Ժամանակը իր անշեղ ընթացքով կը հեռացնէ դէմքեր, կը խամրեցնէ յիշատակներ, բայց երբեմն անզօր կը մնայ մարդոց առջեւ, որոնք իրենց ապրած կեանքէն աւելի երկար ճանապարհ մը կը կտրեն։ Այսօր, իր ծնունդէն հարիւր տարի վերջ, Զարեհ Խրախունի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան) դարձեալ մեր միջեւ է՝ իր բանաստեղծութիւններու տողերէն մեզի կը նայի, իր մտածումներու խորքէն մեզի կը խօսի, իր մարդկային ջերմութեամբ մեր յիշողութիւնը կը լուսաւորէ։
Խրախունի մէկն էր այն բանաստեղծներէն, որոնք աշխարհին կը նային ուրիշներուն անտեսանելի մնացող պատուհաններէ։ Իրեն համար քարը, կաթիլը, լոյսը, ստուերը կամ առօրեայ ամենապարզ առարկան կրնային վերածուիլ անսպասելի յայտնութեան մը։ Ան կը տեսնէր այն, ինչ որ սովորական աչքը կ’անտեսէր, եւ կը լսէր այն, ինչ որ առօրեայի աղմուկին մէջ կը կորսուէր։ Այդ տեսողութենէն ծնունդ առաւ բանաստեղծական աշխարհ մը՝ հարուստ խորհրդանիշներով, մտքի անակնկալ անկիւնադարձերով եւ մարդուն գոյութեան մասին անվերջ հարցադրումներով։
Ան երբեք չուզեց կրկնել արդէն ըսուածը, ոչ ալ ապաւինիլ ծանօթ պատկերներու ապահովութեան։ Իր բանաստեղծութեան մէջ բառերը յաճախ կը հրաժարէին իրենց սովորական նշանակութենէն՝ նոր իմաստներ ստանալու, նոր կապեր ստեղծելու համար։ Խրախունի համարձակեցաւ տարբեր ըլլալ, որովհետեւ կը հաւատար, թէ ստեղծագործութիւնը կը սկսի հոն, ուր կը վերջանայ սովորութեան իշխանութիւնը։ Այդ համարձակութիւնն էր, որ զինք դարձուց պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան ինքնատիպ ու յատկանշական դէմքերէն մէկը։
Բայց իր մտքի բարդ ու բազմաշերտ աշխարհին ետին կը գտնուէր զարմանալիօրէն պարզ, հաղորդական, ազնուական հոգիի տէր զգայուն մարդ մը։ Անոր հետ զրոյցը կրնար սկսիլ առօրեայ մանրուքէ մը եւ աննկատ վերածուիլ գրականութեան, արուեստի կամ կեանքի մասին մտերմիկ խորհրդածութեան։ Գիտէր ունկնդրել, գիտէր ժպտիլ, գիտէր ուրիշին խօսքին մէջ արժէք գտնել։ Իր մտաւորական հարստութիւնը զինք չէր հեռացներ մարդոցմէ, ընդհակառակը՝ աւելի կը մօտեցնէր անոնց։ Այդ պատճառով ալ զինք ճանչցողներուն յիշողութեան մէջ բանաստեղծն ու մարդը անբաժանելի մնացած են։
«Մարմարա»ի համար այս դարադարձը նաեւ հարազատ յիշատակներու վերադարձ մըն է։ Զարեհ Խրախունի մեր թերթին համար պարզապէս բանաստեղծութիւններ ստորագրող գրող մը չէր։ Ան մեր գրական ընտանիքին պատկանող մտաւորականներէն էր, որուն անունը տասնամեակներ շարունակ կապուած մնաց մեր էջերուն վրայ, իսկ մեր ողբացեալ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի հետ հարազատութիւնը՝ լաւագոյն դրսեւորումը եղաւ անկեղծ գրչեղբայրութեան։
Հարիւր տարին այսօր ամբողջացած է, բայց Խրախունիի բանաստեղծութիւնը տակաւին բաց գիրք մըն է, կը սպասէ նոր ընթերցումներու, նոր բացայայտումներու։ Անոնք կը շարունակեն հարցումներ ուղղել մարդուն, կը հրաւիրեն մտածելու, երբեմն ալ՝ կասկածի տակ առնելու այն ճշմարտութիւնները, որոնց վարժուած ենք։
Այսօր, երբ ծննդեան դարադարձի առիթով կը խոնարհինք իր վաստակին առջեւ, մեր յարգանքը միայն գրական մեծութեան մը չի վերաբերիր։ Մեր կարօտը նաեւ Խրախունի-մարդուն կ’երթայ. մարդ որ գիտցաւ հայերէն բառով արտայայտել համամարդկային ապրումներ։
***
Այսօր՝ 16 Հոկտեմբերին, Զարեհ Խրախունիի ծննդեան հարիւրամեակը պիտի նշուի նաեւ յատուկ գրական-գեղարուեստական երեկոյթով մը՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան բարձր հովանաւորութեամբ, Մարմարա-ի համագործակցութեամբ ու Պէյօղլուի եկեղեցեաց հիւրընկալութեամբ։ Երեկոյթը առիթ պիտի ըլլայ, որ բանաստեղծին խօսքը դարձեալ հնչէ, իր ստեղծագործական աշխարհը վերակենդանանայ, եւ իր յիշատակին շուրջ համախմբուին հայ գիրի ու մշակոյթի բարեկամները։
Պատրիարքարանը այսօր ընկերային ցանցի՝ Եութիւպ եւ Դիմատետրի իր էջերուն վրայ ուղղակի սփռումով պիտի հաղորդէ այսօրուան ձեռնարկը
ՄԱՐՄԱՐԱ




Leave a Reply