Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 21 սեպտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, որոշելու համար Խորհրդային Միութենէն անկախանալու հարցը:
Նախապէս արդէն, 23 օգոստոս 1990-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը:
«Ազդակ» շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով, «Հանրաքուէին պատասխանը չի կրնար ոչ ըլլալ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ապրող հայորդիները, այսօր21 սեպտեմբերին, վճռականօրէն «Այո՛» պիտի պատասխանեն այն հարցումին, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն, որ մեր հայրենիքը ըլլայ գերիշխան եւ անկախ երկիր մը, ազատ ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ կապանքէ եւ կաշկանդումէ:
«Հանրաքուէին արդիւնքին պէտք չունինքգիտնալու համար, թէ հայրենի մեր ժողովուրդը, թարգմանն ու արտայայտիչը ըլլալով ամբողջ հայութեան կամքին ու տեսլականներուն 100 առ հարիւր համեմատութեամբ թեր պիտի քուէարկէ իրեն ուղղուած ծանօթ հարցումին: Արդարեւ, կարելի՞ է երեւակայել ոեւէ հայ, ոեւէ քաղաքակա՛ն մարդ, որ «ոչ» պատասխանէ իր հայրենիքին անկախութեան գաղափարին:
«Այսօրուան հանրաքուէին արդիւնքը ծանօթ է այժմէն իսկ: Անիկա յստակ էր երէկ, անցեալին, աւելի քան դար մը առաջ, սկսեալայն օրէն, երբ օտարի լուծին տակ կքած ու արիւնաքամութեան վիճակին հասած հայը օր մը բարձրացուց իր գլուխը եւ հայ ֆետայիին հետ բացագանչեց «ազատութիւն կամ մահ»: 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէէն բազմաթիւ տարիներ առաջ, իր առաջին հանրապետութեան ծնունդ տուող Սարդարապատեան հերոսամարտէն առաջ ու անկէ ետք, հայը բազմիցս իր արիւնո՛վ «Այո՛» քուէարկեց ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի տեսլականին: Այդ քուէն կրկնուեցաւ խորհրդային համայնավար իշխանութիւններու ամէնէն դաժան հալածանքի օրերուն ալ, սփիւռքի տարածքին, թէ հայրենի հողին վրայ, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով, ի գին բազմահազար զոհերու եւ բազում զոհողութիւններու, չարենցներու եւ ճակատագրակիցներուն կեանքերուն»:
Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Հայաստանի խորհրդարանը այսօր անկախութիւն կը յայտարարէ» խորագիրով լուրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարան) այսօր նիստ մը պիտի գումարէ, պաշտօնապէս անկախ հռչակելու համար Հայաստանը: Խորհրդարանի այս յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ շաբաթ օր տեղի ունեցած հանրաքուէին արդիւնքին նուիրագործումը:
«Շաբաթ օր, Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր, աննախընթաց վիճակ մը` վերջին 70 տարիներուն»:
Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Հայաստան` անկախ Հանրապետութիւն» խորագրեալ լուրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարան) երէկ յետմիջօրէին անկախ հռչակեց Հայաստանը:
«Որոշումը տրուեցաւ միաձայնութեամբ: Անիկա կը բխի շաբաթ օր տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքէն. ծանօթ է, որ հանրաքուէին մասնակցողներուն հարց տրուած էր, թէ կ՛ուզե՞ն որ Հայաստանը դառնայ Խորհրդային Միութենէն անկախ եւ գերիշխան հանրապետութիւն մը: Հանրաքուէին մասնակցած էր քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 95 առ հարիւրը, որուն 99,3 առ հարիւրը «Այո» քուէարկած էր:
«Անկախութեան յայտարարութեան նիստը անցաւ տօնական եւ ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ: Երեսփոխանները միաձայնութեամբ հաստատեցին շաբաթ օրուան հանրաքուէին արդիւնքը, ծափահարութեամբ ողջունեցին յայտարարութիւնը եւ յոտնկայս երգեցին Հայաստանի քայլերգը:
«Ներկայ էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա.: Խորհրդարանի շէնքին մէջ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, ան օրհնեց անկախութեան հռչակման աքթը»:
Հայաստան դարձաւ Խորհրդային Միութեան միակ հանրապետութիւնը, որ անջատուեցաւ Միութեան հանրաքուէի մասին օրէնքի տառին ու իրաւական բոլոր փուլերուն համապատասխան չափանիշներով:




Leave a Reply