«Project Save»-ի յիսնամեակին առթիւ 500 հազար տոլարի նուիրատուութիւն

Պոսթընի Project Save հայկական լուսանկարներու արխիւը, որ այս տարի կը տօնէ իր յիսնամեակը, յիշատակելի 500 հազարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ։

Մի ոմն խոստացած է 400 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը։ Իսկ, Նիւ Եորքէն բարերար Սապին Հրէշտակեան նուիրած է 50 հազար եւ մաս կը կազմէ հոգաբարձու խորհուրդին։ Նիւ Եորքէն մի ոմն մը եւս, ի յիշատակ Միքայէլ եւ Քաթրին Հալէպեաններուն, նուիրած է 50 հազար տոլար։

«Այս օժանդակութիւնները կը հաստատեն մեր հիմնարկին առաքելութեան կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։ Անոնք կ՛երաշխաւորեն են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման շարունակականութիւնը՝ գալիք սերունդներու համար », նշեց գործադիր Մասաչուսէցի մէջ հիմնուած «Project Save»-ի տնօրէն Արթօ Վոն։

Ան շեշտեց, թէ այս նուիրատուութիւնները արդիւնք են «Project Save»-ի յիսնամեակի ծիրէն ներս նախաձեռնուած յատուկ քայլերու, որոնք նպատակ ունին հիմնարկին գործունէութիւնը յայտնի դարձնել աւելի լայն շրջանակի մը, որ մասնակից է հայկական մշակոյթի պահպանման, լուսանկարչութեան եւ ընդհանրապէս ներգաղթի պատմութիւններու արժեւորումին։ «Ստացուած միջոցները պիտի ծառայեն աւելի լայնածաւալ հաղորդակցութեան, դրամահաւաքներու ամրապնդման, արհեստագիտական կարեւոր արդիականացումներու եւ նոր լիաժամ արխիւագէտի պաշտօնի ստեղծման։ Այս նուիրատուութիւնները սկիզբն են աւելի ընդարձակ ու կայուն զարգացման ծրագրի մը։ Անոնք հրաւէր մըն են բոլոր անոնց, որոնք հոգ կը տանին հայկական ժառանգութեան, մշակութային յիշողութեան ու ներգաղթական փորձառութեան, միանալու «Project Save»-ի առաքելութեան շուրջ», եզրակացուց Արթօ Վոն։

«Project Save»ը Միացեալ Նահանգներու մէջ հայութեան վերաբերեալ պատմական լուսանկարներու կարեւորագոյն շտեմարան հանդիսանայ։ «Project Save»ը Ռութ Թոմասեանի ջանքերով 1975-ին հիմնուած «Project Save»ի հաւաքածոյին մէջ սփիւռքի տարածքէն եւ հայրենիքէն կան աւելի քան 50 հազար պատմական լուսանկարներ, որոնք նկարուած են 1860-էն 1980-ականներու միջեւ:

https://horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ