Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանի պատուիրակութիւնը, տնօրէն Արա Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մատենադարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Վահէ Թորոսեան, տնօրէնի խորհրդական Գուրգէն Գասպարեան եւ վերականգնման բաժինի աւագ վերականգնողներ Սուսաննա Պաղտասարեան եւ Չինար Մկրտչեան: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան:
Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Մաշտոցեան մատենադարանի պատուիրակութիւնը` իր գոհունակութիւնն ու օրհնութիւնը յայտնեց Մատենադարանին կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ու բարեփոխումներուն գծով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ բարձր գնահատեց Մատենադարանին առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ ի նշան գնահատանքի, պատուիրակութեան նուիրեց հայկական ձեռագրական եզակի օրինակներէն` «Բարձրաբերդի» աւետարանի նմանահանութիւնը:
Մատենադարանի տնօրէնութիւնը, իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոսին փոխանցեց Մատենադարանին մէջ վերականգնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւաքածոներէն ձեռագիր հմայիլ մը: Նշենք, որ ամիսներ առաջ կաթողիկոսութեան վերադարձուեցաւ Մատենադարանին կողմէ վերականգնած «Սասանցի» աւետարանը (10-11 դար) եւ արժանացաւ վեհափառ հայրապետի բարձր գնահատութեան:




Leave a Reply