Քեսապի մէջ ազգային կազմակերպութիւններու մուտքն ու ծաւալումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Կիլիկիոյ մէջ յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալելու առաջադրանքով հնչակեան գործիչ հաճընցի Աղասի (Կարապետ Թուրսարգիսեան) 1892-ին շրջանին մէջ կազմակերպական աշխատանքներու ձեռնարկեց:

Աղասի Մուսա լերան Խտըրպէկ գիւղը իրեն կեդրոն ընտրեց եւ Սուէտիոյ, Անտիոքի ու Ալեքսանտրէթի շրջաններուն մէջ նուիրեալներ հաւաքելով յեղափոխական կազմակերպութեան հիմեր դրաւ:

Աղասի միաժամանակ կապեր հաստատեց ալեւիներուն հետ, զանոնք եւս Օսմանեան կայսրութեան դէմ յեղափոխական գործունէութեան մղելու առաջադրանքով: Ալեւիներու շէյխը խոստացաւ տասը հազար կռուողներով օժանդակելու հայերուն, եթէ հայերը իրենց կարգին երկու հազար հրացան տային իրենց:

Աղասիի նախաձեռնութեամբ կուսակցական գործիչներ` պարոններ շրջակայ գաւառներ ուղարկուեցան, պարտականութիւն ունենալով ամէնուրեք յեղափոխական բջիջներ կազմակերպել:

Քեսապ ուղարկուած պարոններէն յիշուած են Սարգիս Պալայեան (Քեռի), Սիսակ, Կարօ, Մուշեղ, Ջելլադ, Վարդան, Շաւարշ Շիշմանեան եւ Սիսակ Վանլեան:

* * *

Աղասիի կողմէ ուղարկուած պարոնները Գալատուրան հասնելով Գալեմտէրեաններուն տունը իջեւանեցան եւ իրենց հիւընկալներուն թելադրեցին վստահելի նկատուող երիտասարդները ժողովի հրաւիրել:

Գալեմտէրեանները բանիմաց եւ քիչ թէ շատ ժողովուրդի առաջ կեցող մարդիկ կը նկատուէին եւ անոնցմէ ոմանք կառավարական մարդոց հետ ալ կապեր ունէին:

Պարոնները ժողովականներուն խօսեցան տիրող անարդարութիւններուն, շահագործումներուն եւ կեղեքումներուն մասին, եւ ըսին որ թուրք կառավարութիւնը ամէն տեղ կը հալածէ հայերը: Ուրեմն հայերը պէտք է ընկերութիւն կազմեն,  կազմակերպուին եւ զինուին, որպէսզի կարենան իրենց իրաւունքները, ազգութիւնը եւ հաւատքը պաշտպանել:

Երկար խօսելէ ետք պարոնները Աւետարանը մէջտեղ դրին եւ ըսին որ ամէն մէկը ձեռքը անոր վրայ դնելով երդում պիտի ընէ եւ այդպէսով ընկերութեան անդամ պիտի ըլլայ:

Ժողովականներէն, հոսկէ հոնկէ ձայներ բարձրացան. «Մենք ոչ կաթոլիկ, ոչ ալ բողոքական կ՛ըլլանք»:

Պարոնները կրկին ու կրկին խօսեցան ընկերութեան, կուսակցութեան, յեղափոխութեան մասին, եւ ըսին որ ասիկա ոչ բողոքականութեան, ոչ ալ կաթոլիկութեան հետ կապ ունի, այլ ժողովուրդին համար օգտակար բան մըն է:

Այս խօսքերուն վրայ բոլորը մէկ մէկ ձեռքերնին Աւետարանին վրայ դրին եւ երդում ըրին: Այնուհետեւ անոնք շարքով համբուրեցին կուսակցութեան դրօշակը:

Գիշերը, ուշ ատեն ժողովականները ցրուեցան իրենց տուները:

Առաջին այդ ուխտեալներէն վերջին վերապրողը գալատուրանցի Կիրակոս Պաճագեանն էր, գիւղին աւանդապահը, որ մահացաւ 1980-ական տարիներուն, շուրջ հարիւրտաս տարեկան հասակին: Ուշ գիշերին երբ ան ժողովէն ետք տուն հասաւ, տնեցիք անոր հարցուցին որ ո՞ւր մնացած էր մինչեւ այդ ատեն: Կիրակոս պատասխանեց. «Այսօր բան մը եղանք, բայց ինչ էր չեմ գիտեր»:

Տնեցիք հարցուցին` «Դո՞ւն ալ կաթոլիկ եղար»: Կիրակոս պատասխանեց. «Ասիկա կաթոլիկութեան բան չէր»: «Բողոքակա՞ն եղար», ըսին: Կիրակոս պատասխանեց. «Ասիկա ոչ կաթոլիկութեան, ոչ ալ բողոքականութեան բան էր, ասիկա ուրիշ տեսակ բան էր, ժողովուրդին համար օգտակար բան մըն է: Անուն մը տուին, բայց միտքս չմնաց ինչ էր: Վաղը յայտնի կ՛ըլլայ ինչ եղած ենք»:

* * *

Յեղափոխական ուխտեալները փոքր խումբերով Մուսա լեռ երթալով զէնքեր բերին, խումբեր կազմեցին եւ սկսան զինավարժութիւններ կատարել:

Յեղափոխութեան առաջին նուիրեալներէն եւ գործօն աջակիցներէն եղաւ կաթողիկէ համայնքի հովիւ Նիկողայոս վարդապետ Պէօճէքեան:

Գալատուրանի Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան բոցաշունչ քարոզներով ժողովուրդին թելադրեց կազմակերպուիլ, զէնք ձեռք ձգել եւ պայքարիլ ամէն տեսակ անարդարութեան դէմ:

Աղասի 1895-ին շրջանէն հեռանալով Զէյթուն գնաց եւ իր զինակիցներուն հետ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Զէյթունի ապստամբութեան, որ սկսաւ նոյն տարուան սեպտեմբերին եւ աւարտեցաւ դեկտեմբերին, հայերու յաղթանակով:

Աղասիի եւ իր զինակիցներու շրջանէն հեռացումէն ետք օսմանեան կառավարութիւնը Մուսա լերան եւ Քեսապի մէջ յեղափոխական նկատուողներուն դէմ հալածանքներու ձեռնարկեց: Շատեր բանտերը նետուեցան եւ խոշտանգուեցան:

* * *

Վարի Պաղճաղազի գիւղացիները, թրքական գիւղերուն եւ յատկապէս Ֆագ Հասանի մօտիկ ըլլալով, յաճախ ճաշակած էին անոնց բռնութիւններն ու հալածանքները: Գիւղացիներէն ոմանք ալ թուրք աղաներու մարապաները` ծառաներն էին: Պաղճաղազցիներէն ոմանք ալ թրքախօս էին:

Վարի Պաղճաղազէն աղջիկ մը թուրք աղայի մը ուշադրութիւնը գրաւած էր: Աղան քանի մը անգամ փորձած էր աղջկան տիրանալ, բայց չէր յաջողած: Օր մըն ալ զինուած թուրքեր յարձակած էին աղջկան վրայ եւ բռնութեամբ իրենց հետ տանելով աղային յանձնած էին:

Պաղճաղազցինեը գացին եւ Լաթաքիա դատարան դիմեցին: Աղջիկը առեւանգուած էր բռնութեամբ, օր ցերեկով եւ վկաներ կային:

Դատարանը դատավարութեան օր որոշեց եւ պահանջեց որ ականատեսները ներկայանան եւ վկայեն:

Դատավարութեան նախորդող օրը, առաւօտուն, Վարի Պաղճաղազէն քանի մը մարդիկ, իբրեւ վկաներ, հետիոտն ճամբայ ելան դէպի Լաթաքիա:

Ուղեւորները կէսօրին ծառերու տակ կանգ առին, հանգչելու եւ պատառ մը հաց ուտելու:

Այդ նոյն պահուն դիմացի կողմէն եկող ջորեպաններ իրենց ուղեւորներով հասան եւ կանգ առին, հանգչելու համար:

Ջորեպանները քանի մը օր առաջ Պէյրութէն ճամբայ ելած Քեսապ կու գային: Ուղեւորներուն մէջ կար օտարական մը, որուն համար ըսին, որ երկրէ երկիր շրջող տերվիշ մըն է:

Պաղճաղազցիները եկողներուն պատմեցին թուրքերուն կողմէ իրենց գիւղացի աղջիկը բռնութեամբ փախցնելու դէպքը, թուրքերու տեւական բռնութիւնները, սանձարձակութիւնները, եւ ըսին որ Լաթաքիա կ՛երթան դատարանին մէջ վկայութիւն տալու:

Օտարական տերվիշը, պաղճաղազցիներուն պատմութիւնները մտիկ ընելէ ետք անոնց խօսեցաւ պայքարելու, դիմադրելու, զէնքի դիմելու սրբազան իրաւունքի մասին եւ խօսքը եզրափակեց. «Դուք շուն չունիք, շուն պահեցէք»:

* * *

Օտարական տերվիշը Սիմոն Զաւարեանն էր: Սոֆիայի մէջ 1904-ին գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երրորդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով ան յանձնառութիւն ստանձնած էր Կիլիկիոյ մէջ կուսակցական կազմակերպական գործունէութիւն ծաւալելու: Պէյրութի մէջ նուիրեալներու կորիզ մը կազմելէ ետք ան պիտի շրջագայէր Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններ եւ ամէնուրեք կուսակցական կորիզներ պիտի կազմէր:

Սիմոն Զաւարեան Քեսապի մէջ, բացարձակ գաղտնապահութեան պայմաններու տակ յեղափոխական նուիրեալներու կորիզ մը կազմեց: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջին նուիրեալները եղան Բարունակ Յովսէփեան, Նշան Չիւրիքեան, Ժոզէֆ Չիւրիքեան, Մատաթիա Կարպուշեան, Ժոզէֆ Հեքիմեան, Յակոբ Սողոմոնեան, Յովսէփ Ինճեճիկեան, Յովսէփ Յովսէփեան, Քիլաղպեան եղբայրներ, Փաւլոս Քորթեան եւ Նշան Մանճիկեան:

* * *

Լաթաքիա դատարան վկայութեան գացած պաղճաղազցիներէն մէկը քանի մը օր ետք Գալատուրան գալով Եսայի աղա Մանճիկեանի տունը հիւր եղաւ:

Պաղճաղազցին պատմեց, որ դէպի Լաթաքիա ճամբուն վրայ հանդիպած էին Պէյրութէն ջորեպաններու հետ եկող օտարականի մը, որ իրենց խօսած էր կռուելու անհրաժեշտութեան մասին եւ թելադրած էր շուն պահել:

Եսայի աղա (մեծ հօրս մեծ հայրը) իր վեց եղբայրներուն հետ մէկ շրջափակի մէջ ապրող նահապետական մեծ գերդաստանի պետն էր, գիւղին երէցփոխը եւ մեծաթիւ այծերու հօտերու տէր հեղինակաւոր դէմք: Ան ամէն տարի թիթեղներով իւղ ու պանիր նուէր կը բաշխէր:

Եսայի աղա ըսաւ, որ այդ օտարականը շուն պահեցէք ըսելով կռուող ուժ պահեցէք ըսել ուզած է, եւ շատ հաւանական է որ խորհրդաւոր ու ազգին նուիրեալ մէկը պէտք է ըլլայ: Ան փութով Գալատուրանէն Քեսապ մարդ ուղարկեց օտարականը գտնելու եւ հետը տեսնուելու համար:

Մինչ այդ արդէն Սիմոն Զաւարեան Քեսապէն ճամբայ ելած էր անորոշ ուղղութեամբ եւ ոչ ոք գիտէր թէ ուր գացած էր:

* * *

Սիմոն Զաւարեանի կազմած ուխտեալներու խմբակը եռանդուն աշխատանքի լծուեցաւ: Հետզհետէ նոր երիտասարդներ, որոնցմէ ոմանք տարբեր քաղաքներու մէջ ուսում ստացած էին, ստուարացուցին ուխտեալներու շարքերը:

Աւետիս Ինճեճիկեան Պէյրութի մէջ, Սիմոն Զաւարեանի հոն գտնուած ժամանակ, 1904-ին, անդամագրուած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Քեսապ վերադառնալէն ետք, 1905-ին, ան իր շուրջ խումբ մը երիտասարդներ հաւաքեց եւ հայերէն գրել կարդալ սորվելու անուան տակ կազմակերպական գործունէութիւն ծաւալեց: 1907-ին ան Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը ուսանելու գնաց: 1911-ին Պէյրութ մեկնեցաւ եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկագիտութիւն ուսանելով 1919-ին շրջանաւարտ եղաւ: Տոքթոր Աւետիս Ինճեճիկեան ազգային հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց:

Կուսակցութեան ուխտեալները կը գործէին բացարձակ գաղտնապահութեան պայմաններու տակ: Անոնց ընկերութեան անդամ ըլլալը պէտք չէ գիտնային նոյնիսկ ընտանիքի անդամները:

Կազմակերպութեան անդամները դաստիարակչական եւ քարոզչական գործունէութիւն սկսան ծաւալել եւ զինավարժութիւններ կատարել: Զէնքերը ձեռք կը ձգուէին սուղ գինով եւ մեծ դժուարութիւններով:

Կազմակերպութեան նուիրեալները ժողովուրդին ազգային գիտակցութիւն ներարկեցին եւ վստահութիւն շահեցան: Տեղական ներքին հարցերը կազմակերպութեան մարմինները կը լուծէին: Համայնքներու միջեւ լարուածութիւնները աստիճանաբար հանդարտեցան:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ