Ոգեւոր ուխտագնացութիւն դէպի Աղթամար

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ։

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 6 Սեպտեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Նորին Ամենապատուութիւնը 4 Սեպտեմբեր 2026, Ուրբաթ, միջօրէի թռիչքով, մեկնեցաւ Վան՝ Աղթամարի ուխտագնացութեան եւ Ս. Պատարագին նախագահելու համար։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Մինչ այդ, Վան մեկնեցան նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի գլխաւորութեամբ սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի գլխաւորութեամբ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։

Սպասարկողներու խումբը Շաբաթ հասաւ Վան եւ մեկնեցաւ Աղթամար Կղզի, ուր կատարուեցան անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները։ Փոխադրուեցան եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները, զարդարուեցաւ Ս. Սեղանը։

ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեկոյեան Նահանգապետարանի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։

Այս այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան: Ներկայ էին նաեւ Վանի երեսփոխաններ Պուրհան Քայաթիւրք եւ Քայհան Թիւրքմէնօղլու, Վանի զինուորային հրամանատար Զօրավար Միւճահիթ Ավքըրան:

Մեծայարգ Կուսակալը Նորին Ամենապատուութեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի եւս առիթը ներկայացաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ որ սոյն ուխտագնացութեան առիթով պարտականութիւն համարած է յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։

6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2026, ԿԻՐԱԿԻ

Ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն, յատկապէս ԱՄՆ-էն ուխտաւորներու խումբեր ճամբայ ելան դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։

Նոյն առթիւ, ուխտագնացութեան մաս կազմեց նաեւ ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան:

Առաւօտեան ժամը 09.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Ժամը 10.30-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանը։

Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

ՔԱՐՈԶ

Տէրունական Աղօթքէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդածութիւն կատարեց «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. Սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ» (Շարական) բնաբանով: Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչի եւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի շինութեան մասին: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս եկած էր Աղթամար՝ աւանդական դարձած ուխտագնացութեան նախագահելու եւ Ս. Պատարագով ուխտագնացութիւնը իր գագաթին հասցնելու: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին, Վանի Կուսակալ Օզան Պալճըին, զինուորական հրամանատարներուն, Վանի Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Տնօրէնութեան եւ այս օրուան կազմակերպութեան ներդրում ունեցող բոլորին: Ապա մեր Հոգեւոր Պետը քարոզելու հրաւիրեց պատարագիչ Սրբազան Հայրը, որ ուխտաւորաբար եկած էր:

Ապա մեր Հոգեւոր Պետին ուղղեալ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց պատարագիչ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան:

Ապա Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ. «Այս առաւօտ մեր նաւը կը ճեղքէր Վանայ լիճի ջուրերը՝ ուղղուելով դէպի Աղթամար կղզի եւ Սուրբ Խաչ վանք։ Այդ անցումին կէսին, երբ ամէն կողմ ջուր էր, յանկարծ ինքզինքս գտայ աղօթելով այն խօսքերով, զորս գրած էր մէկը, որ այս լիճը ինձմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնար՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։

Սուրբ Գրիգոր իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նարեկավանքին մէջ՝ այս նոյն լիճի հարաւային ափին։ Տարիներ շարունակ ան դիտեց լիճը՝ օր մը խաղաղ, ուրիշ օր մը՝ ալեկոծ։ Ժամանակի ընթացքին լիճը կարծես դարձաւ մարդկային հոգիին հայելին՝ երբեմն հանդարտ, երբեմն փոթորկոտ եւ երբեք ամբողջովին կանխատեսելի։

Երբ նաւուն տախտակամածին վրայ կանգնած կը դիտէի ալիքները, անոր դարաւոր աղօթքը յանկարծ կենդանացաւ.

«Կեանքի Փայտովդ՝ Խաչովդ, հանդարտեցուր իմ փոթորկած ծովերս։ Որովհետեւ, եթէ ողորմութիւնդ կամենայ, Տէ՛ր, ծովուն հոսուն ալիքները քարաժայռէն աւելի հաստատուն կը դառնան։

Բայց եթէ զիս լքես նոյնիսկ ցամաքի վրայ, Տէ՛ր, այն հողը, որուն վրայ կանգնած եմ, պիտի շարժի եւ փլի ոտքերուս տակ»։

Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ խաղաղութիւն պիտի գտնենք, երբ ամէն ինչ վերջապէս հաստատուն դառնայ՝ երբ հիւանդութիւնը անցնի, տարակարծութիւնը վերջ գտնէ, նիւթական դժուարութիւնը լուծուի, կամ ապագան յստականայ։ Շարունակ կը սպասենք հաստատուն գետնի։

Սակայն Սուրբ Գրիգորի աղօթքը գլխիվայր կը շրջէ մեր մտածելակերպը։ Առանց Աստուծոյ՝ նոյնիսկ ցամաքը կրնայ փլիլ մեր ոտքերուն տակ։ Իսկ Քրիստոսի ներկայութեամբ՝ փոթորկոտ ջուրերն անգամ կրնան հաստատուն գետին դառնալ։

Պետրոս այս ճշմարտութիւնը ապրեցաւ, երբ Յիսուս զինք նաւէն դուրս կանչեց։ Յիսուս նախ ծովը չհանդարտեցուց։ Պարզապէս ըսաւ. «Եկո՛ւր» (Մատթէոս 14.29)։ Պետրոս ոտք դրաւ ջուրին վրայ, որ տակաւին կը շարժէր եւ տակաւին վտանգաւոր էր։ Իր ապահովութիւնը ոտքերուն տակ չէր։ Իր ապահովութիւնը զինք կանչող ձայնին մէջ էր։

Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական հաւատքը. ոչ թէ վստահ ըլլալ, որ ջուրերը պիտի հանդարտին, այլ վստահ ըլլալ, որ Քրիստոս երբեք մեզ պիտի չլքէ։

Թերեւս այսօր քու ոտքերուդ տակ գետինը կը շարժի։ Թերեւս ապագան անորոշ կը թուի։ Ապահովութիւնդ մի՛ չափեր կեանքիդ արտաքին հանդարտութեամբ։ Աչքերդ Քրիստոսի վրայ պահէ՛։ Փորձէ՛ փոթորիկի ձայնէն անդին լսել Անոր ձայնը։ Առ հաւատքի յաջորդ քայլը, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ ոտքերուդ տակ անկայուն կը թուի։

Որովհետեւ մեր ապահովութիւնը չի գար այն բանէն, որ մեր ոտքերուն տակ է, այլ Անկէ, որ մեր կողքին կը քալէ»։

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, Ս. Հաղորդութիւն ստացան։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։

Ապա Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան արարողութիւնները։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը վերադարձան Վան։

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1073094468689130 ):

Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն երեկոյ վերադարձան Ստանպուլ։

https://www.facebook.com/TRHayBad 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ