Գրիգոր Գելեգեանի մասին քննարկում

•

Պէ­յօղ­լո­ւի ճազ փա­ռատօ­նը եր­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի։

Պէ­յօղ­լո­ւի պատ­մա­կան շէն­քե­րէն, պա­րերէն, հիւ­րա­նոց­նե­րէն ու բա­կերէն ար­ձա­գան­գող փա­ռատօ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նո­յեմ­բե­րի 13-14-15-ին։ Փա­ռատօ­նին մէջ նա­խատե­սուած է նաեւ քննար­կում մը, որ նիւթ պի­տի ու­նե­նայ հայ ճա­զիստ Գրի­գոր Գե­լեգեանի երաժշտա­կան վաս­տա­կը։

Առա­ջին ան­գամ 2024-ին կազ­մա­կեր­պո­ւած փա­ռատօ­նին, բարձրա­ցող ճազ խումբե­րու կող­քին, ընդգրկո­ւած են նաեւ էլեկտրո­նային երաժշտու­թեան հետ կապ ու­նե­ցող նա­խագի­ծեր, ու­ղիղ հա­ղոր­դումներ, քննար­կումներ, զրոյցներ ու աշ­խա­տանոց­ներ։

Փա­ռատօ­նի առա­ջին տա­րին կազ­մա­կեր­պո­ւած էր նաեւ քննար­կում մը Թուրքիոյ ճազ երաժշտու­թեան կա­րեւոր նպաստ բե­րած Հրանդ Լու­սի­կեանի մա­սին. Բժիշկ Պար­գեւ Պա­լըմեան, Սա­տետ­տին Տավ­րան եւ Օր­հան Թե­քելիօղ­լու խօ­սած էին Լու­սի­կեանի երաժշտա­կան ու­ղիին մա­սին։ Այս տա­րուան փա­ռատօ­նի ծրագ­րին մէջ Թուրքիոյ առա­ջին ճազ նո­ւագա­խումբը հիմ­նած Գրի­գոր Գե­լեգեանի մա­սին եւս քննար­կում մը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի։ Պար­գեւ Պա­լըմեան եւ Օր­հան Թե­քելիօղ­լու պի­տի անդրա­դառ­նան Գե­լեգեանի Փա­րիզի մէջ ճազ երաժշտու­թեան հետ ծա­նօթու­թեան, ինչպէս նաեւ Պոլ­սոյ եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ իր տո­ւած հա­մերգնե­րուն։ Քննար­կումը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նո­յեմ­բե­րի 15-ին, Կի­րակի օր, ժա­մը 16:00-ին, Այ­նա­լը Կե­չիթ սրա­հին մէջ։

Անվճար այս մի­ջոցառ­ման հա­մար պէտք է գրան­ցո­ւիլ https://www.beyoglucazfestivali.com/event-details/orhan-tekelioglu-panel կայքէջին։

https://www.agos.com.tr/am/news/krikvr-kylykyani-masin-knnargvwm-42482

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ