Արեւելեան Ամերիկայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նիւթական յատկացումով եւ «Շիրակեան (Արցախ ֆոնտ)» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կ՛իրականացուի Մարաշի ասեղնագործութեան ուսուցում:
Ծրագրի կարեւորագոյն նպատակն է Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած կիներու Մարաշի ասեղնագործութեան ուսուցման միջոցով ապահովել մնայուն աշխատանքով եւ կարելիութիւն ընձեռել տան պայմաններու մէջ արտադրութիւն ստեղծել եւ ունենալ կայուն եկամուտի աղբիւր:
Միեւնոյն ժամանակ նախաձեռնութիւնը միտուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Մարաշի ասեղնագործութեան պահպանման, վերականգնմանն ու սերունդներուն փոխանցելու գործին:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի երկու խումբերով, շաբաթական 4 դասընթացքով: Ծրագրին կը մասնակցին 18-62 տարեկան արցախցիներ:
Մասնակիցները կարելիութիւն կը ստանան սորվելու եւ կատարելագործելու իրենց ձեռագործութեան հմտութիւնները, ստեղծելու որակեալ աշխատանքներ եւ արտադրանք` հետագային զանոնք իրացնելու միջոցով ունենալու սեփական եկամուտի աղբիւր:
Այս ծրագիրը պարզապէս ասեղնագործութեան խմբակ չէ: Այն աջակցութեան, աշխատանքի, արժանապատուութեան եւ նոր կարելիութիւններու ստեղծման նախաձեռնութիւն է:




Leave a Reply