Մրցանակատուչութիւն 2026

Այս տա­րուայ մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը պի­տի կա­յանայ 15 սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի օր, ժա­մը՝ 20.00-ին Հար­պի­յէ քա­ղաքա­պետա­րանի Մուհսին Էր­թուղրուլ թա­տերաս­րա­հին մէջ։

Ինչպէս ամէն տա­րի, այս տա­րի ալ Հրանդ Տին­քի ծննդեան օրը՝ 15 Սեպ­տեմբե­րը կը նշո­ւի յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով։

Սոյն մի­ջոցա­ռու­մը էակա­նօրէն մրցա­նակա­տու­չութեան հան­դէս մըն է, ուր կը յայ­տա­րարո­ւին տո­ւեալ տա­րուայ պար­գեւ ստա­ցող­նե­րը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութիւ­նով կազ­մա­կեր­պո­ւած Մի­ջազ­գա­յին մրցու­մի թեկ­նա­ծու­նե­րու անուննե­րը նա­խապէս կ՚առա­ջար­կո­ւին ան­հատնե­րու կամ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ։ Ամէն տա­րի մար­դու իրա­ւունքնե­րու, ոլոր­տին մէջ ներդրում ու­նե­ցած գոր­ծիչներ, կը գնա­հատո­ւին մի­ջազ­գա­յին դա­տակազ­մի մը կող­մէ, առա­ջար­կո­ւած այդ թեկ­նա­ծու­նե­րու մէ­ջէն։

Սո­վորա­բար ճշտո­ւած անուննե­րէն մէ­կը կ՚ըլ­լայ Թուրքիայէն, իսկ մէ­կը աշ­խարհի որե­ւէ երկրէ։

Այս տա­րուայ մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը պի­տի կա­յանայ 15 Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի օր, ժա­մը՝ 20.00-ին Հար­պի­յէ քա­ղաքա­պետա­րանի Մուհսին Էր­թուղրուլ թա­տերաս­րա­հին մէջ։

Օրո­ւայ հան­դի­սավարն է Շեպ­նեմ Հաս­սա­նիսօկ­հի։

Իսկ գե­ղարո­ւես­տա­կան բաժ­նին իրենց մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րեն՝ Մա­րալ Այ­վազ, Արի Պա­րոքաս եւ Սա­շա Սե­րափ։

Առա­ջար­կո­ւած մրցա­նակի յա­ւակ­նորդնե­րը կը ծա­նօթա­ցուին «Լոյ­սեր» խո­րագ­րեալ յա­տուկ բաժ­նի մը մէջ։

Մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը ու­ղիղ եթե­րի դրու­թեամբ պի­տի հա­ղոր­դո­ւի Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի ըն­կե­րային ցան­ցե­րէն։ Դահ­լի­ճի մէջ հե­տեւե­լու հա­մար կը պա­հան­ջո­ւի ար­ձա­նագ­րո­ւիլ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկին 0212 240 33 61 հե­ռախօ­սահա­մարով։

https://www.agos.com.tr/am/news/mrtsanagadvwchvwtiwn-2026-41815

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ