Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութիւնը հոկտեմբեր 13ին խստօրէն քննադատեց Անգարան, անընդունելի համարելով Ատրպէյճանի ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն պարտադրուած՝ լաչակ կրելու արգելքը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հետ Պաքուի սերտ կապերը քննադատող թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քննադատեց յատկապէս Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալի եւ կրօնական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այն յայտարարութիւնները, թէ Պաքու պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ այս որոշումը։ Ալիեւ ազդարարեց, թէ նման յայտարարութիւնները կրնան վնաս հասցնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն։
Ատրպէյճանի կարգ մը դպրոցներու առջեւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են լաչակ կրելու արգելքին դէմ։
Այս իրադարձութեանց լոյսին տակ, վերջին քանի մը օրերուն թրքական ընկերային ցանցերուն վրայ խստօրէն կը քննադատուին նաեւ Պաքուի եւ Իսրայէլի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները։




Leave a Reply