Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտը կը մնայ իբրեւ ազգային կամքի, հաւատքի, միասնականութեան եւ ինքնակազմակերպումի վկայութիւն մը:
Արդարեւ, աւանդութեան վերածուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան համախմբելու Այնճարի հայութիւնը եւ աշխարհի տարածքին սփռուած եւ այս առիթով Այնճար ժամանած մուսալեռցիներու սերունդները` ոգեկոչելու իրենց պատմութեան հերոսական էջերը եւ վերարժեւորելու այն ազգային արժէքները, որոնց շնորհիւ մուսալեռցին կրցաւ դիմադրել, վերապրիլ ու նոր հայրենիք մը կերտել:
Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, ամէնէն հանդիսաւոր փուլը` ժողովրդային տօնախմբութիւնը, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ: Տօնական ու հայրենաշունչ մթնոլորտի մը մէջ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, բազմահարիւր հայրենակիցներ ուղղուեցան դէպի Մուսա Լերան յուշարձան – համալիր, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Գարայեան, որ նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն յիշատակը:
Ան ըսաւ, թէ 111 տարիներ առաջ մուսալեռցիները ընտրեցին պայքարը, արժանապատուութիւնն ու ապրելու սրբազան իրաւունքը` 40 օր շարունակ դիմադրելով մահուան: Այդ հերոսամարտի ոգին շարունակուեցաւ Այնճարի մէջ, ուր մեր պապերը ճահճահուտ հողը վերածեցին ամուր ու կենսունակ հայկական աւանի:
Գարայեան դիտել տուաւ, որ այսօր Այնճարը կը մնայ հայոց լեզուի, աւանդութիւններու, ազգային շունչի եւ համայնքային կեանքի պահպանման կենդանի վկայութիւնը` շեշտելով, որ Մուսա Լերան ոգին անցեալին չի պատկանիր, այլ կը շարունակէ ապրիլ Այնճարի հողին, քարերուն եւ նոր սերունդներուն սրտին ու մտքին մէջ:
Ան շեշտեց, որ 111-ամեակի այս փուլին մեր պարտաւորութիւնն է անեղծ պահել Այնճարի հայկական դիմագիծը եւ Մուսա Լերան պատգամը փոխանցել գալիք սերունդներուն` հաստատելով, որ Մուսա Լերան կանչը կը շարունակուի` դէպի աւելի հզօր Այնճար, դէպի հզօր հայրենիք եւ ամբողջական ազգային ապագայ:

Հանդիսավարութիւնը կատարեցին Մարինէ Գարայեան եւ Սեւակ Հապէշեան:
Մուսա Լերան ոգին ու ազատատենչութիւնը, ազատ ապրելու եւ պատուով նահատակուելու անսասան կամքը, ինչպէս նաեւ հայրենի հողին կառչած մնալու եւ ազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելու միտքերը արտայայտող լոզունգներով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Համազգային «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգերով:
Ապա Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճի պարախումբը գեղեցիկ կատարումով մը ներկայացուց ժողովրդային պար մը, իսկ Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտները նուագով ներկայացուցին «Գետաշէն» երգը:
Ապա հաղորդավարը յայտնեց, թէ նահատակներուն յիշատակը կը յաւերժանայ այն ատեն, երբ անոնց գործը կը շարունակուի նոր սերունդներու վճռական կամքով ու հաւատքով: Ապա հաստատեց, որ Մուսա Լերան հերոսամարտի տասնութ նահատակներու շառաւիղը կը հանդիսանայ Պետիկ Ինճէեանը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ հանդիսացաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակը` իր անունը անջնջելիօրէն փորագրելով հայրենիքի, Հայ դատի պաշտպանութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, եւ որուն նահատակութեան յիսնամեակն է այս տարի:
Անդրադարձ մը կատարուեցաւ նաեւ, որ այս տարին նահատակութեան քառասունամեակն է Զաւէն Թաշճեանին, որ կը մարմնաւորէ դաշնակցական մարդու պարզութեան, խորութեան, նուիրումի եւ անսակարկ հաւատքի կերպարը:
Յարգանքի եւ երախտագիտութեան այս խոր զգացումներով ժողովուրդը ունկնդրեց Պետիկ Ինճէեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին նուիրուած երգերը` լիբանանահայ սիրուած երգիչ Ղազար Քէօշկէրեանի մեկնաբանութեամբ եւ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ դիտել տուաւ, թէ ոգեկոչելով հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն նշանակալից էջերէն մէկը` Մուսա Լերան հերոսամարտը, կը վերահաստատենք, որ ասիկա միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ հայ ժողովուրդին կամքին, արժանապատուութեան, միասնականութեան եւ գոյատեւելու վճռականութեան խորհրդանիշը: Ան աւելցուց, թէ մուսալեռցիները միայն զէնքի ուժով չպայքարեցան, այլ իրենց հաւաքական կամքով ընտրեցին արժանապատուութեամբ ապրելու, իրենց ինքնութիւնը պահպանելու եւ հայրենի հողին կառչած մնալու ուղին: «Այդ ոգիին շարունակութիւնը դարձաւ Այնճարը` Մուսա Լերան նոր տունը, հայկական բերդը, ուր սերունդէ սերունդ կը պահպանուին հերոսամարտի աւանդն ու ազգային դիմագիծը: Մուսա Լերան պատգամը յստակ է` չհրաժարիլ, չմոռնալ, չբաժնուիլ եւ հաւատարիմ մնալ այն հողին ու արժէքներուն, որոնց համար զոհուեցան մեր նահատակները», ըսաւ Պալապանեան:
ԿԿ-ի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ երբ կը խօսինք հողային արժէքներու մասին, չենք կրնար չխօսիլ նաեւ Հայաստանի մասին: Արդարեւ, Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարու հակադիր իրականութիւններ չեն, այլ նոյն ժողովուրդի կենսատարածքներն են` տարբեր դերերով ու պատասխանատուութիւններով: Առ այդ, Պալապանեան հիմնական նկատեց հեռու մնալ պառակտիչ քաղաքականութենէ, խտրութիւն չդնել հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն միջեւ, արժեւորել սփիւռքի ներուժը եւ զօրացնել հայրենի պետականութիւնը: Այս ծիրին մէջ ալ ան Մուսա Լեռը նկատեց միասնականութեան աղբիւր, պայքար` մեր իրաւունքներուն համար, հաւատք` ազգային մեր խորհրդանիշներուն ու ապագային հանդէպ, նաեւ յիշեցում` որ պատմութիւնը ոչ թէ վերաշարադրելու, այլ իւրացնելու եւ անոր պատգամը նոր սերունդներուն փոխանցելու պարտաւորութիւնը ունինք:
Ալպեր Պալապանեան շեշտեց, որ այսօր Մուսա Լերան ժառանգորդները` Այնճարէն մինչեւ Վագըֆ եւ մինչեւ հայրենի Մուսա Լեռ, կը շարունակեն հերոսներուն ուխտը` ազատութեան դրօշը բարձր պահելով եւ պայքարելով վաղուան հզօր ու միացեալ հայրենիքի համար: Ան դիտել տուաւ, որ այս պայքարը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջը, սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը եւ հայկական Այնճարի ազգային դիմագիծի պահպանումը: Առ այդ, ան եզրափակեց, որ Մուսա Լերան նահատակներուն յիշատակը, ուրեմն, միայն հպարտութեան աղբիւր չէ, այլ սերունդներուն փոխանցուած պարտաւորութիւն` պահպանելու մեր ինքնութիւնը, զօրացնելու հայրենիքն ու պետականութիւնը, ամրապնդելու սփիւռքի հայկական ներկայութիւնը եւ միասնական ուժով կերտելու վաղուան ամբողջական հայրենիքը:
Ապա ազգային հայրենասիրական երգերով մթնոլորտը խանդավառեց ու Մուսա Լերան ոգին գօտեպնդեց Ղազար Քէօշկէրեան:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Մուսա Լերան տհոլ զուռնայի կշռոյթներով կազմուած աւանդական շուրջպարով:








Leave a Reply