«Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանն ու հետազօտական կեդրոնին, UCLA համալսարանի Promise Հայկական հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրին եւ Հայկական ֆիլմերու հիմնարկութեան միացեալ ջանքերով, կիրակի, նոյեմբեր 15ին, կէսօրէ ետք ժամը 4էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով), տեղի պիտի ունենայ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի թուայնացուած արխիւի պաշտօնական բացումը:
Արխիւը ունի աւելի քան 100,000 էջեր՝ դասաւորուած հարիւրաւոր բաժիններու մէջ (շուրջ 660 կիկապայթ թուայնացուած նիւթ):
Հոն կան օսմանեան, գերմանական, բրիտանական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ հայկական արխիւներէն հաւաքուած պաշտօնական փաստաթուղթեր, նամակագրութիւններ, թերթեր, անտիպ ձեռագիրներ ու հետազօտական նշումներ:
Արխիւն արգասիքն է 16 տարիներու աշխատանքին, որ սկսած էր 2009ին, երբ Տատրեան իր անձնական արխիւը վստահեցաւ թանգարանին:
Արխիւի առցանց հարթակը օժտուած է «Ask Dadrian» («Հարցուր Տատրեանին») արհեստական բանականութեան յատուկ համակարգով: Հետազօտողները կրնան հարցումներ ուղղել համակարգին, «խորհրդակցելով փրոֆ. Տատրեանի հետ»:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Road Mission Hills, CA 91345): եւ միաժամանակ առցանց՝ Zoom-ի միջոցով:
Ելոյթներ պիտի ունենան՝ Մակի Մանկասարեան Կոշչին, Քարինա Կոշչին, փրոֆ, Թաներ Աքչամ, դոկտ. Աննա Ալեքսանեան եւ Գարեգին Չուքասզեան, իսկ դոկտ. Հայկ Դեմոյեան արձանագրուած պատգամ մը պիտի յղէ: Պիտի ցուցադրուին նաեւ դոկտ. Քարլա Կարապետեանի եւ Ուոլֆ Կրունըրի պատրաստած կարճ տեսանիւթերը: Հանդիսավարն է՝ դոկտ. Քարլա Կարապետեան:
Թուայնացուած ամբողջ արխիւը ամբողջութեամբ անվճար է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (747) 500-7585 թիւին կամ [email protected] հասցէին:




Leave a Reply