ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ալեքսանտրէթի Սանճագը, իբրեւ Հաթայի պետութիւն, գործնապէս Թուրքիոյ կցուած էր:
Սուրիական կառավարութեան եւ Սանճագի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ հայ ազգային ու եկեղեցական մարմիններու դիմումներուն եւ բողոքներուն վրայ, Ֆրանսայի ծերակոյտի արտաքին գործերու յանձնախումբը, կացութիւնը փրկելու մտքով, Սանճագի առկախ մնացած կնճռոտ հարցերը լուծելու առաջադրանքով, այսպէս կոչուած «Միջերկրականեան կոմիտէ»-ն ստեղծեց: Կոմիտէի նախագահ ընտրուեցաւ Կիւսթաւ Կոթերօ:
Կոմիտէն ծերակուտական Կիւսթաւ Կոթերոն եւ երեսփոխան մարքիզ Փոլ տը Վէուն լիազօրեց Սանճագ այցելելու, ժողովուրդին հետ հանդիպումներ ունենալու, կացութիւնը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու եւ տիրող իրավիճակի մասին տեղեկագիր պատրաստելու:
Կիւսթաւ Կոթերօ (1880-1948) պատմաբան, համալսարանի դասախօս եւ քաղաքական գործիչ էր: Եղած էր Փարիզի Կաթողիկէ հիմնարկի պատմութեան փրոֆեսէօր: Մասնակցած էր համաշխարհային առաջին պատերազմին, վիրաւորուած էր 1915-ին եւ արժանացած Պատերազմական խաչի ու Պատուոյ լեգէոնի շքանշաններու: Պէյրութի մէջ 1924-ին հիմնուած «Լ՛Օրիան» թերթի խմբագիր եղած էր: 1932-ին Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամ ընտրուած էր: Ան կաթոլիկ, թագաւորական եւ հակահամայնավար հայեացքներ ունէր եւ ծանօթ էր ֆրանսական յեղափոխութեան վերաբերեալ պահպանողական ու կաթոլիկական դիտանկիւնէն գրուած աշխատութիւններով եւ հակահամայնավարական գործունէութեամբ: Հեղինակած է շուրջ յիսուն գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ յիշենք «Յակոբինեան վանտալիզմը», «Սեպտեմբեր 1792. ջարդերու քաղաքական պատմութիւնը», «Կարմիր ալիքը» եւ «Երկաթէ վարագոյրի ետին»:
Մարքիզ Փոլ տը Վէու ազնուական ընտանիքէ էր, սպայ, պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ: Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտէն ետք ան հարիւրապետի աստիճանով ծառայութեան մտաւ ֆրանսական բանակի Արեւելեան լեգէոնին մէջ, մասնակցեցաւ Կիլիկիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն եւ Կիլիկիոյ ֆրանսական գրաւման բանակի քաղաքական բաժինի պատասխանատուն եղաւ: Ան անմիջականօրէն ականատես եղաւ ֆրանս-հայկական զինակցութեան եւ յետոյ Ֆրանսայի կողմէ Կիլիկիոյ լքման ու հայ բնակչութեան կրած ողբերգութեան:
Փոլ տը Վէու սերտ կապեր հաստատած էր հայ մշակութային ու քաղաքական գործիչներու հետ եւ հայերու մօտիկ բարեկամ կը նկատուէր: Ան սերտ կապեր ունէր յատկապէս գրագէտ եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեանի հետ:
Մարքիզ Փոլ տը Վէու հեղինակ է պատմագիտական մեծ արժէք ներկայացնող աշխատութիւններու: «Կիլիկիոյ տառապանքը. 1919-1922» գիրքին մէջ ան մանրամասն կերպով նկարագրած է Կիլիկիայէն ֆրանսական զօրքերու նահանջը եւ թրքական զօրքերու կողմէ հայ բնակչութեան կոտորածներն ու տեղահանութիւնը: «Ալեքսանտրէթի աղէտը» գիրքին մէջ անդրադարձած է Սանճագը Թուրքիոյ յանձնելու քաղաքական գործարքներուն եւ անոր ծանր հետեւանքներուն հայ եւ արաբ ու քրիստոնեայ բնակչութեան համար: «Վտանգուած քրիստոնեաները Մուսա Լերան վրայ» գիրքին մէջ անդրադարձած է Մուսա Լերան հայութեան վիճակին եւ անոր սպառնացող վտանգներուն մասին:
Կիւսթաւ Կոթերօ եւ մարքիզ Փոլ տը Վէու 1938 հոկտեմբերի սկիզբը Փարիզէն գալով Պէյրութ ցամաք ելան:
Հաթայի պետութեան մէջ Թուրքիոյ լիազօր ներկայացուցիչ Ճեւատ Աչըքալըն հեռագիր ուղարկեց Պէյրութ` Բարձր կոմիսարութեան, եւ Կիւսթաւ Կոթերոյի ու Փոլ տը Վէուի Հաթայի պետութեան սահմաններէն ներս մուտքը Թուրքիոյ հանդէպ ոչ բարեկամական քայլ նկատեց:
Կիւսթաւ Կոթերօ եւ մարքիզ Փոլ տը Վէու շարժավար Գրիգորի ինքնաշարժով Պէյրութ-Լաթաքիա երթուղիով ուշ երեկոյեան Քեսապ հասան:
Նոյն օրը, աւելի կանուխ, Անտիոքէն ճամբայ ելած թուրք երեսփոխաններ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ոստիկաններ Քեսապ հասան, ֆրանսացի հիւրերը դիմաւորելու համար:
Քեսապ հասնելով, Կիւսթաւ Կոթերօ եւ Փոլ տը Վէու լատինաց վանքը իջեւանեցան եւ վանահայր Փատրէ Սելվեսթրոյի հիւրը եղան:
Հայր Սելվեսթրօ, Կիւսթաւ Կոթերօ եւ Փոլ տը Վէու առանձին խորհրդակցութիւն ունեցան տիրող իրավիճակի մասին: Քիչ ետք վանք հասան կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Յովհաննէս վարդապետ Էքմէքճեան եւ քանի մը քեսապցիներ: Անոնք հիւրերուն հետ խօսեցան տիրող կացութեան, թրքական կամայականութիւններուն եւ ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու Սուրիոյ կազմին մէջ մնալու փափաքին մասին:
Կոթերօ եւ Փոլ տը Վէու քեսապցիներուն հետ խորհրդակցեցան սահմանային փոփոխութեան եւ Սուրիոյ կազմին մէջ մնալու հնարաւորութիւններու մասին:
Յաջորդ օր քեսապցիներուն հրաժեշտ տալով, Կիւսթաւ Կոթերօ եւ մարքիզ Փոլ տը Վէու շարժավար Գրիգորի թելադրեցին ինքնաշարժը շիտակ Անտիոք քշել:
Թուրք գաղտնի ոստիկաններ քայլ առ քայլ կը հետեւէին ֆրանսացի հիւրերուն:
Շարժավար Գրիգոր ինքնաշարժը քշեց դէպի Անտիոք, բայց իրեն ցուցմունք տրուեցաւ քանի մը տեղ երթալ-գալ: Այսպիսով Կոթերօ եւ Փոլ տը Վէու տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարեցին ապագայ սահմանային հնարաւոր փոփոխութեան համար: Անոնք միաժամանակ կը ջանային խուսափիլ թուրք գաղտնի ոստիկաններու հետապնդումներէն:
Անտիոք հասնելէն ետք անոնք ուղղուեցան Մուսա Լեռ, ուր ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացան: Մուսալեռցիք անոնց ըսին, որ չեն ուզեր թրքական տիրապետութեան տակ մնալ:
Ծերակուտական Կիւսթաւ Կոթերօ եւ երեսփոխան մարքիզ Փոլ տը Վէու 16 հոկտեմբեր 1938 թուակիր «Բաց նամակ» խորագիրով գրութիւն մը ուղարկեցին Փարիզ, արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Պոննէի, ուր կ՛ըսուէր.
«Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ երկար ամիսներէ ի վեր Ֆրանսայի լաւագոյն բարեկամները զոհ կը դառնան հակառակորդներու, որոնցմէ սարսափելու բոլոր հիմերը ունին անոնք, ինչպէս որ ատիկա ժամանակին ապացուցեցին Կիլիկիոյ մէջ կատարուող անոնց աւելի նորագոյն սխրագործութիւնները:… Կը ծրագրուի այստեղ եւս իրագործել (Գերմանիոյ կողմէ Աւստրիոյ կլանման նման) նոր միացում մը, որ ուղղակի դատապարտելի է թէ՛ այս շրջանի բնակչութեան մեծամասնութեան եւ թէ Սուրիոյ պետութեան հանդէպ Ֆրանսական Հանրապետութեան կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններէն մեկնելով»:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըփրեթրը իր մօտ աշխատանք տուած էր Պէյրութ հաստատուած քեսապցի քանի մը երիտասարդներու: Այդ երիտասարդները անոր կը պատմէին իրենց գիւղին, ընտանիքներուն եւ գիւղական նահապետական կեանքին մասին, որոնք հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընէր:
Մոնսենիոր Ռեմի-լուի Լըփրեթրը, աւազանի անունով` Լուի-Մարի Լըփրեթրը, ծնած էր 28 օգոստոս 1878-ին, հիւսիսային Ֆրանսայի Փորթէլ աւանը եւ զաւակն էր Ժան-Պափթիսթ Լըփրեթրի եւ Մարի Մարկըրիթ Պահէոյի: 25 յուլիս 1903-ին ան Ֆրանչիսկեան ուխտի կրօնաւոր ձեռնադրուած էր Ռեմի-Լուի անունով:
Համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակ ան Պելճիքայի Մալին (Մեշելէն) քաղաքի ֆրանչիսկեաններու վանքին մեծաւորն էր եւ վանքին մէջ հիւանդանոց հաստատած էր վիրաւորները դարմանելու համար: Գերմանական զինուորական իշխանութիւնը մահուան դատապարտեց զայն, բայց յետոյ Գերմանիոյ ֆրանչիսկեաններուն միջամտութեամբ մահապատիժը աքսորի փոխուեցաւ: Ռեմի-Լուի Լըփրեթրը ֆրանչիսկեաններու Ֆրանսայի շրջանին մեծաւորն էր, երբ Պիոս ԺԱ. պապ 15 մարտ 1936-ին անոր Ռուսիումի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոսի կոչում տուաւ եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ նշանակեց: 12 մայիս 1936-ին Արասի թեմի Պուլոնյը-սիւր-Մէր քաղաքի Նոթրը Տամ տաճարին մէջ ան կարտինալ Լուիճի Մակլիոնէի ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ:
Պապական նուիրակ մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըփրեթրը մասնաւոր առաքելութեամբ Քեսապ այցելեց եւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ: Ան Քեսապ աւանի բարձունքին գտնուող լատին ֆրանչիսկեաններուն վանքը իջեւանեցաւ եւ վանահայր փատրէ Սելվեսթրոյի ու քեսապցիներու սրտբաց հիւրասիրութիւնը վայելեց: Մոնսենիորը իր աչքերով տեսաւ ու ճանչցաւ հայ տոհմիկ գիւղը եւ գիւղացին: Խորապէս տպաւորուեցաւ, որ ինչպէս քեսապցիք քարքարուտ հողերէն ու ժայռերէն իրենց հացը կը հանեն եւ ինչպէս ամրօրէն կառչած են իրենց ինքնութեան: Մոնսենիորը քեսապցիներու հետ մասնաւոր խօսակցութեան մը ընթացքին խոստացաւ իր կարելին ընել Քեսապը փրկելու համար: Քեսապը փրկելով փրկուած պիտի ըլլային նաեւ Քեսապ աւանի եւ Վարի Պաղճաղազի լատիններու վանքերը: Քեսապ Սուրիոյ մէջ լատին համայնքի գլխաւոր կեդրոններէն մէկն էր: Նշենք, որ Վարի Պաղճաղազի ֆրանչիսկեաններու առաքելութիւնը նպատակ ունէր լատինականութիւնը տարածել նաեւ ալաուիներու շրջաններուն մէջ:
Մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըփրեթրը Քեսապը Սուրիոյ կազմին մէջ պահելու առաջադրանքով դիմեց Պիոս ԺԱ. պապին:
Պիոս ԺԱ. պապ եւ Վատիկանի պետական քարտուղարութիւնը դիւանագիտական խողովակներով դիմեցին ֆրանսական կառավարութեան` յորդորելով ապահովել Քեսապի եւ ընդհանուր առմամբ Սանճագի քրիստոնեաներու անվտանգութիւնը, կրօնական ազատութիւնները եւ իրաւունքները:
Պիոս ԺԱ. պապ 25 նոյեմբեր 1938-ին, քանի մը ժամուան ընթացքին սրտի երկու ծանր տագնապ անցուց: Ան վախճանեցաւ 10 փետրուար 1939-ին:
Մոնսենիոր Ռեմի-Լուի Լըթրեթրը դիմեց նաեւ ֆրանսացի քաղաքական ազդեցիկ դէմքերու, ըսաւ, որ Սանճագի մէջ սահմանային փոքր փոփոխութեամբ մը քսանհինգ հազար կաթոլիկներ կը փրկուին եւ իրենց հողերուն վրայ կը մնան: Առանց յուսահատելու ան հետեւողական աշխատանք տարաւ սահմանային փոփոխութեամբ մը Քեսապը Սուրիոյ կազմին մէջ պահելու համար:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply