Ֆրանս-սուրիական դաշնագիր եւ սանճագը Թուրքիոյ կցելու աշխատանքներ

•

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆրանսական կառավարութեան որոշումով կոմս Տամիէն տը Մարթէլ 1933 հոկտեմբերին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար նշանակուեցաւ, փոխարինելով Հենրի Փոնսոն:

Սուրիոյ ներքին քաղաքական լարուած իրավիճակի պայմաններուն տակ վարչապետ Հաքքի Ազմ 16 մարտ 1934-ին հրաժարեցաւ եւ զայն փոխարինեց շէյխ Թաճէտտին Հասանի:

Այնթապ նահանգի վալի Ալի Աքիֆ Էյիտողան  27 ապրիլ 1934-ին Հալէպ այցելեց, սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւններու համար: Բարձր կոմիսարի փոխ պատուիրակ Փիեռ Տիւրէօ Էյիտողանը Սանճագ հրաւիրեց: Անտիոքի թուրքերը փառաւոր ընդունելութիւն կազմակերպեցին վալիին: Ընդունելութիւնը հակասուրիական  եւ անջատողական մեծ ցոյցի վերածուեցաւ: «Աթաթուրք, փրկէ՛ մեզ» բացագանչութիւններով, ցուցարարները հակաարաբական, հակաֆրանսական եւ հակահայ կոչեր արձակեցին: Տեղ-տեղ արիւնալի ընդհարումներ սկսան թուրքերուն եւ արաբներուն միջեւ:

Էյիտողան հանդիպումներ ունեցաւ տեղացի թուրք ղեկավարներուն հետ եւ թափ տուաւ Սանճագը Թուրքիոյ կցելու աշխատանքներուն:

Յաջորդող օրերուն, մայիս 5-ին եւ 6-ին, արաբներու եւ հայերու կողմէ թուրքերու մոլեռանդ եւ ծայրայեղական գործողութիւնները դատապարտող ցոյցեր տեղի ունեցան Անտիոքի, Ալեքսանտրէթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Քանի մը օր ետք արիւնալի բախումներ տեղի ունեցան արաբներու եւ թուրքերու միջեւ:

Բարձր կոմիսար կոմս Տամիէն տը Մարթէլ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց Սանճագի Սուրիոյ պատկանելիութիւնը եւ հերքեց սահմանային փոփոխութեան կամ երկրամասը Թուրքիոյ կցելու մասին շրջան ընող զրոյցները:

Բարձր կոմիսարի հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք Անտիոքի մէջ թուրքեր ցոյցեր կազմակերպեցին` Սանճագը Թուրքիոյ միացնելու պահանջով:

Սանճագը իբրեւ թրքական նահանգ ցոյց տալու նպատակով յատուկ քարոզչութիւն սկսած էր, որ հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:

Բարձր կոմիսար կոմս տը Մարթէլ 1935 մարտին Անգարա այցելեց եւ պաշտօնապէս յայտարարեց որ թուրք-սուրիական սահմանը անձեռնմխելի է:

Յաջորդող օրերուն Սանճագի թուրքերը ցոյցերու ձեռնարկեցին եւ հեռագիրներ ուղարկեցին Անգարա եւ անձամբ` Աթաթուրքին, Թուրքիոյ միանալու առաջարկով:

Թայֆուր Ահմէտ Քարամուրսալ  արդէն սանճագցի թուրքերէ կազմուած զինուած խումբեր ունէր եւ Անգարայի յատուկ աջակցութիւնը կը վայելէր:

Աթաթուրք 1 նոյեմբեր 1935-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի բացման ճառին մէջ յայտարարեց որ «Անտիոքն ու Ալեքսանտրէթը թուրք հարազատներ են»:

Սուրիոյ մէջ հակաֆրանսական տրամադրութիւնները թուրքերը լաւագոյն կերպով օգտագործեցին եւ  Սանճագը Թուրքիոյ կցելու գործնական քայլերու ձեռնարկեցին:

* * *

Սուրիոյ ազգայնականները, շէյխ Թաճէտտին Հասանիի կառավարութեան կազմութենէն ետք Հալէպի մէջ ցոյցեր կազմակերպեցին: Ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ ցուցարարներուն վրայ: Շատեր ձերբակալուեցան եւ բանտերը նետուեցան:

Ֆրանսական հոգատարութեան դէմ ցոյցերը 1935-ին լայն ծաւալ ստացան: Դամասկոսի մէջ ցուցարարներ փճացուցին թրամուէյի գիծերը:

Դամասկոսի մէջ 11 յունուար 1936-ին հակաֆրանսական մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ: Նոյն օրը ազգայնականներ ժողով գումարեցին եւ Ազգային ուխտը ընդունեցին: Անոնք Սուրիոյ լրիւ անկախութիւնը եւ միասնականութիւնը պահանջեցին:

Յաջորդող օրերուն բողոքի ցոյցերը եւ գործադուլները ծաւալեցան Սուրիոյ բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ: Արիւնալի ընդհարումներ սկսան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ազգայնական շարք մը ղեկավարներ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:

Բարձրագոյն կոմիսար կոմս Տանիէն տը Մարթէլի պահանջով վարչապետ շէյխ Թաճէտտին Հասանի 22 փետրուար 1936-ին հրաժարական տուաւ եւ Մոհամէտ Աթա Այուպի ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմեց:

Կոմս Տամիէն տը Մարթէլի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ ազգայնականները բանակցութեան հրաւիրուեցան:

Ֆրանս-սուրիական բանակցութիւնները սկսան 28 փետրուար 1936-ին, Պէյրութի մէջ եւ տեւեցին երեք օր: Կողմերը համաձայնեցան ապագայ դաշնագիրի գլխաւոր կէտերուն շուրջ:

* * *

Սուրիոյ ազգայնականներու` «Քութլա ուաթանիա»-ի ղեկավար Հաշէմ Աթասի բանակցութիւններու եւ ֆրանս-սուրիական դաշնագիր կնքելու առաջադրանքով 26 մարտ 1936-ին Փարիզ մեկնեցաւ: Ֆրանսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կոմս Տամիէն տը Մարթէլ: Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները սկսան ապրիլին եւ շարունակուեցան յաջորդող ամիսներուն: Ֆրանսական կողմը չէր ուզեր բաւարարել սուրիացիներու բոլոր պահանջները: Բանակցութիւնները դժուարութեամբ կ՛ընթանային: Ֆրանսացիք յատկապէս դէմ էին Սուրիոյ անկախութիւն տալու եւ երկիրը միասնակամ պահելու պահանջներուն: Անոնք կը պնդէին  Ճեպէլ Տրուզը եւ Ալաուիներու երկրամասը  Սուրիոյ կազմէն դուրս ձգելու պահանջին վրայ:

Նոյն ժամանակ, յունիսին Ֆրանսայի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ յաղթանակ տարաւ ժողովրդային ճակատը: Կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն` ընկերվարական Լէոն Պլիւմի գլխաւորութեամբ:

Այնուհետեւ բանակցութիւնները աւելի արագ եւ յաջող ընթացան:

Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 9 սեպտեմբեր 1936-ին: Այս դաշնագիրով Ֆրանսա կը ճանչնար Սուրիոյ անկախութիւնը եւ կը խոստանար երեք տարուայ ընթացքին վերջ տալ հոգատարութեան: Սակայն Ֆրանսա իրաւունք կ՛ունենար հինգ տարի զօրքեր պահել Սուրիոյ մէջ (Ճեպէլ Տրուզ եւ Լաթաքիա) եւ օդային երեք խարիսխներ կառուցել: Ֆրանսական զօրքերը կրնային ազատօրէն տեղաշարժիլ Սուրիոյ տարածքին: Ֆրանսական զինուորական առաքելութիւնը իրաւունք կ՛ունենար հսկելու սուրիական բանակին վրայ: Պատերազմի պարագային Ֆրանսա կրնար օգտուիլ Սուրիոյ հաղորդակցութեան ճանապարհներէն եւ ռազմական խարիսխներէն: Սուրիոյ կառավարութիւնը արտաքին քաղաքական հարցերու մէջ պարտաւոր էր խորհրդակցելու ֆրանսական կառավարութեան հետ:

* * *

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիւշթիւ Արաս յայտարարեց, որ իր երկիրը սկզբունքով շատ գոհ է Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրի կնքումէն:

Իր կարգին Թուրքիոյ վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւ Սանճագի հարցը քննարկեց այդ օրերուն դէպի Ժընեւ ճամբուն վրայ Պոլիս գտնուող Իրաքի վարչապետ Նուրի Սայիտի հետ: Ինէօնիւ Նուրի Սայիտի ըսաւ. «Ես կը ցանկայի ձեր ուշադրութեան յանձնել Սանճագի հարցը, որուն վերջնական լուծումը կը պահանջեն թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ շահերը: Մենք հարց չբարձրացուցինք ֆրանս-սուրիական բանակցութեանց ժամանակ, որպէսզի ատիկա բացասաբար չանդրադառնայ անոնց ընթացքին վրայ: Մենք պատրաստ ենք ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Սուրիոյ հետ, այդ հարցը լուծելու համար»:

* * *

Փարիզէն վերադարձող սուրիական պատուիրակութիւնը դէպի Դամասկոս ճամբուն վրայ սեպտեմբեր 22-ին հասաւ Պոլիս:

Սուրիացիք Ռիւշթիւ Արասի հետ ընդհանուր ձեւերով քննարկեցին Ալեքսանտրէթի Սանճագի հարցը:

Հաշէմ Աթասի ըսաւ, որ «Ալեքսանտրէթի թուրքերը կ՛ունենան նոյն իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, որ մենք ունինք»:

Թուրքեր փորձեցին սուրիացիներու հետ ուղղակի բանակցութեամբ աւելի հեշտ կերպով եւ ի նպաստ իրենց լուծել Սանճագի հարցը:

Սակայն սուրիական պատուիրակութիւնը խուսափեցաւ ուղղակի բանակցութենէն, որուն համար լիազօրութիւն ալ չունէր:

Հաշէմ Աթասի  իր ընկերակիցներուն հետ Դամասկոս հասաւ սեպտեմբեր 27-ին եւ դիմաւորուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս:

* * *

Սուրիոյ մէջ 1936 նոյեմբեր 14-ին եւ 15-ին երեսփոխանական ընտրութիւններ նախատեսուած էին: Ընտրուած երկրորդ կարգի ընտրողները նոյեմբեր 30-ին պիտի ընտրէին Սուրիոյ նոր երեսփոխանական ժողովի անդամները:

Ընտրապայքարը սուր բնոյթ ստացած էր յատկապէս Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ: Տեղացի արաբներն ու հայերը ամէն գնով կ՛աշխատէին ձախողութեան մատնելու թուրք անջատողականներու պառակտիչ քայլերը:

Թուրք անջատողական կազմակերպութիւնները եւ յատկապէս «Հաթայի անկախութիւն» խմբակցութիւնը թուրքերուն հրահանգեցին անպայման պոյքոթի ենթարկել ընտրութիւնները, «համայն աշխարհին ցոյց տալու համար որ բոլոր սանճագցիները Սուրիայէն բոլորովին տարբեր հաւաքականութիւն կը կազմեն»:

Անջատողականներուն դէմ դիրքորոշուած էին նաեւ Անտիոքի շրջանի թուրք ազդեցիկ Պերեքէթ, Ատալի եւ Քուսէյրիզատէ ընտանիքները եւ թուրքմէն քանի մը աշիրէթներ:

Քաղաքական ահաբեկչական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով նոյեմբեր 6-ին անջատողականներ Անտիոքի մէջ օր ցերեկով արաբ չորս երիտասարդներ սպաննեցին:

Յաջորդ օր, զոհուած արաբ երիտասարդներու յուղարկաւորութիւնը արաբ-թրքական արիւնալի բախումներու վերածուեցաւ:

Անտիոքի ընդհանուր դատախազ, թուրք ազդեցիկ ընտանիքէ Չինչինզատէ բէկ, որ դատարանի շէնքին առջեւէն ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր վերջ տալու եղբայրասպան կռիւներուն, սպաննուեցաւ անջատողական ծայրայեղականներուն կողմէ:

Նոյեմբեր 13-ին հայ-արաբական նախընտրական հաւաք նախատեսուած էր Անտիոքի մէջ:

Այդ օր Մուսա Լեռէն, Քեսապէն եւ այլ վայրերէ մեծաթիւ հայեր, ինչպէս նաեւ Սուէտիայէն եւ շրջակայքէն հազարաւոր արաբներ հաւաքուեցան Անտիոք: Հաւաքը խանգարելու թուրք ծայրայեղականներու բոլոր ջանքերը ձախողեցան շնորհիւ հայերու ու արաբներու  աչալրջութեան եւ միասնականութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ