Կարմիր Վարդան Մամիկոնեան

(Երկու Վարդան Մամիկոնեաններ)

Հայոց պատմութեան մէջ երկու կարեւոր զօրավարներ նոյն Վարդան Մամիկոնեան անունով։ Այսօր կը յիշատակենք պատմաբաններու այս երկրորդը զանազանելու համար անուանակոչած «Կարմիր Վարդան»ի մեծ յաղթանակը, որ տեղի ունեցաւ Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտի վրայ կայացողէն ուղիղ 121 տարի անց, այս անգամ Դուինի մէջ եւ աւարտեցաւ հայոց բանակի յաղթանակով։ 2 Փետրուարը այդ պատերազմի տարեդարձն է, արդարեւ «Ակօս»ի ընթերցողներուն համար «Պատմաքաղ»ի էջերէն կ՚ընդօրինակենք հետեւեալ գրութիւնը։

Պարսկա­կան Սա­սանեան բռնա­պետու­թեան դէմ Արե­ւելեան Հա­յաս­տա­նի մէջ 571-ին նոր ապստամ­բութիւն մը բռնկե­ցաւ։ Այդ ապստամ­բութեան ղե­կավա­րը սպա­րապետ Վար­դան Մա­միկո­նեանն էր։ Ան, ի տար­բե­րու­թիւն 5-րդ դա­րու Աւա­րայ­րի ճա­կատա­մար­տի հե­րոս Վար­դան Մա­միկո­նեանի, մեր պատ­միչնե­րուն կող­մէ կո­չուե­ցաւ «Կար­միր Վար­դան»։

Այս նոր ապստամ­բութեան դրդա­պատ­ճառնե­րը գրե­թէ նոյններն էին, ինչ որ եղած էին Վար­դա­նան­քի ժա­մանակ՝ մօտ 120 տա­րի առաջ։ Այն օրէն, երբ Սա­սանեան Խոս­րով Նու­շիրվան ար­քան իր ազ­գա­կան Սու­րէն Վշնաս­պին նշա­նակեց ար­տա­կարգ լիազօ­րու­թիւննե­րով Հա­յաս­տա­նի մարզպան, վեր­ջինս Հա­յաս­տան հաս­նե­լով՝ ծան­րա­ցուց հայ ժո­ղովուրդէն գան­ձո­ւող հար­կե­րը, ոտ­նա­հարեց հայ նա­խարար­նե­րուն իրա­ւունքնե­րը, շա­րու­նա­կեց հարստա­հարու­թիւններն ու ճնշումնե­րը ժո­ղովուրդին վրայ։ Ան նաեւ կա­ռու­ցեց նոր կրա­կարան­ներ (ատ­րուշան­ներ) եւ հա­յու­թիւնը դրաւ կրօ­նափո­խու­թեան հար­կադրան­քի տակ՝ զա­նոնք հե­թանոս դարձնե­լու երա­զով։ Այս բո­լորին նպա­տակն էր վերջ տալ Մարզպա­նական Հա­յաս­տա­նի կի­սան­կախ գո­յու­թեան։

Կար­միր Վար­դան Մա­միկո­նեանը, հա­մաձայ­նե­լով Յով­հաննէս Բ. Գա­բեղեն­ցի կա­թողի­կոսի հետ, գաղտնի պատ­գա­մաւոր­ներ ղրկեց Բիւ­զանդիոնի Յուստի­նոս կայսրին։ Անոնք քրիս­տո­նեայ Բիւ­զանդիոնէն ռազ­մա­կան աջակ­ցութիւն խնդրե­ցին։ Յուստի­նոս խոս­տա­ցաւ, թէ ամէն ջանք պի­տի գոր­ծադրէ ազա­տագ­րե­լու Արե­ւելեան Հա­յաս­տա­նը Սա­սանեան լու­ծէն եւ զայն միաց­նե­լու Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի հետ, որ ար­դէն իսկ կը գտնո­ւէր Բիւ­զանդիոնի իշ­խա­նու­թեան տակ։

Ապստամ­բութեան ղե­կավար­նե­րը պատ­գա­մաւո­րու­թիւն ղրկե­ցին հա­րեւան Վրաս­տան եւ Աղո­ւանից աշ­խարհ՝ անոնց ղե­կավար­նե­րէն ռազ­մա­կան օգ­նութիւն խնդրե­լու հա­մար։ Անոնք խոս­տա­ցան աջակ­ցիլ հայ ապստամբնե­րուն, որով­հե­տեւ իրենք ալ կը գտնո­ւէին պարսկա­կան նոյն լու­ծին տակ։ Այսպէս, ապստամ­բութիւ­նը ըն­դարձա­կուե­ցաւ եւ ընդգրկեց ամ­բողջ Անդրկով­կա­սը։

Կար­միր Վար­դան Մա­միկո­նեանը Հա­յաս­տա­նի պար­սիկ մարզպան Սու­րէն Վշնաս­պէն պա­հան­ջեց, որ պարսկա­կան զօր­քը հե­ռանայ Հա­յաս­տա­նէն, կար­գա­ւորո­ւին ժո­ղովուրդէն գան­ձո­ւող հար­կե­րը, եւ ան­մի­ջապէս դադ­րե­ցուի ատ­րուշան­նե­րու կա­ռու­ցումը։ Մարզպա­նը մեկ­նե­ցաւ Տիզ­բոն՝ տես­նո­ւելու Սա­սանեան Խոս­րով Նու­շիրվան ար­քա­յի հետ եւ անոր ներ­կա­յաց­նե­լու հա­յոց պա­հանջնե­րը։

Պար­սիկ ար­քան, զայ­րա­նալով, կը հրա­մայէ ճնշել հա­յոց ապստամ­բութիւ­նը եւ կը փոր­ձէ հասկնալ իր մրցա­կից Բիւ­զանդիոնի դիր­քը, «Նա միաժա­մանակ ցան­կա­նում է իմա­նալ, թէ ինչ դիր­քո­րոշում ու­նի ապստամբնե­րի նկատ­մամբ բիւ­զանդա­կան ար­քունի­քը։ Այդ նպա­տակով նա պատ­գա­մաւո­րու­թիւն է ու­ղարկում Կոս­տանդնու­պո­լիս՝ պա­հան­ջե­լով տո­ւեալ տա­րուայ 30,000 ոս­կու ռազ­մա­տու­գանքը: Կայսրը հրա­ժար­ւում է վճա­րել ռազ­մա­տու­գանքը, իսկ հայ ապստամբնե­րի մա­սին յայ­տա­րարում է, որ եթէ նրանք ապստամ­բեն, ապա ին­քը պաշտպա­նու­թեան տակ է առ­նե­լու նրանց» Կայսրի այս դիր­քո­րոշու­մը պա­տերազ­մի յայ­տա­րարու­թիւն էր։ Մարզպան Սու­րէն Վշնաս­պը 15,000 զի­նուոր­նե­րով ներ­խուժեց Հա­յաս­տան, մտաւ Դո­ւին մայ­րա­քաղա­քը՝ հրա­ման ու­նե­նալով պատ­ժել հայ ապստամբնե­րուն։

Կար­միր Վար­դան Մա­միկո­նեանը իր շուրջ հա­ւաքո­ւած մօտ 20,000 զի­նուոր­նե­րով 572 թո­ւակա­նի Փետ­րո­ւարի 2-ին շար­ժո­ւեցաւ Դո­ւինի վրայ՝ պարսկա­կան զօր­քը դուրս վռնտե­լու Արե­ւելեան Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քաղա­քէն։ Պար­սիկնե­րը, անակնկա­լի եկած հա­յոց յանդգնու­թե­նէն եւ անսպա­սելի յար­ձա­կու­մէն, չկա­րողա­ցան ցոյց տալ լուրջ դի­մադ­րութիւն եւ դի­մեցին փա­խուստի։ Երե­կոյեան, հայ նա­խարար­նե­րէն Զո­րակ Կամ­սա­րակա­նը իր սու­րով սպան­նեց Սա­սանեան մարզպան Սու­րէն Վշնաս­պին, եւ պար­սիկ զօր­քի մեծ մա­սը բնաջնջո­ւեցաւ ճա­կատա­մար­տին, «Խոս­րո­վի գա­հակա­լու­թեան քա­ռասունմե­կերորդ տա­րում Վար­դա­նը ապստամ­բեց: Նա հա­մաձայ­նութեան գա­լով բո­լոր հա­յերի հետ, դուրս եկաւ Պար­սից թա­գաւո­րի ծա­ռայու­թիւնից։ Նրանք յան­կարծա­կի յար­ձա­կելով Սու­րէ­նի վրայ Դո­ւին քա­ղաքում՝ սպան­նում են նրան, վերցնում մեծ աւար… Նրանք յար­ձա­կուե­ցին Դո­ւինի վրայ, պա­շարե­ցին քա­ղաքը… եւ այնտե­ղից դուրս վռնտե­ցին պարսկա­կան զօր­քը»։

Այս հա­յոց երկրորդ Աւա­րայրն էր, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 572 թո­ւակա­նի Փետ­րո­ւարի 2-ին՝ առա­ջին Աւա­րայ­րէն 121 տա­րի ետք։ Սա­կայն այս ան­գամ ճա­կատա­մար­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ ոչ թէ Տղմուտ գե­տի ափին՝ Աւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ, այլ Հա­յաս­տա­նի Դո­ւին քա­ղաքին մէջ։

Այսպէս, Կար­միր Վար­դա­նի փայ­լուն ռազ­մա­վարու­թեամբ պար­սիկնե­րը խոր­տա­կիչ պար­տութիւն կրե­ցին եւ դուրս վտա­րուե­ցան Արե­ւելեան Հա­յաս­տա­նէն։ Այ­նուհե­տեւ Վար­դան Մա­միկո­նեանը (Կար­միր Վար­դա­նը), իր շուրջը հա­մախմբե­լով նաեւ Կով­կա­սի քրիս­տո­նեայ ժո­ղովուրդնե­րը (աղո­ւան­ներ, վրա­ցիներ, աբ­խազներ, ալան­ներ), թո­թափեց պար­սից գե­րիշ­խա­նու­թիւնը եւ դի­մեց Բիւ­զանդա­կան կայսրու­թեան հո­վանա­ւորու­թեան։

Շնոր­հիւ հա­յոց յաղ­թա­նակին 572 թո­ւակա­նի Փետ­րո­ւարի 2-ին եւ անոր յա­ջոր­դող դէպ­քե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի մեծ մա­սը ան­ցաւ Բիւ­զանդիոնին, ինչ որ այս պատ­մա­կան հանգրո­ւանին հայ ազ­գի հա­մար չա­րեաց փոք­րա­գոյնն էր…։

https://www.agos.com.tr/am/news/yrgvw-vartan-mamigvnyannyr-39418

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ