Առաջնորդը գնահատագիր շնորհեց «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մակի Մանկասարեան Գոշինին

Կիրակի, սեպտեմբեր 13ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, հիւրաբար ներկայ եղաւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադրութեան երեսնամեակի հանդիսութեան եւ այս առիթով գնահատագիր շնորհեց հայ տարեցներու «Արարատ Տուն» ապաստանարանի հովանաւորութիւնը վայելող «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ հետազօտական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Մակի Մանկասարեան Գոշինի, որուն մասին, գնահատանքի գիրին մէջ արձանագրուած էր հետեւեալը.

«Շնորհիւ ձեզի, տիկին Մանկասարեան Գոշին, անցնող տարիներուն, պատուաբեր այս կեդրոնը նաեւ գործակցութեան ողջունելի կամուրջներ հաստատեց Հայաստանի, հայկական Սփիւռքի եւ աշխարհի հայ ու օտար գիտնականներու, պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ ակադեմական շրջանակներու հետ՝ հայրենական, ազգային ու համամարդկային նշանակութիւն ունեցող պատմամշակութային հարստութիւն մը ժառանգ թողելով հայութեան ներկայ եւ գալիք բոլոր սերունդներուն համար»:

«Յատկապէս ա՛յս առումով բարձր կը գնահատենք ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը, որ տարաբախտ մեր նախնիներու կեանքին եւ դաժան ճակատագիրին վրայ լոյսի շերտեր ցանելով՝ գիտահետազօտական մակարդակի կը բարձրացնէք հայութեան բեկորային կեանքէն փրկուած գրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներու պատառիկներ եւ հնագոյն կամ օգտագործեալ իրեր եւ անոնց կու տաք վերակազմեալ կենսագրութիւն, պատմական խորք ու կնիք՝ այսպիսով առաւել եւս խթանելով բռնագրաւուած Արեւմտահայաստան հայրենիքի եւ սպանդ ու նախճիր ապրած արեւմտահայութեան եւ կիլիկեցի տարագիր սերունդներու եւ անոնց յաջորդներուն պահանջատիրական երակն ու ապրելու կամքը, նոր ժամանակներու լոյսին տակ»:

Իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատելով «Արարատ Տան» ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեանի, անդամներուն եւ ծառայողներուն գործունէութիւնը՝ լոսանճելըսահայ տարեցներուն վերջալուսային խաղաղ կեանք շնորհելու իրենց բծախնդիր մօտեցման մէջ, առաջնորդը ընդգծումով կարեւորեց «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ հետազօտական կեդրոնի բերած նպաստը՝ հայութեան ազգային, մշակութային եւ կրթական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս, հաստատութեան եւ անոր յարակից մասերուն մաղթեց անխափան շարունակականութիւն եւ վերելք, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին:

https://asbarez.am/archives/509234

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ