Ակնարկ. Թրքական եւ ազրպէյճանական առաւելապաշտութիւնը

•

Հայաստանի առաջին նախագահին գլխաւոր խորհրդականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հնչած միտքերը ընդհանրապէս այսօրուան գործող իշխանութիւններուն քաղաքականութեան պաշտպանութիւնը կը կազմեն: Առանցքը այնտեղ ծուարած միտքերուն այն է, որ Արցախի կորուստին կամ այսօրուան սահմանին փակ մնալուն եւ Ազրպէյճանի պահանջներուն զարգացման  պատճառը հայկական կողմին առաւելապաշտութիւնն է: Մնացեալը այս մեղադրանքին շուրջ դարձող մտորումներ են, առընթեր օգնութեան հասած հիմնաւորումներ: Ըստ Լիպարիտեանի, Անգարան յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը արտապատուիրակած է Պաքուին:

Հաւանաբար իւրաքանչիւր միտք հակափաստարկելը այստեղ անհրաժեշտութիւն չէ: Սակայն անհրաժեշտ է արձանագրել հետեւեալ իրողութիւնները: Անգարայի դասական բոլոր նախապայմանները ընդառաջուած են հայկական կողմէն: Իշխանութիւններուն համար Արցախի հարցը լուծուած է. Երեւանը ընդունած է Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Երեւանը, վարչապետին իսկ յայտարարութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը դուրս բերած է արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն: Երեւանը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ չունի տարածքային որեւէ պահանջ ո՛չ Թուրքիայէն եւ ո՛չ ալ Ազրպէյճանէն:

Նախքան Ազրպէյճանի կողմը դառնալը հաստատենք, որ Անգարայի առաջ քշած նախապայմաններու ընդառաջումով հանդերձ, սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ: Անգարան չէ բաւարարուած ո՛չ Արցախը Ազրպէյճան նկատելով, ո՛չ Ցեղասպանութիւնը օրակարգէն դուրս բերելով, ո՛չ ալ պաշտօնապէս յայտարարելով, որ պահանջ գոյութիւն չունի տարածքային առումով:

Հակառակ այս միակողմանի զիջողականութեան եւ հակառակ նաեւ խաբուսիկ պայմանաւորուածութիւններուն, սահմանը կը շարունակէ մնալ փակ: Ըստ Լիպարիտեանի, որովհետեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կայ առաւելապաշտ մօտեցում Անգարայի նկատմամբ. նաեւ` Ազրպէյճանի:

Լիպարիտեան այստեղ այլ տեսութիւն կը փորձէ բացատրել. Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դերերը շրջուած են: Թուրքիան այսօր տնտեսական լրջագոյն դժուարութիւններ ունի եւ ինք կախեալ է Ազրպէյճանէն, որուն ներդրումներուն պէտք ունի: Այս տրամաբանութեամբ, Անգարան Երեւանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոն չի դարձներ եւ առաջին հերթին սահմանը չի բանար, պարզապէս որովհետեւ ազրպէյճանական ներդրումներուն պէտք ունի: Եթէ այս է տրամաբանութիւնը, ապա այս սառեցուած վիճակը ոչ թէ հայկական առաւելապաշտութեան պատճառով է, այլ` Պաքուի ներդրումները չկորսնցնելու:

Եւ եթէ շարունակենք նախորդ խորհրդականի տրամաբանութիւնը, ուրեմն Ազրպէյճան կը պարտադրէ Անգարային չբանալ սահմանը` դարձեալ հայ առաւելապաշտներուն պատճառով: Այստեղ արդէն լրիւ որդեգրուած են Ազրպէյճանի պաշտօնական մօտեցումները: Ազրպէյճան հայկական առաւելապաշտութեան պատճառով է, որ կը պահանջէ Զանգեզուրի միջանցք, փախստականներու վերադարձ, ամբողջական տեղեկանք անհետ կորսուածներու, ներողութիւն` հայ ժողովուրդէն եւ, անշուշտ, Սահմանադրութեան փոփոխութիւն: Նախորդ խորհրդականի այս թեզերը եւս կրկնութիւնն են վարչապետի յայտարարածներուն:

Ազրպէյճանի որդեգրած հայելային մարտավարութիւնը լրիւ կ՛որդեգրուի այսօրուան Երեւանի եւ նախկին խորհրդականի կողմէ, որոնք կ՛արդարացնեն Ազրպէյճանի անվերջ նորոգուող նախապայմանները:

Քաղաքագիտական այբուբեն է, որ միջպետական համաձայնութիւններ կը կայացնեն պետութիւնները եւ ոչ թէ հասարակութիւնները: Հայկական կողմը պաշտօնապէս ընդունած է բոլոր նախապայմանները: Այս պարագային թուրքեւազրպէյճանական կողմը մինչեւ վերջ կ՛աշխատի ծունկի բերել  հայկական կողմը` ձեռք ձգելու համար առաւելագոյնը: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի այս առաւելապաշտութիւնը ձգած, գործող իշխանութիւններն ու անոնց պաշտպան նախկին խորհրդականը կը խօսին հայկական «առաւելապաշտութեան» մասին:

Իսկ այս բոլորէն ետք իշխանութիւններու ներկայացուցիչներն ու բանագնացները կը խօսին Անգարայի հետ առանց նախապայմանի բանակցելու գործընթացին մասին:

«Ա.»

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ