Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական ծրագրին, ուրբաթ, սեպտեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ բեմադրիչ Աշոտ Պօղոսեանի՝ «Սիւնիք՝ Հայաստանի Վերջին Սահմանը» (Syunik: The Last Border of Armenia) ֆիլմին ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ բեմադրիչը։
Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Կրոս» շէնքին թիւ 101 սենեակին մէջ։ Մուտք ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել կայքէջը։




Leave a Reply