Շուրջ 8-9 տարի սպասած էի Արեւմտեան Հայաստան այցելելու առիթի մը:
Այս ուխտերթը ինծի համար դարձաւ խորապէս յուզիչ եւ հոգեւոր ապրում: Մօտէն ծանօթանալով մեր նախնիներու հողին, սրբավայրերուն եւ տակաւին կանգուն ազգային ու մշակութային ժառանգութեան մնացորդներուն` զգացի մեր արմատներուն հետ ունեցած խորունկ կապս:
Այս ուխտերթը ինծի համար պարզ այցելութիւն մը չէր, այլ վերադարձ մը` դէպի մեր պատմութեան, մեր կարօտաբաղձեալ հողին ու ջուրին, ինչպէս նաեւ` մեր ինքնութեան հետ ոսկեայ կամուրջ մը, որ, վստահ եմ, պիտի շարունակէ աւելի եւս ամրապնդել ու խորացնել այս կապը:
ՂԱԶԱՐ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Պատմական Հայաստան այցելելը տարբեր անմոռանալի զգացումներ արթնցուց մէջս: Թէեւ ընդվզեցուցիչ էր անձամբ տեսնել մեր օտարացած շրջանները, բայց եւ այնպէս, սիրտս գոհացաւ, երբ մենք մեր պատմական հողերուն վրայ հայերէն երգեցինք, պարեցինք եւ աղօթեցինք: Այս փորձառութենէն հայրենասիրութիւնս աւելի ջերմացաւ, եւ գիտելիքներս ճոխացան, մանաւանդ երբ առիթը ունեցայ իմ նման հայրենասէր երիտասարդներու հետ ծանօթանալու:
ՎԱՐԱՆԴ
Ես այս ուղեւորութիւնը երբեք պիտի չմոռնամ կեանքիս մէջ: Անիկա ինծի համար շատ կարեւոր է` իբրեւ հայու: Հայ ըլլալը ինծի համար նաեւ քու արմատներդ ճանչցած ըլլալն է: Ես համոզուած եմ, որ այսօր աւելի հպարտ եմ հայ ըլլալով: Ամէն հայ պէտք է տեսնէ իր պապական հողերը, որպէսզի գիտնայ, թէ ինչո՛ւ նման այցելութիւն կարեւոր է մեր ինքնութեան համար: Ամէն հայու կ՛առաջարկեմ, որ երթայ ու տեսնէ իր հողերը:
ՍԵՏՐԻՔ ՄՈՄՃԵԱՆ
Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ժառանգորդի` պատմական հայրենիքի հողերուն վրայ կանգնիլը ինծի համար ուխտի եւ ինքնութեան վերագտնումի պահ մըն էր: Դժուար է այն զգացումը, երբ կը կանգնիս այն հողերուն վրայ, ուրկէ հայ ժողովուրդը բռնի կերպով արմատախիլ եղաւ, բայց երբեք չկորսնցուց այդ հողերուն հանդէպ իր պատկանելիութեան զգացումն ու կապը:
Ուխտագնացութեան ընթացքին բազմիցս մտածեցի այն Հայաստանին մասին, որ կրնար գոյութիւն ունենալ այսօր, եթէ տեղի չունենար Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, եւ մեր ժողովուրդը չզրկուէր իր պատմական հայրենիքի մեծագոյն բաժինէն:
Մտածեցի նաեւ, թէ ո՛ւր հասած կրնար ըլլալ հայ ազգը, եթէ արդարութիւնը յաղթանակած ըլլար, եթէ միջազգային հանրութիւնը գործադրած ըլլար իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ եթէ Ուիլսընեան Հայաստանի սահմանները իրականութիւն դարձած ըլլային:
«Դէպի արմատներ» ծրագիրը ինծի համար կենդանի հանդիպում մըն էր մեր անցեալին հետ, եւ այս հողերէն կը հեռանամ ոչ միայն յիշատակներով, այլ նաեւ նորոգուած ուխտով` հաւատարիմ մնալու մեր պատմութեան, մեր նահատակներուն եւ Հայ դատի արդար պահանջատիրութեան:
«Դէպի արմատներ» ուխտագնացութիւնը վերահաստատեց, որ մեր պայքարը տակաւին չէ աւարտած, եւ որքան տարիներ ալ անցնին, Սեւրի դաշնագիրով ու Իրաւարար վճիռով ճանչցուած Հայաստանը պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի սրբազան իրաւունքը:
ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
Այս ուխտագնացութիւնը ինծի համար պարզ ճամբորդութիւն մը չէր, այլ` մանկութենէս ի վեր ունեցած երազանքի իրականացում: «Դէպի արմատներ» ծրագիրին շնորհիւ` սեփական աչքերով տեսայ մեր պատմական հայրենիքի հողերն ու դարաւոր ժառանգութիւնը: Ամէն մէկ կանգառ ինծի պարգեւեց հպարտութիւն ու յուզում, բայց նաեւ խոր ցաւ` մեր պատմական կոթողներուն վիճակին դիմաց: Այդ հողին վրայ աւելի խոր զգացի նախնիներուս հետ կապս եւ հայ ինքնութեանս արժէքը: Իբրեւ ապագայ հայերէնի ուսուցչուհի` կը վերադառնամ աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ` մեր լեզուն, պատմութիւնն ու ազգային արժէքները նոր սերունդին փոխանցելու:
ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստան այցելելով` ունեցայ այն զգացումը, թէ կ՛այցելեմ, իբրեւ արեւմտահայ, իմ իսկական արմատներուս: Ունեցայ այն հոգեկան գոհունակութիւնը, որ այս հողը, որուն վրայ քալեցի, միեւնոյն հողն է, որ շաղուած է իմ նախահայրերուս քրտինքով եւ արեամբ: Կ՛ուզեմ անշուշտ երկրորդ անգամ ալ այցելել եւ մանաւանդ պիտի քաջալերեմ ամէն արեւմտահայու` անպայման այցելել այս հողերը եւ ունենալ այս նոյն զգացումները:
ԼԷԹԻՍԻԱ
Մեր պատմական հողերը տեսնելու երազանքս իրականացաւ «Դէպի արմատներ» ուխտագնացութեան ծրագիրով: Խոր պատկանելութեան զգացումներ յառաջացան այցելութեան ընթացքին` գիտնալով, որ մեր նախնիները այս հողերուն վրայ ապրած էին, սիրած էին այդ հողը եւ սերունդներ շարունակ իրենց կեանքը կառուցած էին այնտեղ: Հպարտութիւն զգացի` տեսնելով այն վայրերը, որոնք միշտ մաս կազմած են մեր պատմութեան: Արեւմտեան Հայաստան այցելութիւնս աւելի խոր ինքնութեան, յիշողութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումներ արթնցուց մէջս` պահպանելու եւ փոխանցելու նախնիներուս ժառանգութիւնը:
ԳԱՌՆԻ ՏԻՇՈՅԵԱՆ
Սկզբնական շրջանին երկմտանքի եւ տատամսումի մէջ էի, սակայն առաջին վայրկեանէն իսկ հասկցայ, որ բոլոր մտահոգութիւններս անտեղի էին: Այս ուխտագնացութիւնը եզակի առիթ մը դարձաւ իմ ու նախնիներուս միջեւ կապը ամրապնդելու: Բաւականին յուզիչ էր սեփական աչքով տեսնել բոլոր այն վայրերը, որոնց մասին կարդացած էի պատմութեան գիրքերուն եւ լսած հայրենասիրական երգերուն մէջ: Այս ծրագիրով հեռու թուացող երազանքս իրականացաւ, եւ հայրենասիրական ոգիս աւելի զօրացաւ:
ԱՒԵՏԻՍ
Ինծի համար մեծ պատիւ էր այս ուխտագնացութեան մասնակցիլը: Իրապէս երազ մըն էր, որ իրականացաւ: Ինչ որ բոլորը Հայոց պատմութեան գիրքերու մէջ տեսած են, մենք մեր աչքերով տեսանք: Հազիւ կոխեցի այս հողերուն` մեր հողերուն վրայ, ես ինծի յատուկ ձեւով կապուած զգացի, ինչպէս մէկը տուն կը վերադառնայ: Դժուար է մէկ տեղ ընտրել եւ ըսել, թէ աւելի սիրեցի, քան` մնացածը, որովհետեւ ամէն մէկը իր յատուկ պատմութիւնը եւ գեղեցկութիւնը ունէր: Այս ուղեւորութիւնը զիս աւելի մօտեցուց արմատներուս: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք նման առիթ տուին ինծի:
ՎԻԳԷՆ
Փոքր տարիքէն սորված ենք, խօսած ենք, երազած ենք Արեւմտահայաստանի մասին, բայց սեփական աչքերով տեսնելը բոլորովին ուրիշ զգացում էր: Ճամբորդութեան ժամանակ, երբ կը խօսէինք իրարու հետ, միշտ մէկը կ՛ըսէր` «Ես ինծի Հայաստանի մէջ կը զգամ», եւ ուրիշ մը անպայման կ՛աւելցնէր` «Բայց Հայաստանի մէջ ենք»: Լեռները, եկեղեցիները, լիճերը այնքա՜ն գեղեցիկ եւ այնքա~ն հարազատ էին, արդէն բոլորին ոգեւորուած` կը պատմեմ եւ կ՛ըսեմ, որ պէտք է առնուազն մէկ անգամ երթալ եւ տեսնել մեր հողերը, որպէսզի հասկնանք անոնց արժեքը:
Բացի մեր այցելած վայրերէն` ինծի համար նաեւ շատ կարեւոր են մարդիկ: Այս նախաձեռնութիւնը կրցաւ իր շուրջ հաւաքել այնպիսի երիտասարդներ, որոնք ունէին նոյն նպատակը` տեսնել մեր պատմական հողերը եւ ամրապնդել կապը մեր արմատներուն հետ: Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք խումբի անդամներուն հետ, եւ յոյս ունիմ, որ կրնանք մեր կապը պահել:
ԱՐԻՆ ՉՈՔԱՔԼԵԱՆ




Leave a Reply