«Ակօս» կարդալը յանցանք համարեցին

Թրքերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Իսմիպէյ Կիւշելի կը պաշտօնավարէր Ավճըլար, Ֆիւրուզքէօյի Անատոլու Լիսէին մէջ։

Երկրէ ներս տիրող խտրականութեան ապացոյցներէն մէկն ալ յայտնուեցաւ ուսուցիչի մը դէմ անհանդուրժողութեան երեւոյթով։

Թրքերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Իսմիպէյ Կիւշելի կը պաշտօնավարէր Ավճըլար, Ֆիւրուզքէօյի Անատոլու Լիսէին մէջ։

Ան 2025-ի Հոկտեմբերին տեղփոխուեցաւ Քիւչիւքչեքմեճէի Քատրիյէ Մօրօղլու Անատոլու Լիսէսի։

Այս պաշտօնափոխութենէն ետք պարզուեցաւ որ իր նախկին դպրոցի մէջ զանազան բողոքագրութիւններ կատարուած են պնդելով թէ ան ոսւուցչանոցի մէջ կը կարդար «Ակօս» եւ «Էվրենսել» թերթերը։ Բողոքագիրները նաեւ կը նշէին թէ ան յաճախ հայանպաստ ելոյթներ կ՚ունենար եւ կը փառաբանէր ալեւիութիւնը։

Կիւշելի այս մասին իր իրաւունքները պաշտպանելու համար փաստաբան Պիլկիւթայ Հաքքը Տուրնայի միջոցաւ դատարան դիմած է։

Փաստաբանը «Ակօս»ին յայտնած է թէ գործադրութիւնը կասեցնելու համար կատարուած դիմումը մերժուած է դատարանի կողմէ, հետեւաբար դիմումը փոխանցած են Բարձրագոյն Ատեան։

Մինչ այդ պաշտօնավայրի փոփոխութիւնը յաւելեալ դժուարութիւններ բեռցուցած է տուժող ուսուցչին։

https://www.agos.com.tr/am/news/agos-gartali-hantsank-hamarytsin-39629

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ