Ազրպէյճան Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը կը ճանչնայ Հայաստանի անբաժանելի մաս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կարսի անկումէն (30 հոկտեմբեր 1920) ետք հայկական բանակը բարոյական եւ հոգեբանական ծանր պայմաններու տակ շարունակեց նահանջել: Թշնամիին ձեռքը ինկան մեծ թիւով գերիներ եւ զէնք ու զինամթերք:
Թրքական զօրքերու հրամանատար Քեազէմ Քարապեքիր նոյեմբեր 7-ին զինադադարի առաջարկ ներկայացուց, որ աւելի վերջնագիր էր:
Հայկական կողմը ստիպուած ընդունեց թրքական պահանջները եւ նոյն օրը յանձնեց Ալեքսանդրապոլը: Թուրքեր նոյեմբեր 12-ին գրաւեցին Աղինը:
Թուրքեր շուտով նոր պահանջներ ներկայացուցին: Հայերը պէտք է զիջէին մինչեւ Սուրմալու – Արաքս կայարան – Արագած լեռ-Նովօ Միխայլովկա – Լոռիքենդ գիծը: Հայաստանի կառավարութիւնը մերժեց:
Թրքական բանակի յարձակումը շարունակուեցաւ եւ նոյեմբեր 16-ին թուրքեր գրաւեցին նաեւ Ջաջուռը:
Նոյեմբեր 18-ին Համօ Օհանջանեանի կառավարութիւնը ընդունեց թրքական հրամանատարութեան ներկայացուցած զինադադարի պայմանները եւ նոյն օրը դադրեցան ռազմական գործողութիւնները:
Նոյեմբեր 22-ին հայկական պատուիրակութիւնը Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ մեկնեցաւ Ալեքսանդրապոլ, թուրքերուն հետ բանակցելու համար:
Նոյեմբեր 23-ին Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութիւնը հրաժարեցաւ եւ կազմուեցաւ Սիմոն Վրացեանի կառավարութիւնը:
Նոյեմբեր 25-ին Ալեքսանդրապոլի մէջ սկսան հայ-թրքական հաշտութեան բանակցութիւնները:
* * *


Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք Սիմոն Վրացեան բանակցութեան մէջ մտաւ Խորհրդային Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Պորիս Լեգրանի հետ:
Լեգրան ըսաւ, որ Խատիսեանի պատուիրակութիւնը պէտք է ետ կանչուի Ալեքսանդրապոլէն, մերժուին թուրքերու պահանջները եւ խորհրդային զօրք մտցուի Հայաստան:
Վրացեան առարկեց ըսելով որ ներկայիս Հայաստանի սահմաններուն մօտ անհրաժեշտ քանակութեամբ ռուսական զօրք չկայ եւ հետեւաբար ինչ երաշխիք կայ, որ նախքան ռուսերուն Երեւան հասնիլը, թուրքերը, բանակցութիւնները ընդհատելու պարագային, աւելի մօտ ըլլալով, աւելի շուտ չեն մտներ Արարատեան դաշտ, աւեր ու մահ սփռելով իրենց շուրջ:
ԵրեւանԼեգրան պատասխանեց ըսելով որ թուրքերը, իմանալով ռուսական զօրքի Հայաստան մտնելու մասին, չեն համարձակիր յարձակելու:
Վրացեան նկատեց, որ եթէ այդպէս է, ապա ռուսական կողմի դիւանագիտական միջամտութիւնը կրնայ բաւարար ըլլալ թրքական յարձակումը կասեցնելու համար:
Սիմոն Վրացեան լաւ կը հասկնար, որ ռուսերը Հայաստանի համար թուրքերուն դէմ պիտի չկռուէին: Պարզ էր նաեւ որ Ռուսաստանի համար Թուրքիան աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունէր:
* * *
Հայաստանի խորհրդայնացման հարցը արդէն լուծուած էր Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ:
Պաքուի մէջ 22 նոյեմբեր 1920-ին Սարգիս Կասեանի նախագահութեամբ կազմուած էր Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէն` յեղկոմը: Անդամներն էին` Ասքանազ Մռաւեան, Սահակ Տէր Գաբրիէլեան, Աւիս Նուրիջանեան, Ալեքսանդր Բեկզադեան եւ Իսահակ Դովլաթեան:
Նոյեմբեր 25-ին Պաքուէն յատուկ շոգեկառքով Ղազախ մեկնեցան յեղկոմի քանի մը անդամներ, որպէսզի կարմիր բանակի ջոկատներուն միջոցով կազմակերպեն Հայաստանի խորհրդայնացումը:
Նոյեմբեր 27-ին Սերգօ Օրջոնիկիձէ հեռագիր ուղարկեց Մոսկուա. «Վաղը Կասեանը կը սկսի»:
Տասնմէկերորդ կարմիր բանակի 18-րդ հեծելազօրային բաժանմունքը, որուն կազմին մէջ էր նաեւ հայկական առանձին հրացանաձիգ գունդը, յարձակումը պիտի սկսէր Ղազախէն:
Ռազմական գործողութիւնները սկսան նոյեմբեր 29-ի առաւօտեան ժամը 6:00-ին: Ռուսական զօրքերը անցան հայ-ազրպէյճանական սահմանը եւ գրաւեցին Աղստեւ գետի ափին գտնուող Քարվանսարան (ներկայիս` Իջեւան):
Նոյն օրը Հայաստանի ռազմայեղափոխական կոմիտէն «աշխատաւոր ժողովուրդի» (տեղի չունեցած) ապստամբութեան անունով, եւ «աշխատաւոր ժողովուրդի կամքով ու ցանկութեամբ» երկիրը հռչակեց խորհրդային ընկերվարական հանրապետութիւն:
* * *

Ռուսական զօրքերու Հայաստանի սահմաններ մուտք գործելու լուրը իմանալով վարչապետ Սիմոն Վրացեան անմիջապէս դիմեց Լեգրանի: Լեգրան սկիզբը հերքեց, ապա հաստատեց, որ «Հայաստանի խորհրդայնացումը անխուսափելի է»:
Այնուհետեւ Լեգրան հեռագիր ուղարկեց Չիչերինի եւ պահանջեց դադրեցնել ռուսական զօրքի յառաջխաղացքը, զայն յետաձգելով մինչեւ դեկտեմբեր 3, եւ նշելով, որ խնդիրը խաղաղ միջոցներով լուծելու համար բանակցութիւններ կը վարէ:
Լեգրան կը ձգտէր Հայաստանը խորհրդայնացնել անարիւն ճանապարհով: Ան Հայաստանի կառավարութեան վերջնագիր ներկայացուց: Վարչապետ Սիմոն Վրացեան առաջարկեց վերջնագիրը գրաւոր ներկայացնել:
* * *
Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի Քաղբիւրոյի եւ Կազմբիւրոյի համատեղ նիստի ընթացքին, նոյեմբեր 30-ին որոշում ընդունուեցաւ, որուն համաձայն Ազրպէյճանի բանուորագիւղացիական կառավարութեան կողմէ կը յայտարարուի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վէճերը վերջացած կը համարուին, եւ Ղարաբաղ, Զանգեզուր եւ Նախիջեւան Հայաստանի մաս կը նկատուին:
Ազրպէյճանի խորհրդային կառավարութեան 30 նոյեմբեր 1920 թուակիր հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուէր.
«Խորհրդային Ազրպէյճանի կառավարութիւնը խորին բերկրանքի զգացումով կ՛ողջունէ այն հերոսական ջանքերը, որ այս պահուն հայ ժողովուրդը կը գործադրէ աւելի քան երկու տարուայ ընթացքին Հայաստանը ի սպառ քայքայման ու յուսահատութեան հասցուցած դաշնակ կառավարութեան ատելի լուծի դէմ մղուող պայքարին մէջ: Դաշնակներու տիրապետութեան շրջանը արիւնալի նախճիրի, ազգամիջեան սպանդի շրջան մըն է, որուն ընթացքին հեղուած է հայ եւ իսլամ ժողովուրդներու արիւնը:
Խորհրդային Ազրպէյճանը, ընդառաջելով Հայաստանի եւ Զանգեզուրի սահմաններուն վրայ մեր լաւագոյն համայնավար ընկերներու անմեղ արիւնը թափած եւ թափող դաշնակներու իշխանութեան դէմ եղբայրական հայ աշխատաւոր ժողովուրդի պայքարին, կը յայտարարէ, որ այսուհետեւ ոչ մէկ տարածքային հարց չի կրնար դառնալ երկու դարաւոր դրացի ժողովուրդներու` հայերու եւ իսլամներու փոխադարձ արիւնահեղութեան պատճառ: Ղարաբաղի, Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի նահանգներու տարածքները կը կազմեն Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մասը: Զանգեզուրի սահմաններուն վրայ ռազմական բոլոր գործողութիւնները կը դադրեցուին, իսկ Խորհրդային Ազրպէյճանի զօրքերը դուրս կը բերուին:
Բացի այդ, Խորհրդային Ազրպէյճան Խորհրդային Հայաստանի առջեւ լայնօրէն կը բանայ քարիւղի եւ այն բոլոր մթերքներու անսպառ պաշարներու դարպասները, որոնցմով օժտուած է:
Այդ հարստութիւնները, որոնք կորզուած են համաշխարհային կայսերապաշտութեան գիշատիչներու կողմէ, եւ յանուն որոնց արիւնալի խրախճանքներ սարքուած են Անդրկովկասի տարածքին, այսուհետեւ կը դառնան Ռուսաստանի, Խորհրդային Ազրպէյճանի եւ Խորհրդային Հայաստանի աշխատաւորներու սեփականութիւնը, որոնք, համախմբուելով, կուռ շարքեր կազմած, կը քալեն մինչեւ համաշխարհային համայնավարութեան վերջնական յաղթանակը:
Կեցցէ՛ Խորհրդային Հայաստան, եւ Ազրպէյճանի աշխատաւորութեան եղբայրական դաշինքը:
Կեցցէ՛ համաշխարհային յեղափոխութիւնը, որ կը բերէ խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ ազատագրում աշխարհի ճնշուածներուն»:
Ազրպէյճանի Խորհրդային կառավարութեան այս հռչակագիրը յաջորդ օր` դեկտեմբեր 1-ին վաւերացուեցաւ Պաքուի Խորհուրդի ընդլայնուած նիստի ընթացքին ընդունուած հռչակագիրով:
Սակայն Ազրպէյճանի յեղկոմի նախագահ Նարիման Նարիմանով դեկտեմբեր 2-ին հռչակագիրը հրապարակեց այլ խմբագրումով: Հոն կ՛ըսուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի աշխատաւոր գիւղացիութեան կը տրուի ինքնորոշման լրիւ իրաւունք:
* * *

Սիմոն Վրացեանի կառավարութիւնը նոյեմբեր 30-ին ստացաւ Լեգրանի գրաւոր վերջնագիրը եւ եկաւ այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի խորհրդայնացումը անխուսափելի է, երկրին ու ժողովուրդին կենսական շահերը կը պահանջեն զայն կատարել առանց ցնցումներու եւ արիւնահեղութեան: Վերջնական որոշում տալէ առաջ վճռուեցաւ հարցը քննութեան դնել նաեւ կուսակցութիւններու եւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ժողովներու ընթացքին:
Նոյեմբեր 30-էն դեկտեմբեր 1 լուսցող գիշերուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի, Հայաստանի կեդրոնական կոմիտէի խորհրդարանական հատուածի եւ կառավարութեան անդամներու ու կուսակցութեան շարք մը պատասխանատու դէմքերու լիագումար նիստը:
Համօ Օհանջանեան, Ռուբէն Դարբինեան եւ Վահան Նաւասարդեան Լեգրանի պահանջը նկատեցին անընդունելի եւ առաջարկեցին զէնք բարձրացնել` երկիրը բոլշեւիկեան նուաճումէն պաշտպանելու համար:
Յովհաննէս Քաջազնունի, Դրօ, Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան բոլշեւիկներուն դէմ կռիւը կը նկատէին աղիտալի, որովհետեւ շատ հաւանական էր որ կռուի պարագային երկու ճակատ պիտի ստեղծուէր, իսկ Հայաստան անկարող էր միաժամանակ կռուելու թէ՛ բոլշեւիկներուն եւ թէ թուրքերուն դէմ:
Այս ժողովի ընթացքին մշակուեցան այն սկզբունքները, որոնց հիմամբ պէտք է տեղի ունենար իշխանափոխութիւնը: Որոշուեցաւ Դրոն եւ Համբարձում Տէրտէրեանը առաջադրել, առանց յապաղելու, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ կառավարութեան կողմէ բանակցութեան մէջ մտնելու Լեգրանի հետ: Ժողովը տեւեց մինչեւ դեկտեմբեր 1-ի լուսաբացը: Դրօ եւ Տէրտէրեան առաւօտուն անցան իրենց պարտականութիւններու կատարման:
Leave a Reply