ՏՕՆԻԿ Տ.
«Դէպի արմատներ»-ը ֆիզիքական ճամբորդութիւն մը չէր միայն: Անիկա Հայաստանը (արեւմտեան մասը) ճանչնալու կողքին, դէպի ընտանեկան պատկանելիութեան զգացումի, պատմական յիշողութեան, վայրերու հարազատութեան, հողին արժանապատիւ վերադարձի, անկոտրում եւ յամառ կառչածութեան եւ բազմաթիւ այլ զգացումներու դրսեւորումն էր, արմատախիլ եղած հոգիի մը (կամ բազմաթիւ) վերադարձն է անոր ներաշխարհ:
Անշուշտ վերեւ նշուած իւրաքանչիւր «վերադարձ»-ի (ընտանեկան պատկանելիութեան զգացումի… եւ այլն) մասին կարելի է առանձին խօսիլ եւ ընդլայնել, սակայն այդ էական եւ կարեւոր չենք գտներ յատկապէս այստեղ, ուր բոլոր զգացումները ամփոփուած են արմատախիլ եղած արմատներու վերադարձի «ուրախութեան» զգացումին մէջ:
19-27 յուլիս 2026-ին «Դէպի արմատներ» (դէպի Արեւմտեան Հայաստան) այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Աւստրալիայէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն երիտասարդներ` հաւատալով նման ծրագիրի մը կարեւորութեան: Անոնք «հետքերու որոնման» 9 օրերու ընթացքին` Անիի, Վանի, Աղթամարի, Արտահանի, Սասունի, Մուշի, Տիգրանակերտի, Կարսի եւ Կարնոյ մէջ տեսան, ապրեցան, «վերադարձան» եւ կառչած մնացին Հայաստանի վիրաւոր մասերէն մէկուն, հայկական պատմական քաղաքներու, եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու եւ, ամէնէն կարեւորը, հայ մարդուն, որ ժամանակաւորապէս կ’ապրի յատուկ պայմաններու մէջ:

Ճամբորդութեան ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան այցելած շրջաններու պատմութեան եւ հայկական ժառանգութեան: Անոնք տեսան` եկեղեցիներ, վանքեր, բերդեր եւ պատմական բնակավայրեր: Այցելութիւնները նաեւ առիթ դարձան աւելի լաւ հասկնալու այն հարուստ հայկական կեանքը, որ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է այս տարածքներուն մէջ: «Դէպի արմատներ»-ը նաեւ երիտասարդներու պատմական գիտակցութիւնը ամրապնդելու նախաձեռնութիւն մըն է: Արեւմտահայաստանի պատմական վայրերը տեսնելը եւ անոնց մասին տեղւոյն վրայ տեղեկութիւն ստանալը մասնակիցներուն համար դարձաւ անմիջական եւ գործնական փորձառութիւն:
Տարբեր համայնքներէ եկած երիտասարդները այս օրերու ընթացքին ոչ միայն միասին այցելեցին պատմական վայրեր, այլ նաեւ ծանօթացան իրարու եւ նոր կապեր հաստատեցին:
Յամենայն դէպս կարելի չէ զգալ այդ ամբողջ ուժը, բոլոր ապրումները, յուզումները, «յարութիւն»-ը, արմատները, քաջութիւնն ու կամքը` առանց այցելութեան, առանց իսկապէս շօշափելու եւ տեսնելու Արեւմտեան Հայաստանը:
Այո՛, իւրաքանչիւր հայու համար կարեւոր է տեսնել Հայաստանի այդ բաժինը, կարեւոր է վերադառնալ «Դէպի արմատներ»: Կարեւոր է յատկապէս «հոն ապրողներ»-ուն եւ մենք մեզի ըսելու, որ պատմութեան համար 29, 111 կամ 150 տարին ակնթարթ մըն է, եթէ արմատները պահուին, եթէ կարենանք պահել, պահպանել…




Leave a Reply