Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան երազն էր սեփական դպրոցի շէնքի մը կառուցումը:
Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանին դասաւանդութիւնները տեղի կ՛ունենային Ժողովրդային գրադարանի վերնայարկին մէջ:
Ուսումնասիրաց ընկերութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 1927-1928 կրթական տարեշրջանի աւարտին, 1928-ի ամրան որոշեց ձեռնարկել նոր դպրոցաշէնքի կառուցման:
Կեդրոնական վարչութիւնը ընդհանուր ժողովի հրաւիրեց Քեսապի կազմի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ դպրոցին յարակից մարմիններու եւ Տիկնանց մասնաճիւղի ներկայացուցիչները:
Ընդհանուր ժողովը քննութեան ենթարկեց դպրոցին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին պայմաններն ու կարելիութիւնները:
Ընդհանուր ժողովը եզրակացուց.
Ա.- Գրադարանի շէնքը այլեւս անբաւարար է դպրոցի չորս դասարաններու կարիքներուն.
Բ.- Վարժարանը վաւերացուած ըլլալով երկրի իշխանութիւններէն, պարտաւոր է լրացնելու պետութեան կրթական պահանջները.
Գ.- Քեսապ եւ արտասահման բնակող բազմաթիւ հայրենակիցներ լաւ տրամադրուած են դպրոցի քառամեայ արդիւնքներէն եւ տրամադիր են դպրոցի նոր շէնքի մը կառուցման գործին թիկունք կանգնելու եւ նիւթապէս զոհաբերելու:
Ընդհանուր ժողովը, բոլոր հանգամանքները քննելէ ետք, որոշեց.
Ա.- Անմիջապէս ձեռնարկել Ուսումնասիրացին պատկանող Թրոյի (Ուշբաղէն) կալուածի բլուրին վրայ դպրոցի նոր շէնքի մը կառուցման գործին.
Բ.- Սկսիլ համաքեսապցիական մակարդակի հանգանակութեան.
Գ.- Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայոց Ազգային իշխանութիւններն ու բարեսիրական հաստատութիւնները եւս մասնակից դարձնել դրամահաւաքի արշաւին:
Դպրոցաշինութեան ծրագիրի իրագործման համար Ընդհանուր ժողովը որոշեց հանգանակութեան գործին ղեկավարութիւնը յանձնել Կեդրոնական վարչութեան:
Ընդհանուր ժողովը այնուհետեւ շէնքի շինութեան յանձնախումբ մը ընտրեց: Յանձնախումբի անդամներն էին` Ծերոն Կարպուշեան, Բարունակ Յովսէփեան, Խաչիկ Զուպիկեան-Սարգիսեան, Մատաթիա Կարպուշեան, Փօլ Չիւրիքեան, Միսաք Կիրակոսեան եւ Սարգիս Ապտուլեան:
Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներէն հանգանակուեցաւ յիսուն անգլիական ոսկի, իբրեւ հիմնադրամ շէնքի շինութեան ծախսերուն:
***
Ուսումնասիրաց ընկերութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ընդհանուր ժողովին որոշումները Միացեալ Նահանգներու ինն մասնաճիւղերուն փոխանցեց եւ յանձնարարեց անյապաղ հանգանակութեան սկսիլ:
Կեդրոնական վարչութիւնը առանձին-առանձին նամակներ գրեց Հարաւային Ամերիկայի մէջ ապրող քեսապցիներուն, անոնց թելադրելով Ուսումնասիրացի մասնաճիւղեր կազմելու, հանգանակութիւն կատարելու եւ կամ իւրաքանչիւրը իր նուէրը Քեսապ` Կեդրոնական վարչութեան փոխանցելու:
Պէյրութ, Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Անտիոք եւ Ալեքսանտրէթ հաստատուած քեսապցիներու եւս նամակներ գրուեցան եւ ղրկուեցան, անոնց ալ թելադրելով հանգանակութիւն կատարելու եւ իրենց նուէրները Քեսապ` Կեդրոնական վարչութեան ղրկելու:
***
Ուսումնասիրացի դպրոցի նոր շէնքի հիմնարկէքը, Թրոյի բլուրին վրայ, կատարուեցաւ 26 օգոստոս 1928-ին:
Հիմնարկէքի արարողութեան Քեսապէն եւ գիւղերէն խուռն բազմութիւն հաւաքուած էր:
Առաջին բրիչը հողին զարկաւ ժողովրդային հերոս Տային` Ովսիա Սաղտըճեանը: Անոր կողքին կանգնած էին քաջ ֆետայի Վարդան Շահպազ եւ Սողոմոն Գէյփըթեան:
Արարողութեան ընթացքին հանգանակութիւն կատարուեցաւ եւ հարիւր օսմանեան ոսկի հաւաքուեցաւ:
***
Ուսումնասիրացի դպրոցի կառուցման աշխատանքները սկսան: Տայի, Վարդան Շահպազ եւ Սողոմոն Գէյփըթեան, բահով, բրիչով եւ լծակներով, եւ ամուր ժայռերուն դէմ պայքարելով, սկսան հիմերը փորել:
Տայիի գլխաւորութեամբ Քեսապէն եւ գիւղերէն բանուորներ եւ արհեստաւորներ հաւաքուեցան: Գիւղերէն եկողները արեւածագէն առաջ ճամբայ կ՛ելլէին եւ քալելով Քեսապ կը հասնէին: Օրուան աշխատանքէն ետք անոնք երեկոյեան քալելով կը վերադառնային:
Բանուորները օրն ի բուն մեղուաջան աշխատանք կը կատարէին. ժայռեր կը տապալէին, քարեր կը կտրէին եւ կը տաշէին, կիր կը պատրաստէին, աւազ եւ ջուր կը բերէին, շաղախ կը պատրաստէին եւ քարն ու շաղախը վարպետներուն կը հասցնէին: Աւազը Գալատուրանի ծովափէն եւ Տիւզաղաճէն ջորիներով կը բերուէր, իսկ ջուրը թիթեղներով Թրոյի աղբիւրէն կը փոխադրուէր:
***
Շինարարական աշխատանքները ընթացք առնելէն ետք Ուսումնասիրացի Կեդրոնական վարչութիւնը Քեսապի եւ գիւղերուն մէջ ընդհանուր հանգանակութեան ձեռնարկեց:
Ընդհանուր հանգանակութեան համար հանդիսութիւն կազմակերպուեցաւ: Ներկայ էին մօտաւորապէս 250 հոգի:
Հանդիսութենէն ետք Կեդրոնական վարչութիւնը նամակ գրեց Տիթրոյիթի մասնաճիւղին, ուր կ՛ըսուէր. «Ձեռնարկը մեր սպասածէն շատ աւելի արդիւնաւէտ եղաւ: Բոլոր գիւղերուն մէջ ջերմ հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ: Մօտ ատենէն ձեզի կը ղրկենք հանգանակութեան մասնակցողներուն անուանացանկը»:
***
Ուսումնասիրացի Կեդրոնական վարչութիւնը 1928 նոյեմբերի վերջաւորութեան Ամերիկա ղրկած մէկ նամակին մէջ կը գրէր. «Աւելի քան երկուքուկէս ամիս է, որ կանոնաւոր կերպով գործել կու տանք: Մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակենք գործել: Արդէն առաջին յարկը վերջացուցած ենք եւ սկսած երկրորդ յարկի շինութեան:… Մինչեւ այսօր ունեցած ենք օրական երեսունէն վաթսունհինգ աշխատող»:
Ուսումնասիրացի անդամ տոքթոր Կիրակոս Չիւրիքեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ամերիկայի ինը մասնաճիւղերուն մօտ գործիչ նշանակուեցաւ:
Տոքթոր Կիրակոս Չիւրիքեան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ էր: Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելու անոր որոշումը առիթ տուած էր Կեդրոնական վարչութեան զայն գործիչ նշանակելու: 1928-ի վերջաւորութեան ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ:
Տոքթոր Կիրակոս Չիւրիքեան ձեռնհասօրէն վարեց իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Ան Ուսումնասիրացի անդամակցութեան քարոզարշաւ կատարեց եւ զարկ տուաւ հանգանակութեան: Ան նաեւ երկու նոր մասնաճիւղեր կազմեց:
***
Դպրոցի շինարարական աշխատանքները ձմրան եղանակին դանդաղեցան եւ մասամբ կանգ առին:
Շինարարական աշխատանքները նոր թափով վերսկսան 1929-ի գարնան եւ մինչեւ աշնանամուտ իրենց աւարտին հասան:
Այսպիսով, 1929-1930 կրթական տարեշրջանի վերամուտին ամբողջացած էր դպրոցին երկրորդ յարկը` իր չորս դասարաններով, ընդարձակ սրահով եւ կղմինտրէ տանիքով:
***
Ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնը 1928-ի աշնան ներում շնորհեց Հայկական լեգէոնի լուծարքէն առաջ լեգէոնը ձգած կամաւորներուն:
Լեգէոնը ձգած կամաւորները բանակէն դասալիք կը նկատուէն, կը հետապնդուէին եւ ի բացակայութեան մահուան դատապարտուած էին:
Ժողովրդային հերոս Տայի ֆրանսական զինուորական իշխանութեան կողմէ քանի մը անգամ մահուան դատապարտուած էր իբրեւ «դասալիք» եւ «հրոսակ». իր գործած «յանցանք»-ները կրկնակի էին:
Հակառակ իր փախստական վիճակին Տայի ամէն տեղ էր եւ մինչեւ Անտիոք ու Մուսա Լեռ գացած էր: Ան ոչ տուն ունէր, ոչ ընտանիք: Մանկութեան որբացած, իսկ քոյրն ու եղբայրը Մեծ Եղեռնին կորսնցուցած էր: Ան յաճախ թոնրատուները կը գիշերէր:
Տայիին ներման գիր ստանալու համար ընկերները աշխատանք տարած էին եւ ֆրանսական Բարձր քոմիսէրը ստորագրած էր պաշտօնագիրը:
Ներման թուղթը ստանալու համար Տայի Անտիոք գնաց եւ ներկայացաւ զինուորական իշխանութեան:
Ներման թուղթը իրեն յանձնողը այն գնդապետն էր, որ քանի մը տարի առաջ Քեսապ այցելած եւ քեսապցիներու հիւրասիրութիւնը վայելած էր: Այդ հիւրասիրութեան ներկայ եղած էր Տային, եւ անոր ու գնդապետին աչքերը իրարու հանդիպած էին: Գնդապետը ճանչցած էր զայն, բայց չէր համարձակած բռնել:
Ներման թուղթը յանձնելու պահուն գնդապետը Տայիին ըսաւ. «Ես քեզ ճանչցայ»: Ապա աւելցուց. «Երբ մենք Քեսապ եկանք, սրահի մուտքի դրան առջեւ կանգնած անձը դուն չէի՞ր»:
Տայի պատասխանեց. «Այո՛, ես էի»:
Գնդապետը շարունակեց. «Եթէ քեզ փորձէի ձերբակալել, ի՞նչ պիտի ընէիր»:
Տայի ըսաւ. «Ատրճանակս քաշելով պիտի սպաննէի քեզ»:
Տայի իր խնամատարութեան յանձնուած որբերը տարիներ շարունակ գուրգուրանքով ու մեծ զոհողութիւններով պահած եւ հետագային ընտանիքներու մէջ տեղաւորած ու ամուսնացուցած էր: Երբ ներման արժանացաւ վերջին որբերը տակաւին նոր տեղաւորած էր: Ինք ամուսնացաւ 1929 ապրիլին, իր որբանոցի վերջին որբին` Մարի Ատուրեանի հետ:




Leave a Reply