Ապրուած օրեր. Ա. Կելիպոլի տուն թիւ 54

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Ամէն սփիւռքահայ ընտանիք ունի պատմութիւններ եւ յիշողութիւններ, որոնք դուրսէն լսողներուն երբեմն անհաւատալի կը թուին: Մեր ընտանիքին առաջին երկու սերունդները ժամանակ չգտան զանոնք գրի առնելու: Բարեբախտաբար անոնք բանաւոր աւանդութեամբ սերունդէ սերունդ փոխանցուեցան մինչեւ ինծի: Այսօր, սակայն, կը գիտակցիմ, որ որդիս անոնց մեծ մասը այլեւս չի գիտեր: Այդ պատճառով կը զգամ, թէ պարտք ունիմ ժամանակ գտնելու եւ զանոնք հայերէնով գրի առնելու: Եթէ ես չգրեմ, անոնք սփիւռքի 3-րդ սերունդին հետ պիտի կորսուին: Ահա անոնցմէ մէկը:

Մայրական մեծ մայրս` Ազատուհի Գալֆայեան, ծնած է 14 սեպտեմբեր 1915-ին, Կելիպոլի հայկական թաղամասի թիւ 54 տան մէջ, Բարսեղ եւ Կուտցի Արութեաններուն դուստրը: Ան ծնաւ դարաւոր հայկական համայնքի մը մէջ, որուն արմատները պատմաբաններ կը հասցնեն մինչեւ բիւզանդական ժամանակները: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ շուրջ 1200-1500 հայեր կ՛ապրէին Կելիպոլի մէջ` Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ շուրջ կազմելով կենսունակ համայնք մը: Այսօր այդ հայկական աշխարհէն գրեթէ ոչինչ մնացած է: Եկեղեցիները, դպրոցները եւ գերեզմանատուները անհետացած են, իսկ անոնց գոյութիւնը կը վկայեն միայն արխիւներու մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը, հին լուսանկարները եւ վերապրողներուն յիշողութիւնները:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Կելիպոլիի շուրջ 1200-1500 հայ բնակիչները կեդրոնացած էին Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ շուրջ: Դարեր շարունակ Կելիպոլը տունը եղած էր բազմաթիւ հայ ընտանիքներու, որոնցմէ մէկն ալ Արութեաններն էին:

Ի տարբերութիւն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող անհամար հայ ընտանիքներու, Արութեանները Կելիպոլի մէջ վերապրեցան Ցեղասպանութեան տարիները: Սակայն անոնց ճակատագիրը պիտի որոշուէր պատերազմին յաջորդող տարիներուն:

Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը աւարտեցաւ եւ Դաշնակից գրաւող ուժերը հասան Կելիպոլ, անոնց ֆրանսացի հրամանատարը իր բնակութեան համար յարմար տուն մը կը փնտռէր: Մեծ մօրս` Ազատուհի Գալֆայեանի ականատես վկայութեան համաձայն, քաղաքը շրջելէ ետք անոր աչքը ինկաւ Արութեաններուն ընդարձակ տան վրայ: Ան առանց երկմտելու զայն գրաւեց իբրեւ իր բնակարանը: Իսկ Բարսեղ եւ Կուտցի Արութեանները, իրենց զաւակներուն հետ միասին, ստիպուեցան լքել իրենց օճախը եւ բնակիլ կից ախոռին մէջ:

Կուտսի խանումին համար այս ստորացումը անտանելի էր: Ինչպէս ինք պատմած էր իր աղջկան` Ազատուհիին, իսկ մեծ մայրս` իր հերթին մօրս, Կուտսի խանում վերջապէս որոշեց, որ այլեւս բաւական էր: Օր մը ան թունաւորեց ֆրանսացի հրամանատարին այն թանկագին կատուն, զոր ան ամէն օր գուրգուրանքով կը փայփայէր եւ իր գիրկը կ՛առնէր:

Ան երբեք զղջումով չէր պատմեր այս դէպքը: Ընդհակառակը, կը պատմէր այն հանդարտ հպարտութեամբ, որ միայն իր արժանապատուութիւնը չզիջած կին մը կրնար ունենալ:

Ըստ մեծ մօրս, հրամանատարը կատղեցաւ: Ան անմիջապէս հրամայեց Արութեան ընտանիքին արտաքսումը Կելիպոլիէն: Անոնք նաւ դրուեցան եւ աքսորուեցան դէպի Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, իրենց ետին ձգելով այն քաղաքը, ուր իրենց ընտանիքը սերունդներ շարունակ ապրած էր: Եւ այսպէս, մայրական ընտանիքս հեռացաւ Կելիպոլիէն, որ Արեւելեան Թրակիոյ հայկական ու քրիստոնէական կարեւորագոյն բնակավայրերէն մէկն էր: Ոչ թէ Ցեղասպանութեան պատճառով, որուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութենէն բռնի հեռացան անհամար հայ ընտանիքներ, այլ` աքսորի մը ճամբով, որ սկիզբ առաւ պատերազմով, օտար գրաւումով եւ Կուտցի խանումի յանդուգն արարքով, որ զիրենք հեռացուց իրենց տունէն, քաղաքէն ու կեանքէն:

Կուտցի խանում այլեւս երբեք չվերադարձաւ Կելիպոլ: Ան մահացաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ 1952-ին եւ այսօր կը հանգչի Շաթպիի հայկական գերեզմանատան մէջ` հեռու այն քաղաքէն, ուր ծնած էր եւ կը կարծէր, թէ պիտի ծերանար: Մինչեւ իր կեանքին վերջը «ախսըզ» մնաց: Մայրս կը պատմէ, թէ ամէն Նոր տարուան գիշեր իր ատամներով ընկոյզ կը կոտրէր:

Տասնամեակներ շարունակ Կելիպոլը գոյութիւն ունէր միայն մեր ընտանեկան յիշողութիւններուն մէջ:

Ապա, գրեթէ մէկ դար անց, պատմութիւնը անսպասելիօրէն արձագանգեց:

2002-ին մեծ հօրս` Տիրան Գալֆայեանի մահէն երկու տարի ետք, ծնողքս ութսունեօթը տարեկան մեծ մայրս Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարան տարին: Ան կը պատրաստուէր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալու, եւ իրեն անհրաժեշտ էր ծննդեան վկայականի մը պաշտօնական պատճէնը: Ծնողքիս մեծ զարմանքին, հիւպատոսարանի պաշտօնեան համակարգիչին միջոցով մուտք գործեց թրքական քաղաքացիական արխիւները եւ քանի մը վայրկեան ետք անոնց յանձնեց մեծ մօրս ծննդեան վկայականին վաւերացուած պատճէնը:

Տարիներ անց, օր մը հայրենադարձ մօրս Երեւանի տունը գացած էի տոլմա ուտելու: Զրոյցի ընթացքին, կարծես պատահմամբ, ան յիշեց այդ դէպքը, ապա պահարանէն հին ծրար մը հանեց եւ ինծի երկարեց: Ներսը մեծ մօրս ծննդեան վկայականին վաւերացուած պատճէնն էր` 1915-ին Կելիպոլի մէջ կատարուած ծննդեան արձանագրութեամբ:

Փաստաթուղթը պարզ էր: Անոր վրայ արձանագրուած էին` մեծ մօրս անունը, ծննդեան թուականը, ազգութիւնը, ծննդավայրը եւ հասցէն` Տուն թիւ 54, Կելիպոլ: Այդ մէկ տողը հարիւր տարուան հեռաւորութենէն կը հաստատէր մայրական ընտանիքիս մէկ կողմի պատմութիւնը:

Ութսունեօթը տարի անցած էր: Հայկական թաղամասը այլեւս գոյութիւն չունէր: Անոր 1200 հայ բնակիչները վաղուց ցրուած էին աշխարհի չորս կողմերը եւ կամ կոտորուած: Իսկ Կուտսի խանում արդէն կէս դար առաջ հանգչած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ: Սակայն այդ փխրուն փաստաթուղթը վերապրած էր:

Այսօր այդ ծննդեան վկայականը պարզապէս պաշտօնական փաստաթուղթ մը չէ: Ան թերեւս վերջին պաշտօնական վկան է, որ կը հաստատէ, թէ ժամանակին Կելիպոլի հայկական թաղամասին մէջ, Տարտանելին նայող բարձունքին վրայ գտնուող թիւ 54 տունը Բարսեղ Արութեանի հայ ընտանիքին օճախն էր:

Տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձած է ամառնային արձակուրդիս մէկ մասը անպայման անցընել Յունաստանի Սալոնիքի մօտ գտնուող Հալքիտիքի թերակղզիին վրայ, ուր մտերիմ բարեկամներ ունիմ: Ամէն անգամ, երբ դէպի Եգէական ծովը կը նայիմ, անբացատրելի ծանօթութիւն մը կը զգամ: Այդ զգացումը դժուար է բառերով նկարագրել: Թերեւս անիկա Արեւելեան Թրակիայէն ու Զմիւռնիայէն ինծի հասած մայրական ժառանգութեան արձագանգն է: Կամ գուցէ` Կուտցի խանումին աննկուն հոգիէն ինծի հասած լուռ ժառանգութիւնը, որ Արեւելեան Թրակիոյ յունական ափին մէջս կը տրոփէ:

Մեր տունը օսմանահայու տուն էր: Անոր մէջ արեւմտահայերէնի կողքին կը հնչէին` յունարէնը, ֆրանսերէնը, թրքերէնը եւ անգլերէնը: Մայրական մեծերս երբեք «միայն արեւմտահայերէն խօսեցէք»-ի մտահոգութեամբ կաշկանդուած չէին: Անոնք իրենց կենցաղով, կրթութեամբ եւ աշխարհայեացքով խորապէս միջերկրածովեան եւ եւրոպական մշակոյթի մարդիկ էին: Այդ ինքնութիւնը իրենց համար երբեք ցուցադրութիւն չէր, այլ` բնական վիճակ մը: Այդ պատճառով ալ անոնք Լիբանանի 1970-ական թուականներու «մաքուր արեւմտահայերէն»-ի ուղղամիտ մթնոլորտին մէջ քիչ մը «թօաֆ» կը թուէին: Տիկին Ազատը ճանչցողները ըսածս կը հասկնան:

Թէ պատմութիւնը կը յիշէ՞ ֆրանսացի հրամանատարն ու իր կատուն, այսօր այլեւս էական չէ: Բայց քանի դեռ Կուտցի խանումին պատմութիւնը կը պատմենք, Տուն թիւ 54-ը պիտի շարունակէ ապրիլ:

Է՛յ  վալլա՜հ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ