Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը արեւմտահայերէն դասաւանդելու ծրագիրն ընդունեց

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը վաւերացուց երկլեզու դասաւանդումներու իր ծրագիրը ընդարձակելու որոշումը՝ արեւմտահայերէնը եւս ներառելով անոր մէջ, իր անձնակազմին կոչ ընելով, որ զայն անյապաղ գործադրութեան դնէ, մշակելով զայն իրականացնելու յարմար քայլերը։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը այս նախաձեռնութիւնը աշխուժօրէն յառաջ մղած էր, վտանգուած նկատուող արեւմտահայերէնով դասաւանդումներու կարելիութիւնը ստեղծելու համար շրջանի հայութեան։

Կրթաշրջանին երկլեզու դասաւանդումներու ներկայ ծրագիրը կ՛իրականացուի 7 լեզուներով՝ արեւելահայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, քորէայերէն եւ սպաներէն, նախամանկապարտէզէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ, աւելիով զարգացնելով աշակերտներուն լեզուամտածողութիւնը։ Ներկայիս անոր մօտաւորապէս 3000 աշակերտներ կը մասնակցին։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսի Պետրոսեան ողջունեց արեւմտահայերէնը երկլեզու դասաւանդումներու ծրագիրին մէջ ներառելու՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան որոշումը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր նեցուկ կանգնողներուն եւ յատկապէս քաղաքի քարտուղար դոկտ. Սիւզի Ապաճեանին։

Իր կարգին, Ապաճեան յոյս յայտնեց, որ ծրագիրը անյապաղ գործադրութեան պիտի դրուի։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւս դրուատեց Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան որոշումը, զայն քաղաքին եւ հայ համայնքին միջեւ շինիչ գործակցութեան արգասիքը նկատելով։

https://asbarez.am/archives/495449

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ