Սեպտեմբերի 29ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը՝ նուիրուած «Նամակներ դրախտից» երկլեզու՝ հայերէն-ֆրանսերէն ժողովածուին։
Գիրքին հեղինակներն են արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեանը եւ իմաստասէր, «Արեւելքի Քրիստոնեաները France Culture-ում» հաղորդաշարը արտադրող Ուլիս Մանժեսը։ Հատորը այս տարի լոյս տեսաւ Newmag հրատարակչատունէն։
La Guilde-ի եւ Արցախի աջակցութեան միութեան ջանքերով կազմակերպուած միջոցառումը, որ կը կրէր «Արցախը՝ Հայրենիքս» խորագիրը, համախմբեց քաղաքական, մտաւորական եւ գրական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
Երեկոյի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքի, յիշողութեան, կորուստի եւ վերադարձի նիւթերուն։ Հերմինէ Աւագեան նամակներու միջոցով կը պատմէ իր կեանքի, Արցախի եւ Աշան գիւղի մասին։ Գրականութիւնը անոր համար հայրենիք վերադառնալու միջոց մըն է, երբ ֆիզիկական վերադարձը ներկայիս կարելի չէ։
Միջոցառման ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Արցախի մշակութային եւ պատմական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ յատկապէս 2023ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած աւելի քան 120 հազար արցախահայերու բռնի տեղահանութենէն ետք։

Գիրքը յիշողութիւնը պահպանելու եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան ձայնը լսելի դարձնելու փորձ մըն է։
Միջոցառմանը ներկայ էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Էմանուէլ Մանտոն, Ծերակոյտի՝ Հայաստանի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տեւինազ, շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։




Leave a Reply