«Հաննէ» մականունը մերժուեցաւ

•

Թուր Ապ­տի­նի Ան­հել (Եմիշ­լի) գիւ­ղի բնակ­չութեան ցու­ցա­կին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ասո­րի ըն­տա­նիքի մը՝ անուն եւ մա­կանուն փո­խելու պա­հան­ջով բա­ցած դա­տին մէջ Միտ­յա­թի 2-րդ Քա­ղաքա­ցիական Առա­ջին Ատեանի Դա­տարա­նը մաս­նա­կի որո­շում տո­ւաւ։ Դա­տարա­նը ըն­դունեց «Սի­քարէ» անու­նը «Քա­րին» ձե­ւով ար­ձա­նագ­րե­լու պա­հան­ջը, բայց Թրքա­կան Լե­զուի Ըն­կե­րու­թեան 1934 թո­ւակա­նի օրէն­քին յղում կա­տարող կար­ծի­քին հա­մաձայն՝ մեր­ժեց «Էր­չին» եղող մա­կանու­նը անոր ար­մատ «Հան­նէ» ձե­ւով փո­խելու պա­հան­ջը։

Լսու­մին խօսք առած հայ­ցո­ւոր­նե­րու փաս­տա­բան Պար­սաւմօ Կիւրքան, ու­շադրու­թիւն հրա­ւիրե­լով գոր­ծին մէջ գտնո­ւող ապա­ցոյցնե­րուն վրայ, յղում կա­տարեց նա­խապէս Միտ­յա­թի Քա­ղաքա­ցիական Առա­ջին Ատեանի դա­տարան­նե­րուն կող­մէ տրո­ւած նա­խադէպ որո­շումնե­րուն եւ Մար­դու Իրա­ւանց Եւ­րո­պական Դա­տարա­նի Աք­թաշ մա­կանու­նի որո­շու­մին (2017/18684)։ Փաս­տա­բան Կիւրքան շեշ­տեց, որ թէեւ Թրքա­կան Լե­զուի Ըն­կե­րու­թե­նէն ստա­ցուած գրա­ւոր պա­տաս­խա­նին մէջ նշո­ւած է, թէ պա­հան­ջո­ւած «Հան­նէ» մա­կանու­նը կա­նոնադ­րութեան հա­կասող է, սա­կայն այս կա­նոնա­կար­գումը 1934 թո­ւակա­նէն՝ Թուրքիոյ մէջ Մա­կանու­նի Օրէն­քին ու­ժի մէջ մտած օրէն մնա­ցած է։

«ՄԻԵԴ-ի եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի որո­շումնե­րը պէտք է նկա­տի առ­նո­ւին»

Նշե­լով, որ «Հան­նէ» անու­նը ո՛չ մէկ օտար ցե­ղի կամ ազ­գի անուն է, այլ հա­սարա­կական յի­շողու­թեան եւ ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող անուն մըն է, Կիւրքան յի­շեցուց, որ իր յա­ճախորդնե­րուն հօր անունն ալ դա­տարա­նի որո­շու­մով «Հան­նէ» դար­ձած է եւ այդ որո­շու­մը վերջնա­կանա­ցած է։ TDK-ի պա­տաս­խա­նին հա­ւատք չըն­ծա­յելով՝ դա­տին ըն­դունու­մը պա­հան­ջող փաս­տա­բան Կիւրքան ըսաւ, որ հիմք պէտք է ըն­դունո­ւին ՄԻԵԴ-ի ու Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի որո­շումնե­րը, ինչպէս նաեւ ար­դա­րադա­տու­թեան մար­միննե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ներ­կայ կի­րար­կումնե­րը։

Անու­նի փո­փոխու­թիւնը
ըն­դունո­ւեցաւ, մա­կանու­նը՝
մեր­ժո­ւեցաւ

Գոր­ծը քննող դա­տարա­նի կազ­մը, նշե­լով որ հե­տազօ­տու­թիւնը աւար­տած է, յայ­տա­րարեց իր որո­շու­մը։ Որոշ­ման հա­մաձայն՝ Սի­քարէ Էր­չի­նի «ՍԻ­ՔԱՐԷ» եղող անու­նը «ՔԱ­ՐԻՆ» ձե­ւով փո­խելու եւ սրբագ­րե­լու որո­շում տրո­ւեցաւ։

Կապ­րիէլա Էր­չի­նի, Մա­նուէ­լա Էր­չի­նի, Մա­րիա Էր­չի­նի եւ Սի­քարէ Էր­չի­նի «Էր­չին» եղող մա­կանուննե­րը «Հան­նէ» դարձնե­լու պա­հանջնե­րը սա­կայն մեր­ժո­ւեցան։

Կապ­րիէլ մա­կանու­նի դա­տին նման՝ վե­րադաս դա­տարա­նի կը փո­խադ­րո­ւի

Յի­շեց­նենք, որ նա­խապէս Թուր Ապ­տի­նէն Զո­ւիցե­րիա եր­կա­րող ար­մատնե­րու պայ­քա­րին մէջ «Կապ­րիէլ» մա­կանու­նը առ­նել ու­զող ասո­րի քա­ղաքա­ցինե­րու պա­հան­ջը տե­ղական դա­տարան­նե­րու կող­մէ մեր­ժո­ւած էր, եւ TDK-ի «թրքա­կան ծա­գում չու­նի» հիմ­նա­ւորու­մին վրայ՝ իրա­ւական պայ­քա­րը փո­խադ­րո­ւած էր Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարան։

Ասո­րի ըն­տա­նիք­նե­րուն ինքնու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ լե­զուի իրա­ւունքնե­րու շրջա­նակին մէջ ար­մա­տային մա­կանուննե­րու կեն­դա­նի պահ­պանման պայ­քա­րը՝ նա­խադէպ որո­շումնե­րով վե­րադաս դա­տարան­նե­րու մէջ շա­րու­նա­կուի­լը կը սպա­սուի։

ՄԱՐԹԱ ՍԷՕՄԷՔ

Թարգմա­նուած է «Սապ­րօ» թերթէն

https://www.agos.com.tr/am/news/hanne-maganvwni-myrjvwytsaw-42189

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ