Հայաստանի մէջ «Թրամփի ուղի»ի նախագիծի իրականացումը առիթ պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ենթակառուցուածք տեղակայել անմիջապէս Իրանի սահմանին մօտ։ Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցովը։
«ՌԻԱ Նովոսթի»ի համաձայն՝ ան ըսաւ, որ այս ուղին կարելիութիւն պիտի տայ ամերիկացիներուն տեղակայել իրենց զօրքերը կամ մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնները, հետախուզական ենթակառուցուածքը անմիջապէս Հայաստանի տարածքին մէջ եւ Իրանի սահմանի անմիջական մերձակայքը։




Leave a Reply