«Միսիոնարական շարժումը եւ Հայ Աւետարանական համայնքը» նիւթով գիտաժողով Հայկազեան համալսարանի մէջ

•

Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՍՈԿ) եւ Փոցտամի «Լեփսիուս» կեդրոնի (ՓԼԿ) գործակցութեամբ, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Վկայութեան եւ վերականգնումի ցանցեր. միսիոնարական (աւետարանչական) շարժումը եւ Հայ Աւետարանական համայնքը» վերնագիրով գիտաժողովը:

Միօրեայ գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՍՈԿի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ՓԼԿի տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոքին, իր ջանադրութեան եւ ճիգերուն համար՝ միասնաբար կազմակերպելու այս գիտաժողովը, եւ յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը կը ծաղկի յառաջիկայ տարիներուն:

Ողջոյնի խօսքին մէջ դոկտ. Նոք գոհունակութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի կացութեան պատճառով յետաձգուած այս գիտաժողովը վերջապէս կարելի եղաւ իրականացնել, ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ լաւատեսութիւն՝ այս գործակցութեան ապագային առնչութեամբ:

Գիտաժողովին «Միսիոնարներ եւ հանդիպումներ» վերնագրուած առաջին նիստը սկսաւ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի զեկուցումով՝ «Միսիոնարները հայոց մէջ. հանդիպումներ, հաստատութիւններ եւ ընտանեկան աւանդներ» վերնագրով, ուր ան արխիւային, ընտանեկան լուսանկարներով եւ փաստաթուղթերով դրուագներ ներկայացուց միսիոնարներու եւ հայ աւետարանական ընտանիքներու միջեւ յառաջացած հաստատութենական յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան մասին:

Դոկտ. Փիթըր Մաքարի՝ «Առաքելութեամբ ուղեկցում՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրեալ զեկոյցով ըրաւ պատմականը Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին միսիոնարական շարժումի ուղեկից քայլերուն: Դոկտ. Մաքարի նշեց, որ միսիոնարական շարժումը այնուհետեւ եւս քայլ պահեց Միջին Արեւելքի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու հետ, օգնութեան հասաւ զոհերուն, ու բերաւ օրինակները՝ Կազայի ու Հարաւային Լիբանանի:

Փրոֆ. Տագէսեան ըրաւ վերլուծական բաղդատականը 1839ին Զմիւռնիա լոյս տեսնել սկսած «Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց»ի եւ 1843ին Վենետիկ լոյս տեսնել սկսած «Բազմավէպ»ի բովանդակութեանց, եզրակացնելով որ անոնք յատկանշականօրէն միակարծիք էին հայութեան յառաջդիմութեան համար կրթութեան վճռական կարեւորութեան գծով:

«Փրկութեան առաքելութիւն եւ կարեկցութիւն՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրուած երկրորդ նիստին, «Եոհաննէս Լեփսիուս իբրեւ Ցեղասպանութեան պատմաբան» նիւթով զեկուցեց դոկտ. Նոք, որ կատարեց Լեփսիուսի հեղինակած առաջին երկու գիրքերուն կազմութեան եւ հրատարակման պատումը:

Միհրան Մինասեան՝ «Քարէն Եփփէի որբահաւաքի աշխատանքները Հալէպի մէջ» նիւթով ներկայացուց որբահաւաքի ընդհանուր աշխատանքը Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ, ապա կեդրոնացաւ Եփփէի այս ուղղութեամբ կատարած ճիգերուն եւ արձանագրած մեծ արդիւնքներուն:

Դոկտ. Հիլմար Քայզերի «Կարեկցական առաքելութիւններ՝ ջարդերու օրերուն. Հալէպի կարեկցական կեդրոնի ցանցը եւ Տէր Զօրի ջարդերը» վերնագրով զեկոյցը մանրամասնեց ցանցին գործունէութիւնը եւ թէ ինչպէս ցանցը կը վերափոխուէր ամէն անգամ, երբ ջարդարարական նոր պայմաններ կը յառաջանային զոհերուն առջեւ:

Դոկտ. Հայկ Մարտիրոսեան՝ «Ռոհներ ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. յանձնառութիւն՝ որբերու ազատումի, հոգածութեան, կրթութեան եւ աւետարանականութեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց 1899էն արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործող եւ Ատանայի ջարդի ու Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Ռոհներ ընտանիքի 3 անդամներուն գործունէութիւնը, որոնցմէ երկուքը իրենց կեանքը կորսնցուցին հայոց օգնութեան իրենց ծառայութեան ընթացքին:

«Միսիոնարական շարժումի սկզբնական հանգրուաններ» վերնագրուած երրորդ նիստին փրոֆ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց «Ամերիկեան ՊՈՐՏ (ABCFM) ընկերութեան առաջին քայլերը Սուրիա-Լիբանանի մէջ եւ յարաբերութիւնը հայերուն հետ՝ ԺԹ. դարուն եւ այնուհետեւ» նիւթը, ըրաւ պատմականը շարժումին Միջին Արեւելք մուտքին եւ ծաւալած գործունէութեան:

Վեր. Ուիլպըրթ Վոն Սաան եւ Շուշան Ենգիբարեան ներկայացուցին ABCFM ընկերութեան Վանի կայանը՝ 1870-1915 շրջանին, իսկ գիտաժողովի տասներորդ զեկուցաբեր Հայկ Էտիլեան ներկայացուց Շուշիի մէջ Պազէլեան միսիոնարութեան առաջին տարիներու գործունէութիւնը:

Գիտաժողովի վերջաւորութեան առիթ եղաւ ազատ ու մանրամասն արծարծումներու, տեսակէտներու եւ մօտեցումներու խորունկ քննարկումներու: Աւարտին, ներկաները եկան այն եզրակացութեան, թէ  տակաւին կան բացեր, չլուսաբանուած դերակատարներ, հաստատութիւններ եւ հարցեր, ու խօսուեցաւ յառաջիկայ քայլերուն մասին:

https://asbarez.am/archives/510423

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ