Իսրայէլի վարչապետը կրկին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան

•

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն դարձեալ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը մեղադրելով զայն ժխտելու մէջ:

Էրտողանը խիստ քննադատութեան ենթարկելով՝ Նեթանիահու զայն մեղադրեց նաեւ պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան աջակցելու, լրագրողներու եւ ընդդիմադիրներու նկատմամբ ճնշումներու, ինչպէս նաեւ քիւրտերու դէմ բռնութիւններու մէջ:

Նախօրէին Էրտողան ՄԱԿի ամպիոնէն նոյնպէս քննադատած էր Իսրայէլը՝ Կազայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած՝ աւելի մեծ ճնշում բանեցնել Թել Աւիւի վրայ, Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները որակելով իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Ելոյթի ընթացքին Իսրայէլի վարչապետը պնդեց, որ իր երկիրը պիտի յաղթէ իր բոլոր թշնամիներուն: Ան յատկապէս խիստ արտայայտուեցաւ Իրանի հասցէին՝ զայն անուանելով «մարդասպան բռնապետութիւն» եւ շեշտեց, որ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հարուածները չեն արտօնած Թեհրանին կորիզային զէնք ստեղծել:

Նեթանիահու նաեւ յայտարարեց, որ Իրանի ներկայ ղեկավարութեան անկումը «հեռու չէ»:

Նշենք, որ Նեթանիահուի խօսքին ընթացքին սրահին մէջ բողոքներ լսուեցան,  անոր խօսքի ընթացքին տասնեակներով երկիրներու պատուիրակներ լքեցին դահլիճը, հնչեցին սուլոցներ եւ դժգոհութեան բացագանչութիւններ:

Մինչ այդ, ՄԱԿի շէնքին մօտ եւս բողոքի ցոյց տեղի կ՛ունենար Իսրայէլի քաղաքականութեան դէմ:

https://asbarez.am/archives/509519

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ