկան առողջութիւն, միջավայրի պահպանութիւն, աշխարհաքաղաքացիութիւն: Շեշտը պէտք է շեղի անթերի քերականութենէն եւ սխալներ ուղղելու լարուածութենէն դէպի գործնական հաղորդակցութիւն: Անհատները պէտք է քաջալերուին գործածելու լեզուն բնական երկխօսութիւններու մէջ` իբրեւ ինքզինք արտայայտելու միջոց: Աւանդական շարադրութիւններու կողքին, յանձնարարել «ԹիքԹոք»-ի վիտէոներ, փոտքասթներ կամ Meme-եր:
3.- Մանկավարժական նոր ռազմավարութիւններ
Արդի մանկավարժութիւնը կը յուշէ հրաժարիլ «վերէն վար» դասաւանդման ոճէն: Ուսուցիչը այլեւս միայն տեղեկութիւն փոխանցող չէ, այլ` լեզուական միջավայր ստեղծող ու քաջալերող: Աշակերտները պարզ ունկնդիրէ պէտք է վերածուին բովանդակութիւն ստեղծողներու: Անոնք կրնան պատրաստել կարճ ժապաւէններ կամ թուային պարբերաթերթեր` կիսելով իրենց սեփական պատմութիւնները: Աշակերտները թող պատրաստեն թուային ամսագիրներ կամ կայքեր` իրենց նախասիրութիւններուն շուրջ: Դասարանային «Փակ խումբ» ստեղծելով «Ինսթակրամ»-ի վրայ` աշակերտը կրնայ մէկ վայրկեաննոց տեսանիւթով բացատրել հետաքրքրական բառ մը կամ օրուան ընթացքին սթորիզ պատմել իր առօրեան հայերէնով: Առաջարկուածը հոս այն է, որ լեզուն պէտք է ըլլայ հաճոյքի, կատակի եւ ընկերային գործիք:
4.- Համասփիւռքեան կապ եւ ինքնութիւն
Լեզուով կամրջել տարբեր գաղութներու երիտասարդները` անոնց մէջ արթնցնելով հաւաքական պատկանելիութեան զգացումը: Տեսազրոյցներու միջոցով կամ «Զում» հարթակով կապել աշակերտները այլ երկիրներու հայ տարեկիցներուն հետ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ իրենց լեզուն սահմանափակուած չէ միայն տեղական դպրոցով, այլ մաս կը կազմէ աշխուժ ու համաշխարհային ցանցի մը: Երբ հայերէնը կը յայտնուի իրենց ամէնօրեայ գործածած հարթակներուն վրայ, անիկա կը դադրի ըլլալ միայն «պապենական» կամ «հին» լեզու:
5.- Դպրոց-ընտանիք-համայնք եռամիասնութիւն
Լեզուի պահպանման գործընթացը պէտք է դուրս գայ դասարանի պատերէն եւ դառնայ հաւաքական ճիգ: Դպրոցները պէտք է ստեղծեն «օժանդակութեան հարթակներ» ծնողներուն համար` տրամադրելով պարզ նիւթեր, որոնք կ’օգնեն նոյնիսկ ոչ հայախօս ծնողներուն տան մէջ հայկական մթնոլորտ ստեղծելու: Հրապարակային ձեռնարկներու, ակումբներու եւ դպրոցական միջավայրին մէջ հայերէն գրութիւններու միջոցով լեզուին տալ մշտական տեսանելիութիւն եւ շունչ: Օգտագործել սփիւռքահայ թերթերու առցանց լուրերը կամ «ԵուԹիուպ»-ի վրայ առկայ արեւմտահայերէն նախագիծները (ինչպէս` Zarmanazan կամ Կրկնակ դասերը):
Մէկ խօսքով, արեւմտահայերէնը սոսկ հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ` կենսունակ կամուրջ մը, որ մեզ կը միացնէ մեր պատմութեան, մշակոյթին եւ, կարեւորագոյնը` մեր ինքնաճանաչման: Խրախուսելով պատանիները, որպէսզի անոնք ստեղծագործեն մայրենիով` պատրաստելով վլոկներ, հարցազրոյցներ, թատերական պատկերներ ու թուային պարբերաթերթեր, մենք անոնց կը փոխանցենք լեզուի «տիրութեան» զգացումը: Երբ լեզուն կը դառնայ ընկերային շփման բնական միջոց` խմբային աշխատանքներու, խաղերու, եւ համասփիւռքեան փոխանակման ծրագիրներու, անիկա կը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը: Ի վերջոյ, մեր նպատակն է ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր հայերէնը ոչ թէ պարտադրանք է, այլ` ստեղծագործելու եւ աշխարհի հետ հաղորդակցելու հպարտ ու արդիական ձայն:
Արեւմտահայերէնի կրթական վերածնունդը` մեր յաղթանակի ճանապարհը
Եթէ ընտանեկան յարկը լեզուի բնական բնօրրանն է, ապա կրթօճախը այն կենսունակ միջավայրն է, ուր մեր մայրենին կը զրահաւորուի արդիականութեամբ: Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ դպրոցը լոկ ուսումնական վայր չէ, այլ` ոգեշնչման աղբիւր, որ կը միացնէ սերունդները` կերտելով հայախօս ապագայ:
Մեր տեսլականն է արեւմտահայերէնը թրթռուն պահել` իբրեւ կենդանի, ստեղծագործ եւ աշխուժ հաղորդակցութեան լեզու` յատկապէս մեր այն աշակերտներուն համար, որոնք հայկական վարժարաններու երդիքին տակ կը կերտեն իրենց ինքնութիւնը: Այսօր հայ դպրոցը ընտրող իւրաքանչիւր աշակերտ թանկագին ներուժ մըն է, եւ մեր առաքելութիւնն է այդ սերունդին ջամբել այնպիսի լեզուական հարստութիւն, որ արեւմտահայերէնը դառնայ իրենց առօրեայ ինքնարտայայտումի լաւագոյն ու հարազատ միջոցը:
Այս տեսլականը իրականացնելու համար կարեւոր է քաղել Մայքըլ Մաքտենիըլի փորձառութեան խորիմաստ պատգամը: Լեզուաբան Մաքտենիըլ, որ 2005-ին Թայլանտ մեկնեցաւ ախա համայնքի լեզուն փրկելու, շուտով հասկցաւ, որ լեզուի գոյատեւման նախապայմանը զայն խօսողին ապահովութիւնն ու առողջութիւնն է. «Գիւղացիները մոծակներու դէմ պաշտպանիչ ցանցեր չունին, եւ մանուկները ճանճերու պէս կը մեռնին: Հիւանդանոցի ծախսերուն համար դրամ չկայ, օդը սաստիկ տաք է, տուներուն մէջ պատառ մը ուտելիք չկայ, իսկ մալարիան իր հունձքը կը կատարէ»: Ան իր ծրագիրները վերադասաւորեց` նախ կեդրոնանալով երեխաներու փրկութեան վրայ, գիտակցելով, որ լեզուի ապագան զայն հնչեցնող սերունդին մէջ է:
Նոյնպէս եւ մենք` սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, կոչուած ենք մեր առաջնահերթութիւնները յստակացնելու: Մեր մեծագոյն ներդրումը պէտք է ըլլայ նոր սերունդի հայեցի կրթութեան եւ հոգեկան կապի ամրապնդումը: Թերեւս թուի, թէ նոր ձեւերու որդեգրումը կը պահանջէ ահռելի միջոցներ, սակայն հայութեան համաշխարհային ներուժը անսպառ է: Մենք ունինք սփիւռքի հսկայական փորձառութիւնն ու նուիրատուութեան ոգին, որոնք պատրաստ են թեւ ու թիկունք կանգնելու իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան:
Մեր միասնականութեամբ եւ նպատակասլաց քայլերով մենք կրնանք երաշխաւորել արեւմտահայերէնի ամէնօրեայ գործածութիւնը եւ պահպանումը: Վստահինք մեր պատանիներուն երեւակայութեան եւ զինենք զանոնք արդիական գործիքներով, որպէսզի մեր լեզուն հնչէ հպարտ, անկախ եւ յաւերժ ժամանակակից:
Նիկոսիա, մարտ 2026




Leave a Reply