Սամաթիոյ հայկական դիմագիծը

«Սու­րի­չի» հար­թա­կի նա­խաձեռ­նութեամբ 20 Սեպ­տեմբեր կի­րակի երե­կոյ բա­նախօ­սու­թիւն մը կա­յացաւ Պա­լատի մէջ։

«Սու­րի­չի» հար­թա­կի նա­խաձեռ­նութեամբ 20 Սեպ­տեմբեր կի­րակի երե­կոյ բա­նախօ­սու­թիւն մը կա­յացաւ Պա­լատի մէջ, նիւթ ու­նե­նալով Սա­մաթիա թա­ղի հայ­կա­կան դի­մագի­ծը։ Մի­ջոցառ­ման ատե­նախօսն էր Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Էս­դուգեան Սա­մաթիոյ եւ առ­հա­սարակ Պոլ­սոյ պատ­մա­կան թե­րակղզիի ան­ցեալը բնու­թագրեց Օս­մա­նեան Մեհ­մետ Բ. Կայսրի քա­ղաքը ար­շա­ւած 1453 թո­ւակա­նէն։ Ան նշեց թէ նախ­քան Օս­մա­նեան ներ­խուժու­մը, բա­ւական չնչին եղած է հա­յու գո­յու­թիւնը Կոս­տանդնու­պոլսոյ մէջ։

«Թրքա­կան եւ հետզհե­տէ Օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւննե­րու ծա­ւալա­պաշտ ռազ­մա­վարու­թիւնը ու­շադրու­թիւն չէ դար­ձուցած իր գրա­ւած քա­ղաք­նե­րու զար­գա­ցու­մով։ Անոնք դէ­պի արեւ­մուտք իրենց ար­շաւման եր­թին կը պա­շարէին քա­ղաք­ներ, համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին պա­շարո­ւած քա­ղաքի դի­մադ­րութեան կա­րողու­թեան նո­ւազու­մը, ապա կը գրա­ւէին զայն։ Քա­ղաքին տի­րանա­լէն ետք զի­նուոր­նե­րուն կ՚ար­տօ­նուէր եռօ­րեայ թա­լան եւ ապա քա­ղաքի մե­ծամեծ­նե­րուն հետ բա­նակ­ցութիւննե­րու ճամ­բով կը ճշտո­ւէր տա­րեկան հար­կի քա­նակը։ Այդ մէ­կը ապա­հովե­լէ ետք թուրքե­րուն եր­թը կը շա­րու­նա­կուէր միշտ դէ­պի արեւ­մուտք, դէ­պի նոր քա­ղաքի մը պա­շարու­մը։ Պո­լիսը բա­ցառու­թիւն եղաւ, քա­նի որ Օս­մա­նեան Սուլթա­նը այդ ար­շա­ւու­մէն ետք ինքզինք տե­սաւ իբ­րեւ Բիւ­զանդիոնի նոր կայսրը եւ քա­ղաքն ալ իր կայսրու­թեան մայ­րա­քաղա­քը։ Այս ըն­կա­լու­մը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար կա­րիք ու­նէր եր­կու բա­նի՝ մին քա­ղաքի յոյն բնակ­չութեան կող­քին ու­նե­նալ իրեն հա­ւատա­րիմ երկրորդ տարր մը եւ ապա մայ­րա­քաղա­քը նոր դի­մագի­ծով վե­րակեր­տե­լու հա­մար մաս­նա­գէտ աշ­խա­տուժ։ Այդ եր­կուքին ալ լու­ծումը գտաւ հա­յոց ներ­գաղթով։ Պռու­սա քա­ղաքի հո­գեւոր առաջ­նորդ Յո­վակի­մը կար­գեց իր հրո­վար­տա­կով հիմ­նուած Պատ­րիար­քա­րանի առա­ջին աթո­ռակա­լը։ Իսկ Պատ­րիար­քա­րանը հիմ­նեց Սա­մաթիոյ մէջ, տեղ­ւոյն բիւ­զանդա­կան պա­զիլիք տա­ճարը փո­խան­ցե­լով հա­յոց»։

Էս­դուգեան իր ելոյ­թին մէջ անդրա­դար­ձաւ նաեւ թա­ղամա­սի գաղ­թա­կան­ներ ըն­դունե­լու պատ­մա­կան ան­ցեալին։

«Պա­տահա­կան չէ որ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նէն մա­զապուրծ փրկո­ւած հա­յերը պատսպա­րուին այս թա­ղի եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին կա­ռու­ցո­ւած գաղ­թա­կայա­նին մէջ։ Մօ­րենա­կան կող­մէ իմ մեծ ծնող­ներս ալ այս թա­ղը ոտք դրին, յի­շեալ գաղ­թա­կայա­նէն անցնե­լով»։

Ան ապա անդրա­դար­ձաւ 1950-60-ական տա­րեթի­ւերուն Եոզ­ղա­տէն, 1966-ի երկրա­շար­ժէն ետք Մշոյ Վար­դօ աւա­նէն եւ 1970-80-ական տա­րեթի­ւերուն Սա­սու­նէն գաղ­թած ըն­տա­նիք­նե­րու Սա­մաթիա հաս­տա­տուե­լու երե­ւոյ­թին։ «Այս հո­սան­քի վեր­ջին օրի­նակ­նե­րը եղան ան­կա­խացու­մէ ետք Հա­յաս­տա­նէն եկող­նե­րը, որոնք դար­ձեալ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեցին Գումգա­բուի կող­քին Սա­մաթիոյ մէջ ալ»։

Շուրջ 1,5 ժամ տե­ւող զրոյ­­ցի ժո­­ղովա­­վարն էր Տոքթ. Պեր­­քեն Տէօնէր։

Զրոյ­­ցի աւար­­տին ներ­­կա­­­ներու ուղղած հար­­ցումնե­­րով օրա­­կար­­գի եկան Սա­­մաթիոյ, Գումգա­­բուի եւ Կե­­տիկ­­փա­­­շայի անո­­ւանի դէմ­­քե­­­րը՝ Հրա­­չեա Աճա­­րեանէն Սար­­գիս Չեր­­քե­­­զեան, Գէորգ Պո­­յաճեանէն Քէօր Ակոբ, Զիլ­­ճիեան­­ներ եւ տա­­կաւին բա­­զում դէմ­­քեր։

Կ՚ար­­ժէ երկտո­­ղով մը անդրա­­դառ­­նալ նաեւ հան­­դիպման վայ­­րին, որ Պա­­լաթ թա­­ղի մէջ պատ­­մա­­­կան բնա­­կարան մըն է, ի հի­­մանէ վե­­րանո­­րոգո­­ւած, բայց մեծ բծախնդրու­­թեամբ պահ­­պա­­­նուած իր ներ­­քին ու ար­­տա­­­քին հին տես­քով։

https://www.agos.com.tr/am/news/samativh-hahgagan-timakidzi-41950

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ