Ոսկանեան Աստուածաշունչի տպագրութեան 360-ամեակին նուիրուած գիտաժողով

•

Հոկտեմբեր 8-9 Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ կայացաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն` յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 360-ամեակին:

«Այս տարի գիտաժողովը առանձնայատուկ խորհուրդ ունի, որովհետեւ կ՛ամբողջանայ 1666 թուականին Ամսթերտամի մէջ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի տպագրութեան սկիզբի 360-ամեակը: Եթէ 360 տարի առաջ տպագրութիւնը նոր կարելիութիւն էր լեզուի, մշակոյթի եւ գիտելիքի պահպանման եւ տարածման համար, ապա այսօր` արհեստական բանականութեան եւ թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման պայմաններուն մէջ, նոյն առաքելութիւնը նոր մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ կ՛առաջադրէ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող հաստատութիւններուն», նշեցին Հայաստանի Ազգային գրադարանէն:

Յայտնենք, որ գիտաժողովին մասնակցեցան աշխարհի 22 երկիրներէ աւելի քան 110 մասնակիցներ, որոնցմէ 98-ն հանդէս եկան մասնագիտական զեկուցումներով:

Երկօրեայ գիտաժողովի աշխատանքները իրականացան զուգահեռ նիստերու եւ աշխատարաններու ձեւաչափով, Հայաստանի Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի տարբեր սրահներու մէջ:

Գիտաժողովի մասնագիտական քննարկումները ընդգրկեցին Աստուածաշունչը` իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն, սփիւռքի ժառանգութեան պահպանումն ու հանրահռչակումը, ժառանգութեան թուային փոխակերպումը, ազգային տպագիր եւ վիզուալ ժառանգութեան պահպանումն ու հանրահռչակումը, մասնագիտական զարգացումն ու կառավարումը, լեզուն` ազգային ժառանգութեան պահպանման ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` փաստաթուղթերու պահպանութեան, խնամքի եւ վերականգնման արդի հարցերը:

Առանձին քննարկումներ նուիրուեցան Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու գրադարաններուն մէջ ազգային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման փորձին:

Յիշենք, որ կայացան նաեւ մասնագիտական աշխատարաններ, իսկ գիտաժողովի ծիրին մէջ թամանեանական մասնաշէնքի մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ թեմատիկ ցուցադրութեան, ուր ներկայացուեցան տարբեր տարիներու Աստուածաշունչ մատեաններու հնատիպ, հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններ: Ցուցադրութիւնը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային գրադարանի հաւաքածոյին մէջ պահպանուող տպագիր ժառանգութեան արժէքաւոր նմուշները` ընդգծելով անոնց պատմական մշակութային նշանակութիւնը:

Գիտաժողովի պատուաւոր խօսնակն էր հայագէտ, աստուածաբան, գիտնական եւ հոգեւորական Լեւոն արք. Զէքիեանը: Անոր երկարամեայ գիտական, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը նշանակալի ներդրում ունի հայագիտութեան զարգացման, հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ հանրահռչակման աշխատանքին մէջ:

«Ժառանգութեան պահպանութիւն` յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գիտաժողովը նպատակադրեց ձեւաւորել մասնագիտական երկխօսութեան եւ միջազգային փորձի փոխանակման հարթակ` նպաստելով տարբեր երկիրներու մասնագէտներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, գիտական եւ մասնագիտական կապերու ամրապնդման եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ժամանակակից փորձի տարածման:

Հաղորդենք, որ Ոսկանեան Աստուածաշունչի տպագրութեան 360-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը միաժամանակ կարելիութիւն ստեղծեց վերարժեւորելու հայ տպագիր ժառանգութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ