Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտութեան բաժնի դասախօսներէն Արմէն Արոյեան կեանքէն հրաժեշտ առաւ 13 Յունուարին Լոս Անճէլըսի մէջ։
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանի հայագիտութեան բաժնի դասախօսներէն Արմէն Արոյեան կեանքէն հրաժեշտ առաւ 13 Յունուարին Լոս Անճէլըսի մէջ։
Արոյեան ծնած էր 1943-ին Գահիրէ, Այնթապցի Արպերդ եւ Լուսի Արոյեանին ընտանիքին մէջ։
Ան 1962-ին գաղթեց Գալիֆորնիա, Փասատենա քաղաքը։
Արոյեանի գլխաւոր նախասիրութիւնը եղաւ ճամբորդել դէպի հայրենեաց երկիր, Այնթապի Ճիպին գիւղը։ Ան ապա բազում անգամներ այցելեց պատմական Հայաստանի զանազան շրջաններ, իր հետ ունենալով հայ զբօսաշրջիկներու խումբեր։ Այդ ուղեւորութիւններու միջոցաւ Արոյեան այցելեց նաեւ «Ակօս»ի խմբագրատունը, ուր ծանօթացաւ եւ շուտով մտերմացաւ Սարգիս Սերովբեանի հետ։ Տրուած ըլլալով որ երկուքն ալ որդեգրած էին նման առաքելութիւն, անոնց բարեկամութիւնը յարատեւ դարձաւ մինչեւ Սերովբեանի մահը։
Արմէն Արոյեանի բարի սովորութիւններէն մէկն ալ այս ճամբորդութիւններու ընթացքին նկարահանածները թափանցիկներու ցուցադրութեան եղանակով հանրութեան հետ բաժնելն էր։ Այսպէսով շատեր եթէ անձամբ ներկայ չըլլան իսկ ծանօթացան երբեմնի հայաշատ վայրերու մշակութային ժառանգին։




Leave a Reply