ՆՈՐԹՐԻՃ, Քալիֆորնիա․- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Վահրամ Շեմմէսեան հրատարակած է նոր գիրք մը՝ Armenian Immigrants from Musa Dagh in the United States: A Photographic Collective Biography» («Մուսա Լեռէն Հայ Գաղթականներ Միացեալ Նահանգներու Մէջ․ Լուսանկարչական Հաւաքական Կենսագրութիւն Մը») խորագրով (Երեւան, 2026)։ Կողքի ձեւաւորումն ու էջադրումը կատարած է Լուսինէ Մաթեւոսեանը։ Հատորը նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250 ամեակին։
Համաշխարհային Ա․ պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք, Մուսա Լեռէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայերու մասին պատկերազարդ հատոր մը հրատարակելու գաղափարը ծնունդ առաւ այն մտահոգութենէն, թէ անոնք ժամանակի ընթացքին թերեւս մոռցուին։
Հեղինակի մօտ գտնուող հարիւրաւոր հին լուսանկարներն ու պատմական վաւերաթուղթերը իրեն յիշեցուցին, որ անոնք արժանի են առանձին ուսումնասիրութեան, որուն արդիւնքն է այս գործը, որ տեսանելի փաստերու միջոցով կը հիւսէ գաղթականներու հաւաքական կենսագրութիւնը։ Ներածական ակնարկէ մը զատ, 200 էջնոց գիրքը կը պարունակէ տարբեր բաժիններ, որոնք կը վերաբերին առաջին գաղթականներուն, ընտանիքներուն, ընկերային կեանքին, գորգի եւ մետաքսի առեւտուրին, 1895-1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին, ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ այն ասեղնագործութիւններուն, որոնք Մուսա Լերան կիները իրենց հետ բերած էին (որոշները՝ իբրեւ օժիտ) կամ պատրաստած էին Ամերիկայի մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հեղինակին՝ [email protected] հասցէով։




Leave a Reply